Քրիստոս մեզի համար չարչարուեցաւ
«Անիկա մարդոցմէ անարգուեցաւ ու երեսէ ձգուեցաւ. . . ։ Մենք զանիկա վիրաւորուած, Աստուծմէ զարնուած ու չարիքի հանդիպած սեպեցինք»։
-
Յիսուս անարգուեցաւ եւ դատապարտուեցաւ որպէս հայհոյիչ։ Կարգ մը մարդիկ կարծեցին որ Աստուած Յիսուսը կը պատժէր. կարծես զինք կը զարնէր գարշելի հիւանդութեամբ մը։
«Տէրը հաճեցաւ, որ ան ճզմուի. . . ու Տէրոջը կամքը անոր ձեռքով պիտի յաջողի»։
-
Անկասկած Եհովային դժուարին գնաց, երբ տեսաւ իր Որդիին մահը։ Բայց ան ուրախացաւ երբ Յիսուսին բացարձակ հաւատարմութիւնը տեսաւ։ Յիշենք որ Սատանան Աստուծոյ ծառաներուն հաւատարմութիւնը հարցականի տակ դրած էր. Յիսուսի մահը այս հարցին շուրջ պատասխան տուաւ եւ զղջացող մարդոց օգուտներ բերաւ։ Այսպիսով, Յիսուսի մահը օգնեց որ «Տէրոջը կամքը» կատարուի։