Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ

«Պատուէ՛ քու հայրդ ու մայրդ»

«Պատուէ՛ քու հայրդ ու մայրդ»

Երբ Յիսուս երկրի վրայ էր, այս պատուէրը շեշտեց. «Պատուէ՛ քու հայրդ ու մայրդ» (Ել. 20։12. Մատ. 15։4)։ Վստահաբար Յիսուս խօսելու ազատութիւնը ունէր, քանի որ ան որպէս պատանի իր ծնողներուն «հնազանդ էր» (Ղուկ. 2։51)։ Իսկ իր չափահաս տարիքին, ան կարգադրութիւն ըրաւ որ իր մեռնելէն ետք իր մօր լաւ հոգ տարուէր (Յովհ. 19։26, 27

Ներկայիս ալ, քրիստոնեայ պատանիներ՝ որոնք իրենց ծնողներուն կը հնազանդին եւ անոնց հետ յարգանքով կը խօսին, զանոնք կը պատուեն։ Եւ մեր ծնողներուն պատիւ տալու պատուէրը միայն որոշ ժամանակի համար չէ։ Նոյնիսկ երբ մեր ծնողները ծերանան, պէտք է շարունակենք զանոնք պատուել՝ իրենց իմաստութենէն օգտուելով (Առ. 23։22)։ Մենք մեր տարեց ծնողները կը պատուենք նաեւ երբ իրենց զգացական եւ դրամական պէտքերը կը հոգանք (Ա. Տիմ. 5։8)։ Ըլլանք երիտասարդ կամ տարեց, մեր ծնողները կը պատուենք նաեւ երբ անոնց հետ լաւ հաղորդակցութիւն պահպանենք։

ԴԻՏԷ ԻՆՉՊԷ՞Ս ԿՐՆԱՄ ԾՆՈՂՔԻՍ ՀԵՏ ԽՕՍԻԼ ՎԻՏԷՈՆ ԵՒ ՅԵՏՈՅ ՊԱՏԱՍԽԱՆԷ ԱՅՍ ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒՆ։

  • Ինչո՞ւ թերեւս քեզի համար դժուար ըլլայ ծնողքիդ հետ խօսիլ։

  • Ինչպէ՞ս կրնաս ծնողքդ պատուել, մինչ անոնց հետ կը խօսիս։

  • Ինչո՞ւ կ’արժէ ջանք թափել որ ծնողքիդ հետ խօսիս (Առ. 15։22

    Ծնողքիդ հետ խօսիլը կրնայ քեզի օգնել որ յաջող կեանք մը վարես