ՁԵՐ ՆՈՒԻՐԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԻՆՉՊԷ՛Ս ԿԸ ԳՈՐԾԱԾՈՒԻՆ
Աղէտէ տուժածներուն օգնել 2021–ին. Մեր եղբայրներն ու քոյրերը երեսի վրայ չձգել
1 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2022
2021 Ծառայութեան տարուան a ընթացքին, աշխարհը դեռ կը տուժէր ՔՈՎԻՏ–19 համավարակին պատճառով։ Ինչպէս որ «Համաշխարհային համավարակի ժամանակ համաշխարհային օգնութեան աշխատանքներ» յօդուածը բացատրեց, մենք միլիոնաւոր տոլարներ ծախսեցինք համավարակէն տուժածներուն օգնելու համար եւ աւելի քան 950 Աղէտէ տուժածներուն օգնող յանձնախումբեր կազմեցինք։
ՔՈՎԻՏ–19 համավարակէն զատ, ամբողջ աշխարհի մէջ բնական եւ մարդակերտ ուրիշ աղէտներ ազդեցին մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն։ Կառավարիչ մարմինի Համակարգողներու յանձնախումբը արտօնութիւն տուաւ, որ ՔՈՎԻՏ–19 համավարակէն տուժածներուն օգնելէ զատ, 8 միլիոն ամ. տոլար ալ ծախսուի՝ աւելի քան 200 աղէտներէ տուժածներուն օգնելու համար։ Տեսնենք թէ ձեր նուիրատուութիւնները ինչպէ՛ս օգնած են երկու աղէտներէ տուժածներուն։
Նյիրակոնկօ հրաբուխի ժայթքում
22 Մայիս 2021–ին, Քոնկոյի Ժողովրդավարական Հանրապետութեան մէջ, Նյիրակոնկօ հրաբուխը սկսաւ ժայթքիլ։ Լաւային հոսքը կործանեց տուներ, դպրոցներ եւ ջրամբար մը։ Բայց լաւան միակ վտանգը չէր։ Ժայթքումէն ետք, օրերով, թունաւոր հրաբխային փոշի ծածկեց Կոմա քաղաքը եւ շարք մը պզտիկ երկրաշարժներ եղան։ Քաղաքի բնակիչներուն կէսէն աւելին ստիպուեցան շրջանէն հեռանալ։ Հարիւր հազարաւորներ փախան,– անոնցմէ ոմանք՝ դէպի Ռուանտա։
Շրջանէն հեռացող անհատներէն մօտ 5000 հոգի Եհովայի վկաներ էին։ Ոմանք հրաբուխին ժայթքումին պատճառով իրենց տունը կորսնցուցին, իսկ ուրիշներու ալ տուները կողոպտուեցան՝ իրենց փախչելէն ետք։ Տուժածներուն օգնելու համար, Ռուանտայի եւ Քոնկոյի Ժողովրդավարական Հանրապետութեան Աղէտէ տուժածներուն օգնող յանձնախումբերը համագործակցեցան։ Յանձնախումբի մը մասին տեղեկագրելով, Քոնկօ (Քինշասա) մասնաճիւղը ըսաւ. «Հակառակ անոր որ քաղաքին մէջ իրարանցում կը տիրէր եւ շրջանէն հեռանալու հրաման դեռ չէր տրուած, այդ յանձնախումբը սկսած էր բաժնել՝ ուտելիք, ջուր, հագուստ եւ սաւան–ծածկոց»։ Գիւղաքաղաքի մը մէջ, ուր աւելի քան 2000 եղբայրներ հաւաքուած էին, Աղէտէ տուժածներուն օգնող յանձնախումբ մը վրաններ լարեց, դիմակներ բաժնեց եւ եղբայրներուն բացատրեց որ ինչպէ՛ս կրնան ուշադիր ըլլալ, որ ՔՈՎԻՏ–19 վայրըսով եւ քոլերայով չբռնուին։
Երեք ամսուան մէջ, մեր եղբայրները բաժնած էին աւելի քան 6 թոն բրինձ, 6 թոն եգիպտացորենի ալիւր, 8000 լիդր ձէթ եւ 8000 լիդր ջուր։ Դրամ խնայելու համար, մասնաճիւղը կարգադրութիւններ ըրաւ որ տեղական շուկայէն մեծ քանակով ուտելիքներ գնէ, քան թէ ուրիշ երկիրներէ աւելի սուղ գինով գնէ ատոնք։
«Շատ յուսահատ եւ տխուր էինք», կը պատմէ քոյր մը, որուն նոր տունը քանդուեցաւ։ Բայց ետքը եղբայրները իր ընտանիքին նիւթական օգնութիւն տուին եւ քաջալերեցին։ Հիմա ան կ’ըսէ. «Եհովային օգնութեամբ, մենք դեռ պէտք եղած բաները ունինք։ Մենք տեսանք որ Եհովան ինչպէ՛ս մեր բեռը կը շալկէ եւ կ’օգնէ որ տոկանք»։
Տնտեսական անկում՝ Վենեզուելլայի մէջ
Վենեզուելլայի մէջ տարիներէ ի վեր շատ գէշ տնտեսական վիճակ կը տիրէ։ Հոն բաւարար ուտելիք չկայ, ոճիրները երթալով կը շատնան եւ մեր եղբայրները շատ դժուարութեամբ կ’ապահովեն իրենց առօրեայ պէտքերը։ Բայց եւ այնպէս, կազմակերպութիւնը երեսի վրայ չէ ձգած մեր եղբայրները։
Անցեալ ծառայութեան տարուան ընթացքին, աւելի քան 1,5 միլիոն ամ. տոլար ծախսուեցաւ՝ կարիքաւոր ընտանիքներու ուտելիք եւ օճառ գնելու եւ փոխադրելու համար։ Վենեզուելլայի մասնաճիւղը կը տեղեկագրէ. «Դիւրին չէ, ամէն ամիս, երկրին չորս կողմը, 130 թոն ուտելիք փոխադրել մեր կարիքաւոր եղբայրներուն»։ Վստահ ըլլալու համար որ ուտելիքները շուտով պիտի չհոտին, եղբայրները շատ անգամ կը ղրկեն ուտելիքներ, որոնք աւելի երկար կը դիմանան։ Մասնաճիւղը կ’աւելցնէ. «Մենք ուտելիքներուն մեծամասնութիւնը մեծաքանակ կը գնենք այն եղանակին՝ երբ ատոնք կը հնձուին եւ երբ գիները աժան կ’ըլլան։ Ետքը, ատոնք կը փոխադրենք ամէնէն աժան միջոցներով»։
Վենեզուելլայի Աղէտէ տուժածներուն օգնող յանձնախումբի մը մէկ անդամը՝ Լիոնելը, կը սիրէ իր նշանակումը։ «Աղէտէ մը տուժածներուն օգնելը յատուկ աշխատանք է», կ’ըսէ ան։ «ՔՈՎԻՏ–19 համավարակէն վարակուած կնոջս մահէն ետք, այս առանձնաշնորհումը ինծի ոտքի պահած է։ Ես ինծի զբաղած կը պահեմ եւ կը զգամ որ կարիքաւոր եղբայրներուս համար գործնական բան մը կ’ընեմ։ Ես աչքովս տեսայ թէ Եհովան ինչպէ՛ս իր ժողովուրդը երեսի վրայ չի ձգեր, ճիշդ ինչպէս որ խոստացած է»։
Եղբայր մը, որ օգնութիւն ստացաւ, ժամանակին կը ծառայէր Աղէտէ տուժածներուն օգնող յանձնախումբի մը մէջ։ «Հիմա ի՛մ կարգս էր օգնութիւն ստանալու», կ’ըսէ ան։ «Մեզի միայն նիւթական օգնութիւն չտրուեցաւ, հապա նաեւ եղբայրները ինծի եւ կնոջս օգնեցին որ հանդարտ մնանք։ Մեզի հոգ տարին, մխիթարեցին եւ քաջալերեցին»։
Կարգ մը աղէտներ անակնկալ կը պատահին։ Բայց, Եհովային կազմակերպութիւնը շատ անգամ կրնայ շատ արագ պէտք եղած ապրանքները ձեռք ձգել եւ ղրկել կարիքաւոր եղբայրներուն, քանի որ դուք համաշխարհային գործին համար նուիրատուութիւններ կ’ընէք։ Նուիրատուութիւններ ընելու կարգ մը մեթոտներ յիշուած են donate.pr418.com կայքին մէջ։ Ձեր առատաձեռնութիւնը շա՛տ կը գնահատենք։
a 2021 Ծառայութեան տարին սկսաւ 1 սեպտեմբեր 2020–ին եւ վերջ գտաւ 31 օգոստոս 2021–ին։