Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ | ՄԱՏԹԷՈՍ 18-19

Ուշադիր եղիր որ դուն քեզ եւ ուրիշները չգայթակղեցնես

Ուշադիր եղիր որ դուն քեզ եւ ուրիշները չգայթակղեցնես

Յիսուս առակներով սորվեցուց, թէ որքա՛ն լուրջ բան մըն էր գայթակղիլը կամ ուրիշները գայթակղեցնելը։

18։6, 7

  • «Գայթակղութիւն» բառը կ’ակնարկէ որոշ արարքի մը կամ պարագայի մը, որուն պատճառաւ անհատը անվայել ընթացք կը բռնէ, բարոյապէս կը սահի կամ կ’իյնայ կամ ալ մեղքի մէջ կը մտնէ։

  • Այն անձը, որ մէկու մը գայթակղութեան պատճառ կ’ըլլայ, աւելի լաւ է որ ծովը իյնայ՝ իր վիզէն աղացքի քար կապուած։

Աղացքի քարեր

18։8, 9

  • Յիսուս իր հետեւորդներուն ըսաւ, որ պատրաստ ըլլան ձերբազատուելու որեւէ արժէքաւոր բանէ, ինչպէս՝ ձեռքէ կամ աչքէ, եթէ ատիկա զիրենք կը գայթակղեցնէ։

  • Աւելի լաւ է այս տեսակ արժէքաւոր բանէ մը ձերբազատուիլ եւ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը մտնել, քան՝ ատոր կառչիլ եւ երթալ գեհեան՝ որ մնայուն կործանում կը խորհրդանշէ։

Կեանքիս մէջ ի՞նչ բան կրնայ գայթակղութեան քար ըլլալ եւ ինչպէ՞ս կրնամ ո՛չ իմ անձս ոչ ալ ուրիշները գայթակղեցնել։