ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ
Եհովան սիրողներուն հետ անցուր ժամանակդ
Ինչո՞ւ պէտք է Եհովան սիրողներուն հետ անցընենք մեր ժամանակը։ Քանի որ այն անձերը, որոնց հետ ժամանակ կ’անցընենք, կրնան կամ գէշ կերպով ազդել մեզի կամ ալ լաւ կերպով (Առ. 13։20)։ Օրինակ, այնքան ատեն որ Յովաս թագաւորը ժամանակ անցուց Յովիադա քահանայապետին հետ, «Տէրոջը առջեւ ուղղութիւն ըրաւ» (Բ. Մն. 24։2)։ Յովիադային մահէն ետք, Յովաս Եհովային կռնակ դարձուց, քանի որ գէշ ընկերակցութիւն ունէր (Բ. Մն. 24։17-19)։
Առաջին դարուն, Պօղոս առաքեալ քրիստոնէական ժողովքը նմանցուց «մեծ տան մը», իսկ ժողովքի անդամները՝ «ամաններ»ու, կամ տնային առարկաներու։ «Պատուական անօթ» կը մնանք, երբ չենք մտերմանար անհատի մը հետ, որ Եհովան կը նեղացնէ, նոյնիսկ եթէ ան մեր ընտանիքին կամ ժողովքին մէկ անդամն է (Բ. Տիմ. 2։20, 21)։ Ուրեմն, շարունակենք բարեկամանալ այն անձերուն հետ, որոնք Եհովան կը սիրեն եւ որոնք մեզ կը քաջալերեն որ Եհովային ծառայենք։
ԴԻՏԷ ՍՈՐՎԷ ԳԷՇ ԸՆԿԵՐԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ՄԵՐԺԵԼ ՎԻՏԷՈՆ, ԵՒ ԵՏՔԸ ՊԱՏԱՍԽԱՆԷ ԱՅՍ ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒՆ.
-
Ինչպէ՞ս կրնանք առանց անդրադառնալու գէշ ընկերակցութիւններ ունենալ։
-
Վիտէոյին մէջ, ի՞նչը երեք քրիստոնեաներու օգնեց որ իրենց գէշ ընկերակցութիւններուն վերջ դնեն։
-
Սուրբ Գիրքին ո՞ր սկզբունքը կրնայ քեզի օգնել, որ իմաստութեամբ զատես բարեկամներդ։