Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ

Ծառայութեան մէջ հմտութիւնդ բարելաւէ. Ոչ–արդիւնաբեր Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւնները դադրեցնել

Ծառայութեան մէջ հմտութիւնդ բարելաւէ. Ոչ–արդիւնաբեր Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւնները դադրեցնել

ԻՆՉՈ՞Ւ ԿԱՐԵՒՈՐ Է. Մարդիկ պէտք է Եհովային անունը կանչեն, որպէսզի փրկուին (Հռով. 10։13, 14)։ Բայց Սուրբ Գիրքը ուսումնասիրողներէն ոմանք չեն ուզեր Եհովային չափանիշներով ապրիլ։ Ծառայութեան տրամադրած մեր թանկարժէք ժամանակը լաւագոյնս կը գործածենք, երբ կ’օգնենք անո՛նց՝ որոնք իսկապէս կ’ուզեն փոփոխութիւններ ընել, Եհովան հաճեցնելու համար։ Եթէ Աստուածաշունչի աշակերտը ժամանակ մը ետք բաւարար չափով չյառաջդիմէ, իմաստութիւն է ուսումնասիրութիւնը դադրեցնել եւ մեր ժամանակը գործածել օգնելու համար անոնց՝ որոնք Եհովան կը քաշէ իրեն եւ իր կազմակերպութեան (Յովհ. 6։44)։ Անշուշտ, եթէ յետագային անհատը կարգ մը փոփոխութիւններ ընէ եւ ցուցնէ, թէ «յաւիտենական կեանքի հանդէպ ճիշդ տրամադրուած» է, սիրով կը վերսկսինք ուսումնասիրութիւնը (Գործք 13։48, ՆԱ

ԻՆՉՊԷ՞Ս ԸՆԵԼ.

  • Գովէ աշակերտը, որովհետեւ կ’ուզէ ճշգրիտ գիտութիւն առնել (Ա. Տիմ. 2։4

  • Շեշտէ թէ որքա՛ն կարեւոր է, որ իր սորվածները գործադրէ (Ղուկ. 6։46-49

  • Ազնուօրէն քննարկէ սերմնացանին առակը եւ աշակերտէդ խնդրէ, որ մտածէ թէ ի՛նչը արգելք կ’ըլլայ որ յառաջդիմէ (Մատ. 13։18-23

  • Փափկանկատօրէն բացատրէ, թէ ինչո՛ւ ուսումնասիրութիւնը պիտի դադրեցնես։

  • Իրեն ըսէ որ ատեն–ատեն պիտի այցելես կամ հեռաձայնես քաջալերելու համար, եւ թէ ապագային կարելի է ուսումնասիրութիւնը վերսկսիլ, եթէ յառաջդիմութիւն ցուցաբերէ։

ՎԻՏԷՈՆ ԴԻՏԷ ԵՒ ՅԵՏՈՅ ՊԱՏԱՍԽԱՆԷ ԱՅՍ ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒՆ.

  • Խօսակցութեան մէջ ի՞նչը յայտնի դարձուց, թէ աշակերտը հոգեւորապէս չի յառաջդիմեր։

  • Հրատարակիչը աշակերտին ինչպէ՞ս օգնեց որ հասկնայ, թէ պէտք է փոփոխութիւններ ընէ։

  • Հրատարակիչը աշակերտին ինչպէ՞ս հասկցուց, որ պատրաստ է յետագային դարձեալ ուսումնասիրութեան սկսելու, երբ ան պատրաստ ըլլայ։