Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Գաղաադի դպրոցին մէկ դասարանը՝ 2017–ին

ՁԵՐ ՆՈՒԻՐԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԻՆՉՊԷ՛Ս ԿԸ ԳՈՐԾԱԾՈՒԻՆ

«Գաղաադ»՝ համաշխարհային դպրոց

«Գաղաադ»՝ համաշխարհային դպրոց

1 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2020

 Ամէն տարի, աշխարհի չորս կողմէն, յատուկ լիաժամ ծառաներ կը հրաւիրուին որ Գաղաադի աստուածաշնչական դպրոցը յաճախեն, Դիտարանի կրթական կեդրոնին մէջ, Փէթըրսըն (Նիւ Եորք) a։ Այս դպրոցին մէջ, աշակերտները կը սորվին աւելի լաւ կերպով ընել իրենց նշանակումները Եհովային կազմակերպութեան մէջ։ Եւ դպրոցին մէջ ստացած իրենց մարզումը իրենց կ’օգնէ որ ժողովքները զօրացնեն եւ կազմակերպութեան մասնաճիւղերուն աջակցին։

 Գաղաադը իրապէս համաշխարհային դպրոց է։ Օրինակ 2019–ին, 147–րդ դասարանին մէջ կային 56 աշակերտներ՝ 29 երկիրներէ։ Գաղաադ յաճախող աշակերտները յատուկ լիաժամ ծառաներ կ’ըլլան. այսինքն՝ բեթէլականներ, շրջանային տեսուչներ, միսիոնարներ կամ մասնաւոր ռահվիրաներ։

 Դպրոցին պատրաստութիւնները առաջին օրուան դասընթացքէն շատ առաջ կը սկսին։ Օրինակ, Կեդրոնատեղիին ճամբորդութեան բաժանմունքը աշակերտներուն ճամբորդութեան տոմսերը կը գնէ։ Գաղաադի 147–րդ դասարանը յաճախող օտար աշակերտներուն ճամբորդութեան տոմսին միջին գումարը Փէթըրսըն երթալու եւ հոնկէ վերադառնալու համար 1075 ամ. տոլար էր։ Սողոմոնի Կղզիներէն եկող աշակերտները չորս թռիչք պէտք էր առնէին որ Փէթըրսըն հասնէին եւ ետքը, վերադառնալու համար, պէտք էր երեք թռիչք առնէին։ Ընդհանուրը, անոնք աւելի քան 35,400 քիլոմեթր կտրեցին։ Եւ այդ թռիչքներուն միջին գումարը մէկ աշակերտի համար 2300 ամ. տոլար էր։ Դրամ խնայելու համար, Կեդրոնատեղիին ճամբորդութեան բաժանմունքը կը գործածէ համակարգիչի ծրագիր մը, որ յարմար գինով տոմսեր գտնէ։ Նոյնիսկ տոմս մը ապահովելէ ետք, այդ համակարգիչի ծրագիրը կը շարունակէ շաբաթներով եւ նոյնիսկ ամիսներով գինը հետապնդել, որպէսզի նայի որ ատիկա աւելի աժան պիտի ըլլայ կամ ոչ։ Տոմսեր գնելու համար, Կեդրոնատեղիին ճամբորդութեան բաժանմունքը կը գործածէ նաեւ եղբայրներուն նուիրած ճամբորդութեան մղոնները (miles) եւ վարկագիրերը (airline credits)։

 Աշակերտներէն շատեր Միացեալ Նահանգներ մտնելու համար, պէտք ունին վիզայի։ Անոր համար Կեդրոնատեղիին Օրինական բաժանմունքը իրենց կ’օգնէ որ աշակերտական վիզա առնեն։ Միջին հաշուով, վիզան եւ արձանագրութեան ծախսերը կ’արժեն մօտ 510 ամ. տոլար՝ ամէն մէկ աշակերտի համար։

 Մենք ինչպէ՞ս կ’օգտուինք այս աշակերտներուն ստացած մարզումէն։ Եղբայր Հէնտրա Կունավանը կը ծառայէ որպէս երէց՝ Ասիայի հարաւ–արեւելքը։ Իր ժողովքին մէջ կան ամուսնացած զոյգ մը, որոնք Գաղաադը աւարտած են։ Եղբայր Կունավանը կ’ըսէ. «Առաջ, մեր ժողովքը կանոնաւոր ռահվիրաներ չունէր։ Բայց հիմա որ Գաղաադի շրջանաւարտները եկան, անոնք իրենց նախանձախնդիր եւ կամաւոր հոգին փոխանցեցին ուրիշներու, որոնք որոշեցին ռահվիրայութեան սկսիլ։ Ետքը, մեր ժողովքէն քոյր մը նոյնիսկ յաճախեց Թագաւորութեան աւետարանիչներու դպրոցը»։

 Սէրճիօ Փանճայթանը Գաղաադի շրջանաւարտներու հետ կը ծառայէ Ասիայի հարաւ–արեւելքը գտնուող Բեթէլի մը մէջ։ Ան կ’ըսէ. «Իրենց ստացած մարզումը ոչ միայն իրենց համար օրհնութիւն է, հապա մեզի համար ալ։ Անոնք շատ բաներ սորված են դպրոցը. բայց փոխանակ ինքզինքնին տեսնելու, անոնք իրենց սորվածը մեր բոլորին հետ կը բաժնեն։ Ասիկա մեզ կը քաջալերէ, մենք ալ մեր կարգին ուրիշները կը քաջալերենք»։

 Այս դպրոցին ծախսերը ինչպէ՞ս կը գոցենք։ Համաշխարհային գործին տրամադրուած նուիրատուութիւններով։ Եւ այդ նուիրատուութիւններուն մեծամասնութիւնը կ’ըլլայ donate.pr418.com կայքին միջոցաւ։ Շնորհակալ ենք ձեր առատաձեռն նուիրատուութիւններուն համար, որոնք այս համաշխարհային դպրոցը կարելի կը դարձնեն։

a Աստուածպետական դպրոցներու բաժանմունքը այս դպրոցին յայտագիրը կը պատրաստէ եւ ատեն–ատեն աչքէ կ’անցընէ։ Այս բաժանմունքին վրայ կը վերահսկէ Եհովայի վկաներու Կառավարիչ մարմինի Ուսուցումի յանձնախումբը։ Դպրոցին ուսուցիչները կ’ըլլան այս բաժանմունքէն՝ Աստուածպետական դպրոցներու բաժանմունքէն։ Ասկէ զատ, ուրիշ ուսուցիչներ ալ կը հրաւիրուին նիւթեր ներկայացնելու աշակերտներուն, մէջը ըլլալով Կառավարիչ մարմինի անդամները։