Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՁԵՐ ՆՈՒԻՐԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԻՆՉՊԷ՛Ս ԿԸ ԳՈՐԾԱԾՈՒԻՆ

Գրադարան մը ափիդ մէջ

Գրադարան մը ափիդ մէջ

1 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 2021

 «Ասկէ առաջ նոյնիսկ չէինք երեւակայեր, որ մեր հրատարակութիւնները կրնանք ելեկտրոնային կերպով ունենալ»։ Այդպէս չէ՞։ Կառավարիչ մարմինի 2020ի տեղեկագրութիւն թիւ 6–ին մէջ, եղբայր Ճէֆրի Ճեքսընը իր քաջալերական դասախօսութեան մէջ այս խօսքը ըսաւ: Յետոյ աւելցուց. «Եւ հիմա ատեններ հարց կու տանք, որ այս համավարակին ընթացքին ի՞նչ պիտի ընէինք առանց JW Library–ին։ Տարիներու ընթացքին, Եհովան մեզի ասանկ բանի մը համար կը պատրաստէր»։

 Եհովան ինչպէ՞ս մեզ կը պատրաստէր։ JW Library էփ–ը ստեղծելու համար ի՞նչ աշխատանքներ տարուեցան։ Եւ ի՞նչ աշխատանքներ դեռ կը տարուին, որ ատիկա շարունակէ գործի ծառայել եւ բարելաւուիլ։

Յատուկ էփ մը

 Մայիս 2013–ին, Կառավարիչ մարմինը խնդրեց կեդրոնատեղիին ՄԵՓՍ Ծրագրաւորող բաժանմունքէն որ պատրաստէ էփ մը, որուն մէջ ըլլայ վերանայուած Նոր աշխարհի թարգմանութիւն–ը։ «Մինչեւ այն ատեն մենք էփ մը չունէինք», կ’ըսէ Փոլ Ուիլիզ, որ կը ծառայէ այդ բաժանմունքին մէջ։ «Մենք խումբ մը կազմեցինք, քանի մը ծրագիրներ մէկ կողմ դրինք եւ ուրիշ բաժանմունքներու հետ աշխատեցանք, որ ծրագրենք եւ պատրաստենք էփ–ը։ Շատ աղօթեցինք եւ Եհովային օգնութեամբ էփ–ը մէջտեղ եկաւ եւ ատոր մասին յայտարարուեցաւ միայն հինգ ամիս ետք՝ տարեկան ժողովին»։

 Յետոյ այս բաժանմունքը ուրիշ դժուարութիւն մը ունեցաւ։ Անոնք պէտք էր որ էփ–ը իսկական գրադարանի վերածէին, որ մէջը ըլլար ոչ միայն Սուրբ Գիրքը, հապա շատ մը հրատարակութիւններ, շատ մը լեզուներով։ Յունուար 2015–ին, արդէն էփ–ին մէջ անգլերէնով կային վերջին հրատարակութիւնները։ Եւ միայն ատկէ վեց ամիս ետք, էփ–ը գործածողները կրնային բեռնել հրատարակութիւններ՝ հարիւրաւոր լեզուներով։

 Ատկէ ի վեր, մեր եղբայրները տարբեր կերպերով բարելաւած են էփ–ը, մէջը աւելցնելով վիտէօներ եւ բաժին մը՝ որուն մէջ կարելի է գտնել բոլոր հրատարակութիւնները, նկարները, վիտէօները եւ ձայնագրութիւնները ժողովներուն համար։ Ասկէ զատ, անոնք կարելի դարձուցած են որ էփ–ը գործածողները ուղղակի Աստուածաշունչի համարէ մը կարենան բանալ Փնտռտուքի ուղեցոյց–ին աղբիւրները։

Գրադարանին համար տարուած աշխատանքներ

 JW Library–ն ամէն օր 8 միլիոն սարքերու վրայ կը բացուի, իսկ ամէն ամիս՝ աւելի քան 15 միլիոն սարքերու վրայ։ Ի՞նչ աշխատանք կը տարուի որ JW Library էփ–ը այս սարքերուն վրայ գործէ։ Եղբայր Ուիլիզը կը բացատրէ. «Էփ–ի մը համար տարուած աշխատանքը բնաւ վերջ չունի։ Մենք միշտ նոր բաներ կ’աւելցնենք էփ–ին վրայ եւ կ’աշխատինք որ ատոր գործածութիւնը աւելի դիւրին ըլլայ»։ Քանի՛ որ ելեկտրոնային սարքերու ընկերութիւնները գործավար համակարգերը (operating systems) շատ անգամ կը նորոգեն, մենք պէտք է միշտ էփ–ը բարելաւենք, որ ատիկա շարունակէ աշխատիլ այդ նոր համակարգերուն վրայ։ Մենք պէտք է միշտ մեր ներքին ծրագրակազմին (internal software) վրան աշխատինք եւ ատիկա նորոգենք, քանի որ JW Library–ին մէջի հրատարակութիւնները եւ ձայնագրութիւնները երթալով կ’աւելնան։ Բոլոր լեզուները հաշուըուած, հիմա JW Library–ին մէջ կան մօտ 200,000 հրատարակութիւններ եւ աւելի քան 600,000 ձայնագրութիւններ եւ վիտէօներ։

 Այս բոլոր աշխատանքը տանելու համար չի բաւեր միայն համակարգիչի կտորներ գնենք, հապա պէտք է նաեւ ծրագրակազմի արտօնագիրներու (software licenses) համար դրամ վճարենք։ Միայն մէկ արտօնագիրը տարեկան մեզի 1500 ամ. տոլարի կը նայի։ Ասկէ զատ, ՄԵՓՍ Ծրագրաւորող բաժանմունքը տարեկան մօտ 10,000 ամ. տոլար կը ծախսէ, որ տարբեր ընկերութիւններէ ելեկտրոնային սարքեր գնէ, վստահ ըլլալու համար որ էփ–ը կը շարունակէ աշխատիլ վերջին համակարգիչներուն, թապլեթներուն եւ հեռաձայններուն վրայ։

Ելեկտրոնային հրատարակութիւններ գործածելը՝ նուիրատուութիւնները կը խնայէ

 Քանի՛ որ JW Library–ն կը գործածուի, մենք աւելի քիչ դրամ կը ծախսենք հրատարակութիւններ տպելու, կազմելու եւ մէկ տեղէն միւսը փոխադրելու համար։ Օրինակ, նկատի առ Աստուածաշունչը քննենք ամէն օր գրքոյկը։ Մենք մօտ 12 միլիոն օրինակ տպեցինք այս գրքոյկին 2013–ի թիւին համար։ Բայց 2020–ի թիւին համար, մենք տպեցինք միայն մօտ հինգ միլիոն գրքոյկ, հակառակ անոր որ ամբողջ աշխարհի մէջ 700,000 աւելի՛ հրատարակիչներ ունէինք։ Ինչո՞ւ այսքան մեծ տարբերութիւն կար արտադրութեան մէջ։ Քանի որ մեր եղբայրներէն ու քոյրերէն շատեր հիմա օրուան համարը կը կարդան JW Library–էն a։

«Ատիկա շատ աղուոր էփ մըն է»

 JW Library–ն գործածողները շատ մը կերպերով կ’օգտուին։ Ժընըվիէվը, որ կ’ապրի Քանատայի մէջ, կը զգայ որ էփ–ը իր սերտողութիւնը աւելի՛ կանոնաւոր դարձուցած է։ Ան կ’ըսէ. «Շիտակը, եթէ ամէն անգամ սերտելու համար շատ մը գիրքերու պէտք պիտի ունենայի, չեմ կարծեր որ պիտի կարենայի ամէն առտու սերտել։ Բայց այս էփ–ին մէջ ամէն ինչ կայ, եւ ես պէտք ունիմ միայն թապլեթս աշխատցնելու։ Կանոնաւորաբար սերտելը իմ հաւատքս եւ հոգեւորութիւնս զօրացուցած է»։

Ժընըվիէվ

 Էփ–ը մասնաւորաբար օգտակար դարձած է ՔՈՎԻՏ–19 համավարակին ժամանակ։ Միացեալ Նահանգներէն Շարլինը կը բացատրէ. «ՔՈՎԻՏ–19 համավարակին ժամանակ, իմ ձեռքս տպուած հրատարակութիւն մը չանցաւ աւելի քան մէկ տարի։ Բայց JW Library–ն մեզի հոգեւոր լաւ սնունդ տուաւ եւ ես շնորհակալ եմ Եհովայէն այս սիրալիր կարգադրութեան համար»։

 Շատեր կը զգան Ֆէյին պէս, որ կ’ապրի Ֆիլիփիններուն մէջ։ Ան կ’ըսէ. «Ես այս մէկ գործնական էփ–ով հոգեւոր ռութինս կը պահեմ եւ Եհովային մօտիկ կը մնամ։ Ատիկա կը գործածեմ ամէն բանի մէջ։ Առտու արթննալուս պէս հոնկէ կը կարդամ, տունի գործերը ըրած ժամանակ մէջէն բան մը մտիկ կ’ընեմ, ժողովները ատով կը պատրաստեմ, ծառայութեան համար ատով կը պատրաստուիմ, ազատ ժամանակիս ատոր մէջի վիտէօները կը դիտեմ եւ երբ որ շուկան շարքի կեցած ըլլամ, մէջէն յօդուածներ կամ Սուրբ Գիրքը կը կարդամ։ Ատիկա շատ աղուոր էփ մըն է»։

 Էփ–ը շատ արժէքաւոր է նաեւ ծառայութեան մէջ։ Օրինակ, Գամերունէն քոյր մը քարոզած ժամանակ ուզեց գործածել համար մը, որ ուրիշ քոյր մը գործածած էր շաբաթներ առաջ։ Բայց ան չյիշեց ո՛ւր է համարին տեղը։ Ան կը բացատրէ. «Լաւ է որ համարէն մէկ–երկու բառ կը յիշէի։ Էփ–ին մէջ Սուրբ Գիրքը բացի եւ այդ բառերը գրեցի։ Շուտով այդ համարը գտայ։ Էփ–ը ինծի կ’օգնէ որ գտնեմ շատ մը համարներ, որոնք երբեմն կը մոռնամ»։

 JW Library էփ–ին եւ ատոր բարելաւման ծախսերը ինչպէ՞ս կը գոցենք։ Ձեր նուիրատուութիւններուն միջոցաւ, որոնք կ’ընէք donate.pr418.com կայքին մէջ անցած տարբեր մեթոտներով։ Շնորհակալ ենք ձեր առատաձեռնութեան համար։

JW Library–ին մէջ եղած յատկանշական բարելաւումներ

  1. Հոկտեմբեր 2013։ Էփ–ին մասին յայտարարուեցաւ ու ատիկա իր մէջ ունէր վերանայուած Նոր աշխարհի թարգմանութիւն–ը

  2. Յունուար 2015։ Ուրիշ հրատարակութիւններ աւելցուեցան անգլերէնով եւ յետոյ հարիւրաւոր լեզուներով

  3. Նոյեմբեր 2015։ Կարելի դարձաւ մեր ուզած նախադասութիւնները գունաւորել (highlight)

  4. Մայիս 2016։ «Ժողովներ» բաժինը աւելցուեցաւ

  5. Մայիս 2017։ Կարելի դարձաւ նոթ առնել

  6. Դեկտեմբեր 2017։ Սերտողութեան համար Աստուածաշունչ–ը աւելցաւ

  7. Մարտ 2019։ Կարելի դարձաւ ձայնագրութիւններ բեռնել, վիտէօները առանց բեռնելու դիտել եւ Փնտռտուքի ուղեցոյց–ին աղբիւրները աւելցուեցան

  8. Յունուար 2021։ Կեանքը վայելէ յաւիտեա՛ն հրատարակութիւնը աւելցուեցաւ իր աղբիւրներով

a Ամէն անգամ որ մէկը JW Library–էն բան մը պիտի բեռնէ, ատիկա շատ քիչ գումարի կը նայի։ Օրինակ, անցեալ տարի, jw.org կայքէն եւ JW Library էփ–էն հրատարակութիւններ եւ վիտէօներ բեռնելը եւ վիտէօները առանց բեռնելու դիտելը մէկուկէս միլիոն ամ. տոլարի նայեցաւ։ Բայց եւ այնպէս աւելի աժանի կը նայի ելեկտրոնային հրատարակութիւններ եւ ձայնագրութիւններ բեռնելը, քան՝ հրատարակութիւններ, CD–ներ եւ DVD–ներ արտադրելը եւ ատոնք մէկ տեղէն միւսը փոխադրելը։