ՁԵՐ ՆՈՒԻՐԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԻՆՉՊԷ՛Ս ԿԸ ԳՈՐԾԱԾՈՒԻՆ
Աւելին կը լրացնէ պակասը
1 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2020
Եհովայի վկաները շա՛տ կարեւոր աշխատանք կը տանին որ մարդոց օգնեն աւելի քան 200 երկիրներու մէջ։ Բայց այդ երկիրներէն միայն 35–ը բաւարար նուիրատուութիւններ կը ստանայ որ ծախսեր գոցէ։ Լաւ միւս երկիրներուն ծախսերը ինչպէ՞ս կը գոցուին։
Եհովայի վկաներու Կառավարիչ մարմինը կը նայի որ ամբողջ աշխարհի մէջ Եհովայի վկաները ինչի պէտք ունին որ Աստուած պաշտեն եւ բարի լուրը քարոզեն։ Ուշի–ուշով կը ծրագրուի նուիրատուութիւնները ինչպէ՛ս գործածել։ Եթէ մասնաճիւղ մը տեղական ծախսերէն աւելի նուիրատուութիւններ ստանայ, աւելորդ գումարը կը ղրկէ կարիքաւոր երկիրներ։ Այս կարգադրութիւնը կը նմանի այն կարգադրութեան որուն առաջին դարու քրիստոնեաները հետեւեցան, երբ իրարու օգնեցին «որպէս զի հաւասարութիւն ըլլայ» (Բ. Կորնթացիս 8։14)։ Անոնք իրենց աւելիով կարիքաւոր քրիստոնեաներուն օգնեցին։
Եղբայրները ի՞նչ կը զգան երբ ուրիշ մասնաճիւղերէ նուիրատուութիւններ կը ստանան։ Օրինակ, Թանզանիայի մէջ, ուր ժողովուրդին մեծամասնութեան օրականը 2 ամ. տոլարէն պակաս է, այս նուիրատուութիւնները գործածուեցան նորոգելու Մաֆինկա ժողովքին գործածած Թագաւորութեան սրահը։ Ժողովքը գրեց. «Նորոգութենէն ետք, ներկաներուն թիւը շա՛տ աւելցաւ։ Մենք շա՛տ երախտապարտ ենք Եհովային կազմակերպութեան եւ համաշխարհային եղբայրութեան իրենց առատաձեռնութեան համար։ Ատոնց շնորհիւ մենք հիմա պաշտամունքի գեղեցիկ վայր ունինք»։
Սրի Լանքայի մէջ, մեր եղբայրներէն ոմանք բաւարար ուտելիք չունինք ՔՈՎԻՏ–19 համավարակին պատճառաւ։ Իմարա Ֆերնանտոն եւ իր պատանի տղան՝ Ինոշը, օրինակ մըն են։ Բայց ուրիշ երկիրներէ եկած նուիրատուութիւններուն շնորհիւ, անոնք պէտք եղած օգնութիւնը ստացան։ Քարտի մը մէջ անոնք գրեցին. «Շնորհակալ ենք եղբայրներէն, որոնք ցոյց տուին որ մեզ կը սիրեն այս դժուար ժամանակներուն մէջ։ Մենք շատ ուրախ ենք որ այս ընտանիքին մէկ անդամն ենք եւ միշտ կ’աղօթենք որ Եհովան մեր եղբայրներուն օգնէ այս վերջին օրերուն ընթացքին»։
Մեր եղբայրներն ու քոյրերը ո՛ւր որ ալ ապրին, կը սիրեն իրենց ունեցածը ուրիշներուն հետ բաժնել։ Օրինակ, Ինոշը պզտիկ նուիրատուութեան տուփ պատրաստեց, որպէսզի ինքն ալ կարենայ նուիրատուութիւններ ընել կարիքաւոր ընտանիքներուն։ Այս առատաձեռն հոգին ցուցաբերեց նաեւ Կուատալուփէ Ալվարէզը։ Ան մեքսիքական նահանգի մը մէջ կ’ապրի ուր քիչեր նուազագոյն ամսականը կ’առնեն կամ ալ միշտ եկամուտ չունին։ Բայց եւ այնպէս Կուատալուփէն կրցածին չափ նուիրատուութիւններ կ’ընէ։ Ան կը գրէ. «Երախտապարտ եմ Եհովային իր բարութեան եւ հաւատարիմ սիրոյն համար։ Գիտեմ եմ նուիրատուութիւնս ուրիշ գումարներու վրայ պիտի աւելնայ եւ կարիքաւոր եղբայրներուն օգտակար պիտի դառնայ»։
Այն մասնաճիւղերը, որոնք կարող են նուիրատուութիւններ ուղարկել կարիքաւոր երկիրներուն, ուրախութեամբ կ’ընեն ասիկա։ Էնթընի Քարվալոն, որ կը ծառայէ Պրազիլի մասնաճիւղի յանձնախումբին մէջ, կ’ըսէ. «Մեր երկրին մէջ, գործունէութիւնը տարինե՜ր նիւթական աջակցութեան պէտք ունէր։ Նուիրատուութիւններուն շնորհիւ, մեր գործունէութիւնը յառաջ գնաց։ Հիմա, մեր նիւթական պարագաները փոխուեցան եւ մենք հիմա առանձնաշնորհումը ունինք ուրիշներուն օգնելու։ Եղբայրները քարոզչութեան կը նային որպէս համաշխարհային գործ եւ կը տեսնեն թէ ի՛նչ կրնան ընել որ օգնութեան ձեռք տան»։
Եհովայի վկաները ինչպէ՞ս կրնան իրենց կարիքաւոր եղբայրներուն ու քոյրերուն աջակցիլ։ Ոչ թէ նուիրատուութիւնները ղրկելով մասնայատուկ մասնաճիւղի մը, հապա համաշխարհային գործին համար նուիրատուութիւններ ընելով։ Ասիկա կ’ընեն դրամ դնելով Թագաւորութեան սրահին մէջ գտնուող «Համաշխարհային գործին համար» տուփին մէջ կամ ալ donate.pr418.com կայքին միջոցաւ։ Մենք շա՛տ կը գնահատենք բոլոր նուիրատուութիւնները։