Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ

Ճշմարտութիւնը սորվեցուր

Ճշմարտութիւնը սորվեցուր

Սեպտեմբերէն սկսեալ, Ժողովի տետր–ը պիտի պարփակէ ներկայացումի նոր նմոյշ մը՝ «Ճշմարտութիւնը սորվեցուր» խորագրով։ Մեր նպատակակէտը պիտի ըլլայ ուշադրութեան յանձնել սուրբգրային ճշմարտութիւն մը՝ գործածելով հարցում մը կամ համար մը։

Եթէ նկատենք որ անհատը հետաքրքրուեցաւ, կրնանք յաջորդ վերայցելութեան ճամբայ հարթել՝ ձգելով հրատարակութիւն մը եւ կամ jw.org կայքէն ցոյց տալով տեսաերիզ մը։ Պէտք է ջանանք քանի մը օրուան մէջ վերայցելել, քննարկութիւնը շարունակելու համար։ Նոր ներկայացումները եւ աշակերտական բաժինները պիտի հիմնուին Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ գրքին նիւթերուն վրայ։ Իւրաքանչիւր գլուխի վերջաւորութեան կան համարներ, որոնք մեզի պիտի օգնեն միայն Աստուածաշունչը գործածելով վերայցելութիւններ ընելու կամ ուսումնասիրութիւն մը վարելու։

Կեանքի տանող միայն մէկ ճամբայ կայ (Մատ. 7։13, 14)։ Քանի որ զանազան կրօնքներու եւ ենթահողերու պատկանող մարդոց հետ կը խօսինք, պէտք է իրենց ներկայացնենք զիրենք հետաքրքրող աստուածաշնչական ճշմարտութիւններ (Ա. Տիմ. 2։4)։ Որքա՛ն աւելի Աստուածաշունչի վրայ հիմնուած տարբեր նիւթերու մասին խօսինք եւ «ճշմարտութեան խօսքը շիտակ բացատրել»ու մեր հմտութիւնը բարելաւենք, այնքա՛ն աւելի ուրախ պիտի ըլլանք եւ ճշմարտութիւնը ուրիշներու սորվեցնելու մէջ պիտի յաջողինք (Բ. Տիմ. 2։15