Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ | ՄԱՏԹԷՈՍ 12-13

Որոմին առակը

Որոմին առակը

Յիսուս ցորենն ու որոմը գործածեց որպէս օրինակ, ցոյց տալու համար թէ ան ինչպէ՛ս եւ ե՛րբ մարդոց մէջէն պիտի ընտրէր եւ ժողվէր ամբողջ ցորեն դասակարգը՝ օծեալ քրիստոնեաները։ Սերմանելը սկսաւ Ք.Ե. 33–ին։

13։24

‘Մարդ մը իր արտին մէջ բարի սերմ ցանեց’

  • Սերմանողը։ Յիսուս Քրիստոս

  • Բարի սերմ կը ցանուի։ Յիսուսին աշակերտները սուրբ հոգիով կ’օծուին

  • Դաշտը։ Մարդկային աշխարհը

13։25

‘Երբ մարդիկ կը քնանային իր թշնամին եկաւ ու որոմ ցանեց’

  • Թշնամի։ Բանսարկուն

  • Մարդիկ կը քնանային։ Առաքեալներուն մահը

13։30

«Թող տուէ՛ք որ երկուքն ալ մէկտեղ աճին մինչեւ հունձքի ատենը»

  • Ցորեն։ Օծեալ քրիստոնեաները

  • Որոմ։ Կեղծ քրիստոնեաները

«Առաջ որոմը քաղեցէք. . . իսկ ցորենը իմ ամբարս ժողվեցէք»

  • Ծառաները/հնձողները։ Հրեշտակները

  • Քաղուած որոմը։ Կեղծ քրիստոնեաները օծեալ քրիստոնեաներէն կը զատուին

  • Ցորենը ամբարը ժողվել։ Օծեալ քրիստոնեաները վերահաստատուած ժողովքին մէջ կը ժողվուին

Երբ հունձքի եղանակը սկսաւ, ի՞նչ բան ճշմարիտ քրիստոնեաները զատորոշեց կեղծ քրիստոնեաներէն։

Ես ինչպէ՞ս կ’օգտուիմ երբ այս առակը հասկնամ։