Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ | ՄԱՏԹԷՈՍ 14-15

Քիչերու միջոցաւ շատեր կերակրել

Քիչերու միջոցաւ շատեր կերակրել

Ք.Ե. 32–ի Պասեքէն քիչ առաջ, Յիսուս հրաշք ըրաւ։ Անիկա միակ հրաշքն է որ չորս աւետարանագիրները արձանագրած են։

Այս հրաշքին միջոցաւ, Յիսուս դրաւ օրինակ մը, որուն ներկայիս կը շարունակէ հետեւիլ։

14։16-21

  • Յիսուս իր աշակերտներուն ուղղութիւն տուաւ, որ բազմութիւնները կերակրեն, հակառակ անոր որ աշակերտները միայն հինգ նկանակ եւ երկու ձուկ ունէին։

  • Յիսուս նկանակներն ու ձուկերը առաւ եւ աղօթելէ ետք սկսաւ աշակերտներուն բաժնել։ Իսկ աշակերտներն ալ ժողովուրդին բաժնեցին։

  • Հրաշալիօրէն, պէտք եղածէն աւելի՛ ուտելիք կար։ Յիսուս քիչերու՝ իր աշակերտներուն՝ միջոցաւ հազարաւորներ կերակրեց։

  • Յիսուս մարգարէացաւ, որ վերջին օրերուն ան պիտի նշանակէր խողովակ մը, որ ատենին հոգեւոր կերակուր պիտի տար (Մատ. 24։45

  • 1919–ին, Յիսուս նշանակեց «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառան»,– օծեալ քրիստոնեաներու պզտիկ խումբ մը,– «իր ծառաներուն վրայ». այսինքն՝ անոնց վրայ, որոնք հոգեւոր սնունդ կը ստանան։

  • Օծեալ քրիստոնեաներու այս պզտիկ խումբին միջոցաւ, Յիսուս առաջին դարուն իր դրած օրինակին կը հետեւի։

Ինչպէ՞ս կրնամ ցոյց տալ, որ կ’ընդունիմ եւ կը յարգեմ այն խողովակը, որ Յիսուս ներկայիս կը գործածէ իր ժողովուրդը հոգեւորապէս կերակրելու համար։