Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ

Ծառայութեան մէջ հմտութիւնդ բարելաւէ. Աստուածաշունչի աշակերտներուն օգնել որ նուիրուին եւ մկրտուին

Ծառայութեան մէջ հմտութիւնդ բարելաւէ. Աստուածաշունչի աշակերտներուն օգնել որ նուիրուին եւ մկրտուին

ԻՆՉՈ՛Ւ ԿԱՐԵՒՈՐ Է։ Եհովային հաճութիւնը շահելու համար, Աստուածաշունչի աշակերտները պէտք է իրենց կեանքը իրեն նուիրեն եւ մկրտուին (Ա. Պետ. 3։21)։ Եւ երբ իրենց նուիրումին համաձայն ապրին, հոգեւորապէս կը պաշտպանուին (Սաղ. 91։1, 2)։ Քրիստոնեան Եհովայի՛ն կը նուիրուի եւ ո՛չ թէ մարդու մը, գործունէութեան մը կամ կազմակերպութեան մը։ Ուրեմն աշակերտները պէտք է որ Աստուծոյ հանդէպ սէր եւ գնահատանք մշակեն (Հռով. 14։7, 8

ԻՆՉՊԷ՛Ս ՕԳՆԵԼ։

  • Աշակերտին հետ սերտած ատեն, նկատի առ թէ դասը ի՛նչ կը յայտնէ Եհովային մասին։ Շեշտէ Աստուածաշունչը ամէն օր կարդալու եւ Եհովային «անդադար» աղօթելու կարեւորութիւնը (Ա. Թես. 5։17. Յակ. 4։8

  • Աշակերտդ քաջալերէ որ նպատակակէտ դնէ նուիրուելու եւ մկրտուելու։ Մինչ այդ իրեն օգնէ որ հասնի ուրիշ նպատակակէտերու, ինչպէս՝ ժողովներուն մէջ պատասխանել կամ դրացիներուն եւ գործակիցներուն վկայել։ Յիշէ թէ Եհովան մէկը չի ստիպեր որ իրեն ծառայէ։ Նուիրումը անձնական որոշում է (Բ. Օր. 30։19, 20

  • Աշակերտդ մղէ որ պէտք եղած փոփոխութիւնները մտցնէ իր կեանքին մէջ, որ կարենայ Եհովան հաճեցնել եւ մկրտութեան որակեալ ըլլալ (Առ. 27։11)։ Կրնայ ըլլալ որ աշակերտին մէջ կարգ մը բնաւորութեան գիծեր կամ սովորութիւններ արմատացած են։ Այդ պարագային ան թերեւս շարունակ օգնութեան պէտք ունենայ իր հին անձնաւորութիւնը վրայէն հանելու եւ նորը հագուելու (Եփ. 4։22-24)։ Իրեն հետ քննարկէ Դիտարան պարբերաթերթին «Աստուածաշունչը կեանքեր կը փոխէ» յօդուածաշարքէն յօդուածներ։

  • Աշակերտին պատմէ որ ի՛նչ ուրախութիւն ձեռք ձգած ես Եհովային ծառայելով (Եսա. 48։17, 18