Ներկայացումի նմոյշներ
ԶԱՐԹԻ՛Ր
Հարցում։ Ձեր կարծիքով կ’արժէ՞ որ մարդիկ ջանք թափեն որ գէշ յատկութիւնները լաւ յատկութիւններու փոխեն։
Համար։ Ժող. 7։8ա
Ներկայացում։ Այս նիւթը կը խօսի Աստուածաշունչի սկզբունքներու մասին, որոնք ցոյց կու տան թէ մարդիկ ինչպէ՛ս կրնան լաւ սովորութիւններ զարգացնել՝ իրենց օգտին համար։
ԶԱՐԹԻ՛Ր
Հարցում։ Կեանքին մէջ միշտ փոփոխութիւններ կան։ Ձեր կարծիքով ի՞նչ է լաւագոյն կերպը անոնց հետ գլուխ ելլելու։
Համար։ Ժող. 7։10
Ներկայացում։ [Ակնարկէ 10–րդ էջի յօդուածին։] Այս յօդուածը նկատի կ’առնէ աստուածաշնչական յաւելեալ սկզբունքներ, որոնք մեզի կ’օգնեն փոփոխութեան հետ գլուխ ելլելու։
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՄՏԻԿ ԸՐԷ ԵՒ ՅԱՒԻՏԵԱՆ ՊԻՏԻ ԱՊՐԻՍ
Հարցում։ Ամէն մարդ անուն մը ունի։ Ի՞նչ կրնանք ըսել Աստուծոյ մասին։ Ի՞նչ է անոր անունը։
Համար։ Սաղ. 83։18
Ներկայացում։ Այս գրքոյկը կը բացատրէ ուրիշ շատ մը բաներ, որոնք Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ Աստուծոյ մասին։ [Ակնարկէ 6–րդ եւ 7–րդ էջերուն։]
ԱՆՁՆԱԿԱՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄԴ ՊԱՏՐԱՍՏԷ
Վերոնշեալ օրինակներուն ձեւը գործածէ, անձնական ներկայացումդ պատրաստելու համար։