«Աստուած մեզի երկչոտութեան հոգի չտուաւ»
Տիմոթէոսին ուղղուած Պօղոս առաքեալին խօսքերը կը զօրացնեն մեզ։ Փոխանակ մեր հաւատքէն ամչնալու, կրնանք համարձակօրէն պաշտպանել մեր հաւատքը, նոյնիսկ եթէ պէտք ըլլայ որ «չարչարանքներ» կրենք։
Ո՞ր պարագաներուն մէջ պէտք է քաջ ըլլամ։