ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ
Մեր յոյսով ուրախանանք
Յոյսը խարիսխի նման է (Եբ. 6։19)։ Անիկա մեզի կ’օգնէ որ «ալեկոծ ծովեր»ու վրայ հոգեւոր նաւակոծութեան չհանդիպինք (Ա. Տիմ. 1։18, 19)։ Ալեկոծ ծովերուն մէջ կրնան ըլլալ՝ յուսախաբութիւններ, նիւթական կորուստ, երկարատեւ հիւանդութիւն, սիրելիի մը մահը կամ որեւէ վտանգ որ մեր ուղղամտութեան կը սպառնայ։
Հաւատքն ու յոյսը մեզի կ’օգնեն որ խոստացուած վարձատրութիւնը յստակօրէն տեսնենք (Բ. Կոր. 4։16-18. Եբ. 11։13, 26, 27)։ Ուրեմն պէտք է միշտ ջանանք ամուր պահել մեր յոյսը,– ըլլայ անիկա երկնային կամ երկրային,– խոկալով Աստուծոյ Խօսքին մէջ նշուած խոստումներուն վրայ։ Այսպէս, երբ փորձութիւնները մեզ նեղացնեն, մեր ուրախութիւնը պահելը աւելի դիւրին պիտի ըլլայ (Ա. Պետ. 1։6, 7)։
ԴԻՏԷ ՅՈՅՍՈՎ ՈՒՐԱԽԱՆԱԼ ՏԵՍԱԵՐԻԶԸ ԵՒ ՅԵՏՈՅ ՊԱՏԱՍԽԱՆԷ ԱՅՍ ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒՆ.
-
Մովսէս ինչո՞ւ մեզի համար լաւ օրինակ մըն է։
-
Ընտանիքի գլուխները ի՞նչ պատասխանատուութիւն ունին։
-
Ընտանեկան պաշտամունքի յայտագրիդ մէջ ի՞նչ նիւթեր կրնաս նկատի առնել։
-
Յոյսը ինչպէ՞ս կրնայ քեզի օգնել որ խնդիրներդ վստահութեամբ դիմագրաւես։
-
Ի՞նչ բաներու անձկագին կը սպասես։