Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ

Շարունակէ մեծ ակնկալութեամբ եւ տոկալով սպասել

Շարունակէ մեծ ակնկալութեամբ եւ տոկալով սպասել

Որքա՞ն ժամանակէ ի վեր կը սպասես որ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը գայ։ Թերեւս համբերութեամբ կը տոկաս, հակառակ դժուարութիւններուդ (Հռով. 8։25)։ Կարգ մը քրիստոնեաներ ատելութիւն, գէշ վերաբերմունք, բանտարկութիւն կամ նոյնիսկ մահ կը դիմագրաւեն։ Շատեր ալ կը պայքարին երկարատեւ հիւանդութեան մը կամ յառաջացած տարիքի դէմ։

Ի՞նչը մեզի պիտի օգնէ որ շարունակենք մեծ ակնկալութեամբ սպասել՝ հակառակ անոր որ դժուարութիւններ ունինք։ Պէտք է մեր հաւատքը սնուցանենք, ամէն օր Սուրբ Գիրքը կարդալով եւ մեր կարդացածին վրայ խոկալով։ Պէտք է մեր յոյսին վրայ կեդրոնանանք (Բ. Կոր. 4։16-18. Եբ. 12։2)։ Պէտք է Եհովային աղօթքով աղերսենք, որ սուրբ հոգիին միջոցաւ մեզի ոյժ տայ (Ղուկ. 11։10, 13. Եբ. 5։7)։ Մեր սիրալիր Հայրը կրնայ մեզի օգնել, որ ‘ամէն ինչի լիովին տոկանք համբերութեամբ եւ ուրախութեամբ’ (Կող. 1։11, ՆԱ

ԴԻՏԷ ՊԷՏՔ Է «ՀԱՄԲԵՐՈՒԹԻՒՆՈՎ ՎԱԶԵՆՔ». ՎՍՏԱՀ ԵՂԷՔ ՈՐ ՄՐՑԱՆԱԿԸ ՊԻՏԻ ՇԱՀԻՔ ՎԻՏԷՈՆ, ԵՒ ՅԵՏՈՅ ՊԱՏԱՍԽԱՆԷ ԱՅՍ ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒՆ.

  • Ի՞նչ «դիպուած»ներ կրնան ծագիլ կեանքի մէջ (Ժող. 9։11

  • Աղօթքը ինչպէ՞ս կ’օգնէ մեզի, երբ դժուարութիւններ ունենանք։

  • Եթէ առաջուան չափ չենք կրնար ծառայել Եհովային, ինչո՞ւ պէտք է կեդրոնանանք այն բաներուն վրայ, որոնք տակաւի՛ն կրնանք ընել։

  • Աչքերդ մրցանակին վրայ պահէ

    Ի՞նչը քեզի կ’օգնէ, որ շարունակես վստահ ըլլալ, որ մրցանակը պիտի շահիս։