Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ

Յիսուս եղբօրդ համար ալ մեռաւ

Յիսուս եղբօրդ համար ալ մեռաւ

Յիսուս իր կեանքը զոհեց անկատար մարդոց համար (Հռով. 5։8)։ Անշուշտ մենք կը գնահատենք Յիսուսին սէրը մեզի հանդէպ, որ զինք մղեց իր կեանքը տալու մեզի համար։ Բայց եւ այնպէս, երբեմն թերեւս պէտք ունենանք մենք մեզի յիշեցնելու, որ Քրիստոս մեր եղբօր համար ալ մեռաւ։ Ինչպէ՞ս կրնանք սիրել մեր եղբայրներն ու քոյրերը, որոնք մեզի պէս անկատար են։ Նկատի առ երեք կերպեր։ Առաջին, կրնանք ունենալ ընկերներ, որոնք տարբեր ենթահողերէ են (Հռով. 15։7. Բ. Կոր. 6։12, 13)։ Երկրորդ, կրնանք զգոյշ ըլլալ որ չըսենք կամ չընենք բաներ, որոնք ուրիշները կը նեղացնեն (Հռով. 14։13-15)։ Եւ երրորդ, եթէ մէկը մեզի դէմ սխալի, կրնանք ներելու մէջ արագ ըլլալ (Ղուկ. 17։3, 4. 23։34)։ Եթէ ծանր աշխատինք այս երեք կէտերուն մէջ Յիսուսը ընդօրինակելու, Եհովան պիտի շարունակէ մեզ օրհնել խաղաղութեամբ եւ միութեամբ։

ԴԻՏԷ ԱՒԵԼԻ՛ ԳԵՂԵՑԻԿ ԵՂԻՐ ՎԻՏԷՈՆ ԵՒ ՅԵՏՈՅ ՊԱՏԱՍԽԱՆԷ ԱՅՍ ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒՆ։

  • Միքին սկիզբը իր ժողովքին հանդէպ ի՞նչ կը զգար։

  • Ի՞նչ բան պատճառ դարձաւ որ իր զգացումները փոխուին։

  • Յիսուսին օրինակը ինչպէ՞ս Միքիին օգնեց որ իր տեսակէտը ճշդէ (Մար. 14։38

  • Առակաց 19։11–ը ինչպէ՞ս կրնայ մեզի օգնել որ մեր հաւատակիցներուն հանդէպ դրական տեսակէտ ունենանք։