ՁԵՐ ՆՈՒԻՐԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԻՆՉՊԷ՛Ս ԿԸ ԳՈՐԾԱԾՈՒԻՆ
Աղէտներէ տուժածներուն օգնել
1 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2021
2020–ը լեցուն էր բնական աղէտներով։ Ատկէ զատ, ՔՈՎԻՏ–19 համավարակը ամէն տեղ տարածուեցաւ։ Եհովայի վկաները ինչպէ՞ս օգնեցին իրենց եղբայրներուն ու քոյրերուն, որոնք այս պարագաներէն ազդուեցան։
2020–ի Ծառայութեան տարուան ընթացքին a, Կառավարիչ մարմինի Համակարգողներու յանձնախումբը ընդունեց որ 28 միլիոն ամ. տոլար ծախսուի աղէտներէ տուժածներուն օգնելու համար։ Այս գումարը օգնեց աւելի քան 200 բնական աղէտէ եւ ՔՈՎԻՏ–19 համավարակէն տուժածներու։ Այդ բնական աղէտներուն շարքին էին փոթորիկներ, Ափրիկէի մէջ հեղեղներ, Վենեզուելլայի մէջ ուտելիքի պակաս եւ Զիմպապուէի մէջ՝ չորութիւն։ Եղբայրներուն ու քոյրերուն ըրած նուիրատուութիւնները օգտակար դարձան որ ուտելիք, ջուր, հագուելիք եւ բժշկական հոգատարութիւն տրամադրուի տուժածներուն, ինչպէս նաեւ՝ մաքրութեան, նորոգութեան եւ շինարարութեան վերաբերող ապրանքներ։ Տեսնենք քանի մը օրինակներ։
ՔՈՎԻՏ–19։ Ամբողջ աշխարհի մէջ, այս համավարակը մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն առողջութեան, հոգեկանին եւ տնտեսական վիճակին ազդեց։ Անոնց օգնելու համար, կազմուեցան աւելի քան 800 Աղէտէ տուժածներուն օգնող յանձնախումբեր։ Այս յանձնախումբերուն մէջ ծառայող եղբայրները ուշադիր էին որ տեսնեն թէ եղբայրներուն ու քոյրերուն պէտքերը ի՛նչ են, որ պարագան շատ արագ տեղեկագրեն Համակարգողներու յանձնախումբին։ Այդ տեղեկագրութիւնները Համակարգողներու յանձնախումբին օգնեցին որ տեսնեն թէ տուժածներուն օգնելու ամէնէն լաւ կերպը ի՛նչ է։
Ամբողջ տարուան ընթացքին, Աղէտէ տուժածներուն օգնող յանձնախումբերը շատերու օգնեցին որ ունենան ուտելիք, ջուր, մաքրութեան ապրանքներ եւ դեղեր։ Կարգ մը շրջաններու մէջ, այս յանձնախումբերը համագործակցեցան երէցներուն հետ, որ եղբայրներուն օգնեն որ կառավարութեան տրամադրած օգնութիւններէն օգտուին։
Վկայ չեղողները նկատեցին օգնութեան այս աշխատանքները։ Օրինակ, Զամպիայի Նաքոնտէ շրջանի ղեկավար՝ Ֆիլտ Սիմուինկա՝ մեր եղբայրներուն ըսաւ. «Մենք ձեզի պարտական ենք, քանի որ ճիշդ ժամանակին տուժած ընտանիքներուն օգնութեան հասաք»։
Ուտելիքի պակաս՝ Անկոլայի մէջ։ ՔՈՎԻՏ–19 համավարակը պատճառ դարձաւ որ Անկոլայի մէջ ուտելիքի պակաս ըլլայ եւ գիները բարձրանան։ Շատ մը եղբայրներու եւ քոյրերու համար դժուար դարձաւ ուտելիք գնել։
Պրազիլի մասնաճիւղէն խնդրուեցաւ որ Անկոլայի եղբայրներուն ու քոյրերուն ուտելիք ղրկէ։ Նուիրատուութիւնները լաւագոյն կերպով գործածելու համար, Պրազիլի մասնաճիւղը պրպտումներ ըրաւ որ տեսնէ թէ ուտելիք գնելու եւ փոխադրելու ամէնէն յարմար կերպերը ի՛նչ են։ Ասանկով, ամէն մէկ ուտելիքի սնտուկ գնելն ու Անկոլա ղրկելը 22 ամ. տոլար արժեց, հակառակ անոր որ մէկ սնտուկը մօտ 20 քիլոկրամ էր։ Սնտուկներուն մէջ դրուեցան բրինձ, հատեղէն եւ ճաշ եփելու համար ձէթ։ Մինչեւ օրս, 33,544 սնտուկ ուտելիք ղրկուեցաւ Անկոլա, այսինքն՝ 654 թոն։ Տուժածներուն օգնելու տեղական կարգադրութիւններու հետ միասին, ուտելիք ապահովուեցաւ աւելի քան 50,000 անհատներու։
Եղբայրները ի՞նչ կը զգան երբ իրենց օգնութիւն տրամադրուի։ Ալեքսանտր, որ կ’ապրի Անկոլայի ամայի մէկ շրջանին մէջ կ’ըսէ. «Ասիկա ինծի կը փաստէ թէ Եհովան զիս շատ կը սիրէ եւ թէ ես առանձին չեմ։ Եւ Եհովային կազմակերպութեան կողմէ շատ արժեւորուած կը զգամ»։ Մարիցա, որ առանձին մայր է, կ’ըսէ. «Եհովան աղօթքներս լսեց։ Շնորհակա՛լ եմ իրմէ եւ իր կազմակերպութենէն»։
Չորութիւն՝ Զիմպապուէի մէջ։ 2020–ի Ծառայութեան տարուան ընթացքին, Զիմպապուէի մէջ ծայր աստիճան չորութիւն եղաւ եւ միլիոնաւորներ անօթի մնացին։ Հազարաւոր եղբայրներ ու քոյրեր ալ ուտելիքի պակաս ունէին։
Աղէտէ տուժածներուն օգնող հինգ յանձնախումբեր կազմուեցան որ մեր եղբայրներուն ուտելիք ապահովուի։ Հարիւրաւոր հրատարակիչներ տարբեր կերպերով օգնեցին այդ յանձնախումբերուն։ Անոնք ուտելիքը սնտուկներու մէջ տեղաւորեցին, սնտուկները ինքնաշարժներու կամ բեռնակառքերու վրայ բեռցուցին կամ ալ իրենց փոխադրամիջոցները այդ յանձնախումբերուն տուին որ այս օգնութեան աշխատանքին մէջ գործածուին b։ 2020–ի Ծառայութեան տարուան ընթացքին, 691,561 ամ. տոլար ծախսուեցաւ՝ աւելի քան 22,700 անհատներ կերակրելու համար։
Կարգ մը եղբայրներու ու քոյրերու տուներուն մէջ ուտելիքը վերջանալու վրայ էր առա՛ջ որ այս յանձնախումբերը իրենց ուտելիք ապահովեն։ Անոր համար, երբ անոնց ուտելիք տրամադրուեցաւ, անոնք Եհովային շնորհակալութիւն յայտնեցին։ Ոմանք նոյնիսկ սկսան Թագաւորութեան երգերը երգել։
Շրջանի մը մէջ, երկու այրի Վկաներ ներկայ եղան ժողովի մը, ուր կը քննարկուէր ինչպէս ժողովուրդին ուտելիք պիտի ապահովուէր բարեգործական կազմակերպութիւններու միջոցաւ։ Բայց այդ ժողովը երթալով քաղաքականութեան մասին դարձաւ. անոր համար քոյրերը որոշեցին չընդունիլ ուտելիք ստանալու համար անոնց դրած որոշ պայմանները։ Երբ անոնք այդ ժողովէն դուրս կ’ելլէին, ոմանք սկսան վրանին խնդալ եւ ըսել. «Մէկ հատ ալ մեր քովը չգաք ուտելիք խնդրելու համար»։ Բայց ճիշդ երկու շաբաթ ետք, մեր եղբայրները այդ շրջանը հասան եւ քոյրերուն ուտելիք ապահովեցին, այդ բարեգործական կազմակերպութիւններուն օգնութիւնները այդ շրջանը հասնելէ առաջ։
Զիմպապուէի մէջ ալ, աղէտէ տուժածներուն համար տարուած օգնութեան աշխատանքները լաւ վկայութիւն տուին։ Օրինակ Փրիսքան, որ կ’ապրի պզտիկ գիւղի մը մէջ, ամէն չորեքշաբթի եւ ուրբաթ տրամադրեց ծառայութեան, հակառակ անոր որ չորութիւն կար։ Ան նո՛յնիսկ հերկելու եղանակին քարոզելու գնաց։ Իր գիւղի մարդիկը վրան կը խնդային եւ կ’ըսէին։ «Դուն եւ ընտանիքդ անօթի պիտի մեռնիք, քանի որ ժամանակդ քարոզելով կը մեռցնես»։ Փրիսքան անոնց կը պատասխանէր. «Եհովան իր ծառաները բնաւ երեսի վրայ չի ձգեր»։ Անկէ քիչ ետք, Փրիսքան մեր կազմակերպութենէն ուտելիք ստացաւ։ Օգնութեան այդ աշխատանքները շատ տպաւորեցին Փրիսքային կարգ մը դրացիները, եւ անոնք իրեն ըսին. «Իրա՛ւ Աստուած քեզի երեսի վրայ չի ձգեց։ Մենք կ’ուզենք քու Աստուածդ ճանչնալ»։ Հիմա, եօթը դրացիներ մեր ժողովները մտիկ կ’ընեն ռատիոյով։
Որքա՛ն աւելի մօտենանք այս աշխարհին վերջին, ա՛յնքան աւելի բնական աղէտներ տեղի պիտի ունենան (Մատթէոս 24։3, 7)։ Ձեր առատաձեռն նուիրատուութիւնները, որոնք տարբեր մեթոտներով կ’ընէք donate.pr418.com կայքին միջոցաւ, շա՛տ գնահատելի են։ Ատոնք ճիշդ ժամանակին պէտք եղած օգնութիւնը կը տրամադրեն աղէտէ տուժածներուն համար։
a 2020 Ծառայութեան տարին սկսաւ սեպտեմբեր 2019–ին եւ վերջ գտաւ օգոստոս 2020–ին։
b ՔՈՎԻՏ–19 համավարակին հետ կապ ունեցող սահմանափակումներուն պատճառաւ, մեր եղբայրները պէտք էր նախ արտօնութիւն առնէին որ ուտելիքները իրենց եղբայրներուն ու քոյրերուն բերէին։ Անշուշտ անոնք պէտք եղած քայլերն ալ առին որ չվարակուին։