Աստուած մեզի հանդէպ իր սէրը կը յայտնէ
Եհովային տուած նուէրը՝ փրկանքը, շատ կարեւոր է Եհովային համբաւը վերականգնելու եւ փաստելու թէ ան իրաւասութիւնը ունի իշխելու եւ թէ իր իշխանութիւնը լաւագոյնն է։ Նաեւ, փրկանքին շնորհիւ կրնանք հի՛մա Եհովային ընկերը ըլլալ։ Ասկէ զատ, փրկանքը կարելի կը դարձնէ, որ Աստուծոյ բոլոր հնազանդողները յաւիտեան ապրին։
Ինչպէ՞ս կրնանք ցոյց տալ որ երախտապարտ ենք փրկանքի նուէրին համար։
-
Նուիրումը եւ մկրտութիւնը կը ցուցնեն, թէ փրկանքին կը հաւատանք եւ կ’ուզենք Եհովային պատկանիլ։
-
Աստուծոյ Թագաւորութեան բարի լուրը քարոզելը կը ցուցնէ, թէ կ’ընդօրինակենք Եհովային սէրը ամէն տեսակ մարդոց հանդէպ (Մատ. 22։39. Յովհ. 3։16)։
Ուրիշ ի՞նչ կերպերով կրնամ Եհովային ցուցնել, որ երախտապարտ եմ փրկանքի նուէրին համար։