Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ

Մեր հրատարակութիւնները իմաստութեամբ գործածէ

Մեր հրատարակութիւնները իմաստութեամբ գործածէ

Յիսուս ըսաւ. «Ձրի առեր էք, ձրի տուէք» (Մատ. 10։8)։ Մենք այդ յստակ ուղղութեան կը հետեւինք՝ երբ Աստուածաշունչի կամ անոր վրայ հիմնուած հրատարակութիւններու փոխարէն մարդոցմէ դրամ չենք առներ (Բ. Կոր. 2։17)։ Ասով հանդերձ, այս հրատարակութիւններուն մէջ կան Աստուծոյ Խօսքէն առնուած թանկարժէք ճշմարտութիւններ։ Շատ ջանք կը թափուի եւ մեծ ծախսի կը նայի, որ հրատարակութիւնները տպուին եւ առաքուին աշխարհի բոլոր ժողովքներուն։ Անոր համար, պէտք է միայն մեզի պէտք եղած քանակը առնենք։

Խորատես եղիր երբ ուրիշներուն հրատարակութիւն կու տաս, նոյնիսկ հանրային վկայութեան ատեն (Մատ. 7։6)։ Անցորդին պարզապէս հրատարակութիւն տալու տեղ, ջանք թափէ որ անոր հետ խօսիս՝ գիտնալու համար որ հետաքրքրուած է թէ ոչ։ Արդեօք այս տուփիկին մէջ նշուած հարցումներէն գոնէ մէկուն պատասխանդ այո՞ է։ Եթէ չես գիտեր թէ անհատը հետաքրքրուած է կամ ոչ, լաւագոյն բանն է իրեն թերթիկ տալ։ Անշուշտ եթէ անհատը պարբերաթերթ կամ ուրիշ հրատարակութիւն մը խնդրէ, սիրով իրեն կու տանք (Առ. 3։27, 28