Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՁԵՐ ՆՈՒԻՐԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԻՆՉՊԷ՛Ս ԿԸ ԳՈՐԾԱԾՈՒԻՆ

Ամէնէն կարեւոր գիրքը արտադրել

Ամէնէն կարեւոր գիրքը արտադրել

1 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2021

 «19 տարիէ ա՛յս օրուան կը սպասէի»։ Մեր հաւատակիցը ինչի՞ կը սպասէր։ Ան կը սպասէր որ Քրիստոնէական Յունարէն Գրութիւններու նոր աշխարհի թարգմանութիւն–ը իր լեզուով՝ պենկալերէնով՝ թարգմանուէր։ Շատեր այսպէս կ’արտայայտուին երբ Նոր աշխարհի թարգմանութիւն–ը իրենց լեզուով կ’ունենան։ Բայց արդեօք մտածա՞ծ ես թէ որքա՛ն աշխատանք կը պահանջէ, որ այս Աստուածաշունչը թարգմանուի եւ արտադրուի։

 Նախ, Կառավարիչ մարմինի Գրական յանձնախումբին առաջնորդութեան տակ, թարգմանութեան խումբ մը կը նշանակուի։ Աստուածաշունչը թարգմանելը որքա՞ն ժամանակ կ’առնէ։ Նիքոլաս Ախլատիս, որ կը ծառայէ Թարգմանչական խումբերուն ծառայող բաժանմունքին մէջ, Ուորուիք (Նիւ Եորք), կը բացատրէ. «Ատիկա շատ բաներէ կախեալ է։ Օրինակ, քանի՛ թարգմանիչներ կարելի է նշանակել այս խումբին մէջ, լեզուն որքա՛ն դժուար է, ընթերցողները որքա՛ն լաւ կը հասկնան կեանքը Աստուածաշունչի օրերուն եւ իրենց թարգմանած լեզուն որքանո՛վ շրջանէ շրջան կը տարբերի։ Միջին հաշուով, խումբի մը հետ կրնայ մէկ տարիէն երեք տարի առնել որ թարգմանէ միայն Քրիստոնէական Յունարէն Գրութիւնները եւ մօտ չորս տարի, կամ աւելի, որ թարգմանէ ամբողջ Աստուածաշունչը։ Իսկ նշանային լեզուներուն պարագային, ատիկա աւելի երկար ժամանակ կ’առնէ»։

 Թարգմանութեան խումբէն զատ, խումբ մը ընթերցողներ ալ պէտք են։ Անոնք պէտք է որ տարբեր ենթահողեր ունենան եւ երբեմն տարբեր երկիրներէ ըլլան, որ աչքէ անցընեն թարգմանութիւնը եւ իրենց կարծիքը տան եւ ըսելիքները փոխանցեն՝ ձրիաբար։ Ասիկա թարգմանիչներուն կ’օգնէ որ աւելի ճիշդ եւ յստակ կերպով թարգմանեն։ Հարաւային Ափրիկէի մէջ, Աստուածաշունչի թարգմանիչները մարզող մը կ’ըսէ. «Թարգմանիչները շատ մեծ պատասխանատուութիւն կը զգան Եհովային եւ իր Խօսքը կարդացողներուն առջեւ»։

 Թարգմանութիւնը վերջանալէ ետք, Աստուածաշունչերը պէտք է տպուին եւ կազմուին։ Անոր համար, տպարանները կը գործածեն առնուազն 10 բան. թուղթ, մելան, կողք, խէժ, կողքին ներսի մասին համար կտոր, պղնձէ թուղթ, ժապաւէններ, կապեր, կողմի կողքը կարծրացնող եւ Աստուածաշունչին էջերը իրարու միացնող փակցնելիք։ 2019–ին աւելի քան 20 միլիոն ամ. տոլար ծախսեցինք, որ այս ապրանքները գնենք՝ Աստուածաշունչ արտադրելու համար։ Տպարաններուն մէջ մեր եղբայրներն ու քոյրերը աւելի քան 300,000 ժամեր աշխատեցան ամբողջ տարուան ընթացքին, որ այս Աստուածաշունչերը արտադրեն եւ ժողովքներուն ղրկեն։

«Աստուածաշունչը ամէնէն կարեւոր գիրքն է որ կ’արտադրենք»

 Ինչո՞ւ համար ա՛յսքան ժամանակ եւ դրամ կը տրամադրուի այս աշխատանքին համար։ Ճոէլ Պլու, որ կը ծառայէ Միջազգային տպագրութեան բաժանմունքին մէջ, կ’ըսէ. «Աստուածաշունչը ամէնէն կարեւոր գիրքն է որ կ’արտադրենք։ Անոր համար կ’ուզենք որ ատոր տեսքը փառք բերէ Աստուծոյ եւ մեր քարոզածը գեղեցկացնէ»։

 Նոր աշխարհի թարգմանութիւն–ը սովորական կերպով արտադրելէ զատ, մենք ատիկա կ’արտադրենք յատուկ կարիքներ ունեցող անհատներու համար ալ։ Օրինակ, ատիկա թարգմանուած է 10 պրայլ լեզուներով։ Պրայլ լեզուով, մէկ Աստուածաշունչ պատրաստելը կրնայ մօտ ութ ժամ առնել։ Եւ քանի որ ատիկա մեծ գիրք է, կոյր անհատ մը պէտք է որ իր գրադարանին մէջ 2.3 մեթր տեղ ունենայ, որ այդ Աստուածաշունչին հատորները տեղաւորէ։ Ասկէ զատ, մենք Նոր աշխարհի թարգմանութիւն–ը բանտարկեալներու համար կ’արտադրենք թուղթէ կողքով, քանի որ կարգ մը բանտերու մէջ միայն թուղթէ կողքով գիրքեր արտօնուած են։

 Նոր աշխարհի թարգմանութիւն–ը շատերու կեանքը կը փոխէ։ Օրինակ, տեսնենք քիլուպա լեզուն խօսող ժողովքի մը պարագան Թոմպէի մէջ (Քոնկոյի Ժողովրդավարական Հանրապետութիւն)։ Թոմպէն աւելի քան 1700 քիլոմեթր հեռու է մայրաքաղաքէն։ Այդ շրջանին մէջ ապրող Եհովայի վկաները ունէին մէկ Աստուածաշունչ՝ հին քիլուպա լեզուով։ Այդ Աստուածաշունչը ձեռքէ ձեռք կ’անցնէր, որ եղբայրները կարենային ժողովները պատրաստել։ Բայց 2018–էն սկսեալ, Նոր աշխարհի թարգմանութիւն–ը հիմակուան քիլուպա լեզուով թարգմանուեցաւ եւ բոլոր ժողովքին բաժնուեցաւ։

 Գերմանախօս քոյր մը գերմաներէն վերանայուած Նոր աշխարհի թարգմանութեան մասին կ’ըսէ. «Ես այլեւս չեմ ըսեր պէտք է Աստուածաշունչը կարդամ։ Հապա ես ինծի կ’ըսեմ. ‘Ե՞րբ կրնամ աւելի կարդալ’»։ Բանտարկեալ մը գրեց. «Ինծի տուին Նոր աշխարհի թարգմանութիւն–ը եւ ատիկա իմ կեանքս կը փոխէ։ Ես այս թարգմանութիւնը կարդալէ առաջ, բնաւ չէի հասկցած Աստուծոյ Խօսքը։ Ես կ’ուզեմ Եհովայի վկաներուն մասին աւելի՛ն գիտնալ եւ Եհովայի վկայ դառնալ»։

 Նոր աշխարհի թարգմանութիւն–ը կարդացողները երախտապարտ են բոլոր նուիրատուութիւններուն համար, որոնք կարելի կը դարձնեն այս Աստուածաշունչին թարգմանութիւնը եւ արտադրութիւնը։ Համաշխարհային գործին համար տրամադրուած այս նուիրատուութիւնները donate.pr418.com կայքին միջոցաւ կ’ըլլան։ Շնորհակալ ենք ձեր առատաձեռնութեան համար։