Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ

Աստուծոյ անտեսանելի յատկութիւնները կը նկատե՞ս

Աստուծոյ անտեսանելի յատկութիւնները կը նկատե՞ս

Երբ նայիս գոյնզգոյն ծաղիկի մը, որոտացող ջրվէժի մը կամ աստղազարդ երկինքին, կը մտածե՞ս անոր մասին՝ որ այդ բոլորը ստեղծեց։ Մեր շուրջի ստեղծագործութիւնը յստակօրէն կը յայտնէ Եհովային անտեսանելի յատկութիւնները (Հռով. 1։20)։ Երբ կենանք եւ խոկանք մեր տեսածներուն վրայ, կրնանք տեսնել Աստուծոյ զօրութիւնը, սէրը, իմաստութիւնը եւ արդարութիւնը, ինչպէս նաեւ առատաձեռնութիւնը (Սաղ. 104։24

Եհովային ստեղծագործութենէն ի՞նչ կը տեսնես ամէն օր։ Նոյնիսկ եթէ քաղաքի մէջ կ’ապրիս, թերեւս կը տեսնես թռչուններ կամ ծառեր։ Եհովային ստեղծագործութիւնը ուշի–ուշով դիտելը կրնայ մեզի օգնել, որ մեր մտահոգութիւնը թեթեւցնենք, մեր խնդիրներուն վրայ չկեդրոնանանք եւ աւելի հաւատք ունենանք, որ Եհովան կարող է յաւիտեան մեզի հոգ տանիլ (Մատ. 6։25-32)։ Եթէ զաւակներ ունիս, անոնց օգնէ որ Եհովային հոյակապ յատկութիւնները նկատեն։ Որքա՛ն աւելի գնահատենք մեր շուրջի ստեղծագործութիւնը, այնքան աւելի պիտի մօտենանք մեր Ստեղծիչին (Սաղ. 8։3, 4

ԴԻՏԷ ՍՏԵՂԾԱԳՈՐԾՈՒԹԵԱՆ ՍՔԱՆՉԵԼԻՔՆԵՐԸ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՓԱՌՔԸ ԿԸ ՅԱՅՏՆԵՆ. ԼՈՅՍ ԵՒ ԳՈՅՆ ՎԻՏԷՈՆ, ԵՒ ԵՏՔԸ ՊԱՏԱՍԽԱՆԷ ԱՅՍ ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒՆ.

  • Ինչո՞ւ գոյներ կը տեսնենք։

  • Ի՞նչը պատճառ կը դառնայ որ մակերեսի մը գոյնը փոխուի՝ եթէ տարբեր անկիւններէ ատոր նայիս։

  • Ինչո՞ւ համար երկինքին մէջ տարբեր գոյներ կը տեսնենք։

  • Ի՞նչ աչքառու գոյներ տեսած ես ապրած շրջանիդ մէջ։

  • Ինչո՞ւ համար պէտք է ժամանակ տրամադրենք ուշի–ուշով բնութիւնը դիտելու։

Լոյսն ու գոյնը ի՞նչ կը յայտնեն Եհովային յատկութիւններուն մասին։