Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ

Սեպտեմբերին Դիտարան–ը բաշխելու մասնայատուկ արշաւ

Սեպտեմբերին Դիտարան–ը բաշխելու մասնայատուկ արշաւ

Ամէն մարդ մխիթարուելու պէտք ունի (Ժող. 4։1)։ Սեպտեմբեր ամսուան ընթացքին յատուկ ջանք պիտի թափենք ներկայացնելու Դիտարան–ը, որ կը խօսի մխիթարութեան մասին։ Զայն կրցածիդ չափ շատ մարդոց բաշխէ։ Քանի՛ որ մեր պարբերաթերթերը արժէքաւոր են, զանոնք մի՛ ձգեր տունը չեղողներուն դրան առջեւ եւ մի՛ տար չհետաքրքրուած անհատներուն։

Ի՛ՆՉ ՊԻՏԻ ԸՍԵՍ

«Բոլորս երբեմն մխիթարուելու պէտք ունինք։ Բայց ինչպէ՞ս կրնանք մխիթարուիլ։ [Կարդա՛ Բ. Կորնթացիս 1։3, 4։] Դիտարան–ի այս թիւը նկատի կ’առնէ թէ Աստուած ինչպէ՛ս կը մխիթարէ»։

Եթէ անհատը հետաքրքրուի եւ պարբերաթերթը ընդունի. . .

ՑՈՅՑ ՏՈՒՐ ԻՆՉՈ՞Ւ ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԸ ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐԵԼ ՏԵՍԱԵՐԻԶԸ

Ապա Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն առաջարկէ։

ՎԵՐԱՅՑԵԼՈՒԹԵԱՆ ՃԱՄԲԱՅ ՀԱՐԹԷ

Ուղղէ հարցում մը, որուն պիտի պատասխանես երբ վերադառնաս. օրինակ՝ «Աստուած ինչո՞ւ թոյլ կու տայ որ տառապինք»։