Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ

Ծառայութեան մէջ հմտութիւնդ բարելաւէ. Ազդու հարցումներ հարցնել

Ծառայութեան մէջ հմտութիւնդ բարելաւէ. Ազդու հարցումներ հարցնել

ԻՆՉՈ՛Ւ ԿԱՐԵՒՈՐ Է։ Եթէ «մարդու մը սրտին խորհուրդը խորունկ ջուրերու պէս է», ուրեմն հարցումներն ալ այդ խորհուրդը դուրս հանելու դոյլի մը պէս են (Առ. 20։5)։ Հարցումները կ’օգնեն, որ մեզի մտիկ ընողները քննարկուած նիւթին մասնակցին։ Ընդհանրապէս երբ լաւ ընտրուած հարցումներ հարցնենք, անհատին պատասխանը կրնայ մեզի գաղափար տալ իր մտածումներուն մասին։ Յիսուս ազդու հարցումներ հարցուց։ Ինչպէ՞ս կրնանք իր օրինակին հետեւիլ։

ԻՆՉՊԷ՛Ս ԸՆԵԼ։

  • Անհատին կարծիքը հարցուր նիւթի մը շուրջ։ Յիսուս ետեւ–ետեւի հարցումներ հարցուց՝ իր աշակերտներուն կարծիքը գիտնալու համար (Մատ. 16։13-16. կօ էջ 238 պարբ. 3-5)։ Ի՞նչ հարցումներ կրնաս ուղղել անհատին կարծիքը գիտնալու համար։

  • Հարցումները այնպէս մը հարցուր, որ անհատին օգնես որ ճիշդ եզրակացութեան հասնի։ Պետրոսին մտածումը սրբագրելու համար, Յիսուս հարցումներ հարցուց եւ հաւանական պատասխաններ տուաւ, ինչ որ Պետրոսին օգնեց որ ճիշդ եզրակացութեան հասնի (Մատ. 17։24-25)։ Ի՞նչ հարցումներ կրնաս հարցնել, որ անհատը ճիշդ եզրակացութեան հասնի։

  • Անհատը գովէ։ Երբ դպիր մը «խելացութիւնով պատասխան տուաւ», Յիսուս զինք գովեց (Մար. 12։34)։ Ինչպէ՞ս կրնաս անհատ մը գովել, երբ հարցումիդ պատասխանէ։

ԴԻՏԷ ՅԻՍՈՒՍԻՆ ԸՐԱԾ ԳՈՐԾԸ ԸՐԷ. ԱԶԴՈՒՕՐԷՆ ՍՈՐՎԵՑՈՒՐ ՎԻՏԷՈՅԻՆ ԱՌԱՋԻՆ ՄԱՍԸ, ԵՒ ՅԵՏՈՅ ՊԱՏԱՍԽԱՆԷ ԱՅՍ ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒՆ։

  • Այս կերպը ինչո՞ւ լաւ ուսուցման կերպ չէ, հակառակ անոր որ հրատարակիչը ճշգրիտ տեղեկութիւն կու տայ։

  • Ինչո՞ւ պէտք է պարզապէս տեղեկութիւն մը բացատրելէն աւելին ընենք։

ԴԻՏԷ ՅԻՍՈՒՍԻՆ ԸՐԱԾ ԳՈՐԾԸ ԸՐԷ. ԱԶԴՈՒՕՐԷՆ ՍՈՐՎԵՑՈՒՐ ՎԻՏԷՈՅԻՆ ԵՐԿՐՈՐԴ ՄԱՍԸ, ԵՒ ՅԵՏՈՅ ՊԱՏԱՍԽԱՆԷ ԱՅՍ ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒՆ։

  • Եղբայրը ինչպէ՞ս ազդու հարցումներ հարցուց։

  • Իր ուսուցման ուրիշ ո՞ր կերպերէն կրնանք օգտուիլ։

Մեր սորվեցուցած կերպը ի՞նչ ազդեցութիւն ունի ուրիշներուն վրայ (Ղուկ. 24։32