Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ

Մտքերնիդ բերէք Ղովտին կինը

Մտքերնիդ բերէք Ղովտին կինը

Սոդոմէն փախչելու ատեն Ղովտին կինը ինչո՞ւ ետեւ նայեցաւ։ Սուրբ Գիրքը չ’ըսեր ինչու (Ծն. 19։17, 26)։ Յիսուսին զգուշացումը ցոյց կու տայ, որ կինը թերեւս տենչաց այն բաներուն, որոնք իր ետին ձգած էր (Ղուկ. 17։31, 32)։ Ինչպէ՞ս կրնանք Աստուծոյ հաճութիւնը չկորսնցնել,– ինչպէս էր պարագան Ղովտին կնոջ։ Պէտք չէ հանգստաւէտ կեանք ապրիլը մեզի համար ամէնէն կարեւոր բանը ըլլայ (Մատ. 6։33)։ Յիսուս սորվեցուց, որ ‘չենք կրնար ծառայել Աստուծոյ ու մամոնային’ (Մատ. 6։24)։ Բայց թերեւս նկատենք, որ նիւթական բաները սկսած են հոգեւոր բաներուն տեղը առնել։ Կրնանք Եհովային աղօթել, որ մեզի օգնէ որ գիտնանք ինչպէս մեր կեանքին մէջ փոփոխութիւններ մտցնենք եւ մեզի քաջութիւն ու զօրութիւն տայ որ ատիկա ընենք։

ԵՐԵՔ ՄԱՍԷ ԲԱՂԿԱՑԱԾ ՄՏՔԵՐՆԻԴ ԲԵՐԷՔ ՂՈՎՏԻՆ ԿԻՆԸ ՎԻՏԷՈՅԻՆ ՎՐԱՅ ԽՈԿԱԼԷ ԵՏՔ, ՊԱՏԱՍԽԱՆԷ ԱՅՍ ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒՆ։

  • Ինչպէ՞ս կրնամ գործերովս ցոյց տալ, որ ‘միտքս կը բերեմ Ղովտին կինը’

    Ինչպէ՞ս աւելի դրամ շահելու ճնշումը ազդեց Կլորիային մտածելակերպին, խօսակցութեան եւ գործերուն։

  • Ղովտին կինը ինչպէ՞ս ազդարարական օրինակ է մեզի այսօր։

  • Ճօն եւ իր ընտանիքը ինչպէ՞ս օգտուեցան Սուրբ Գիրքին սկզբունքները կիրարկելով։

  • Գործին մէջ Աննային ընկերակցութիւնը ինչպէ՞ս ազդեց իր հոգեւորութեան։

  • Ինչո՞ւ քաջութեան պէտք ունինք, եթէ դրամը մեր կեանքին մէջ առաջին տեղը դնելու ճնշումին տակ ենք։

  • Պրայընը եւ Կլորիան ինչպէ՞ս դարձեալ հոգեւոր բաները առաջին տեղը դրին։

  • Այս վիտէոյին մէջ ի՞նչ սկզբունքներ շեշտուած են։