Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՁԵՐ ՆՈՒԻՐԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԻՆՉՊԷ՛Ս ԿԸ ԳՈՐԾԱԾՈՒԻՆ

Թարգմանութեան հեռաւոր գրասենեակները միլիոնաւորներու օգտակար կը դառնան

Թարգմանութեան հեռաւոր գրասենեակները միլիոնաւորներու օգտակար կը դառնան

1 ՄԱՐՏ 2021

 Թարգմանութեան խումբերուն մէջ լիաժամ ծառայողներուն աւելի քան 60 առ հարիւրը չ’աշխատիր մասնաճիւղերու մէջ, հապա կ’աշխատի թարգմանութեան հեռաւոր գրասենեակներու մէջ։ Այս կարգադրութիւնը ինչո՞ւ օգտակար է։ Թարգմանիչները ի՞նչ գործիքներու պէտք ունին որ իրենց գործը ընեն։ Եւ թարգմանութեան հեռաւոր գրասենեակին վայրը ինչպէ՞ս կ’ազդէ թարգմանութեան որակին։

 Թարգմանութեան հեռաւոր գրասենեակները առիթ կու տան թարգմանիչներուն, որ ապրին հոն ուր մարդիկ իրենց թարգմանած լեզուն կը խօսին։ Քարինը, որ ստորին գերմաներէն լեզուի թարգմանչուհի է, կը բացատրէ. «Քուոթեմաք (Չիհուահուա, Մեքսիքա) եկանք չեկանք, միշտ կը խօսինք ստորին գերմաներէն իրարու հետ թարգմանութեան ժամանակ, եւ ծառայութեան ու խանութներուն մէջ։ Մեր չորս կողմը կան մարդիկ որոնք մեր լեզուն կը խօսին։ Մենք կը լսենք մարդիկ ինչպէ՛ս կ’արտայայտուին եւ ի՛նչ բառեր կը գործածեն իրենց առօրեայ կեանքին մէջ»։

 Ճէյմզ, որ կը ծառայէ ֆրաֆրա լեզուի թարգմանութեան խումբին մէջ (Կանա), կ’ըսէ որ երբեմն կը կարօտնայ բեթէլականներուն հետ ընկերակցիլ մասնաճիւղին մէջ։ Բայց կ’աւելցնէ. «Շատ կը սիրեմ ծառայել թարգմանութեան հեռաւոր գրասենեակին մէջ։ Երբ տեղական լեզուով քարոզեմ եւ տեսնեմ մարդիկ ինչպէ՛ս բարի լուրին կ’ընդառաջեն, շա՛տ կ’ուրախանամ»։

 Եղբայրները ինչի՞ հիման կ’որոշեն, թէ ո՛ւր պիտի ըլլայ թարգմանութեան հեռաւոր գրասենեակը։ Ճազըֆ որ կը ծառայէ Համաշխարհային ծրագրում/շինարարութիւն բաժանմունքին մէջ (Ուորուիք, Նիւ Եորք), կ’ըսէ. «Խնդիրներէն մէկը այն է որ կարգ մը շրջաններուն մէջ չկան ելեկտրականութիւն, ջուր կամ նոյնիսկ Ինթըրնէթ, որուն միջոցաւ թարգմանիչները պէտք եղած ֆայլերը կը ստանան։ Անոր համար, թարգմանութեան գրասենեակ մը գտնելու համար պէտք է աչքէ անցընենք մէկէ աւելի վայր»։

 Ընդհանրապէս, ամէնէն արագ եւ աժան կերպն է՝ թարգմանութեան գրասենեակ կարգի դնել համաժողովի սրահի, Թագաւորութեան սրահի կամ միսիոնարական տունի մէջ, ուր թարգմանիչները կրնան գալ եւ աշխատիլ։ Իսկ եթէ այս տեսակ շինարարութիւններ չկան, եղբայրներուն արտօնութիւն կը տրուի որ գնեն յարկաբաժին եւ գրասենեակ, ուրկէ թարգմանիչները կրնան աշխատիլ։ Եթէ թարգմանութեան խումբին պէտքերը փոխուին, այս յարկաբաժինները եւ գրասենեակները կրնան դիւրաւ ծախուիլ եւ դրամը կը գործածուի աւելի՛ կարեւոր նպատակներու համար։

Թարգմանութեան համար պէտք եղած գործիքները ապահովել

 2020 Ծառայութեան տարուան ընթացքին, աւելի քան 13 միլիոն ամ. տոլար ծախսուեցաւ թարգմանութեան հեռաւոր գրասենեակներուն համար։ Այս գրասենեակները պէտք ունին համակարգիչներու, յատուկ համակարգչային ծրագիրներու (software), ձայնագրութեան գործիքներու, Ինթըրնէթի եւ ուրիշ կարեւոր ապրանքներու։ Օրինակ, ամէն մէկ համակարգիչ պէտք եղած գործիքներով կ’արժէ մօտ 750 ամ. տոլար։ Համակարգիչներուն մէջ կան առեւտրական ծրագիր (commercial software) եւ Դիտարանի թարգմանչական համակարգը, որ թարգմանիչներուն կ’օգնէ իրենց գործը կազմակերպել եւ դիւրաւ բանալ թարգմանուելիք ֆայլերը։

 Թարգմանիչներուն նաեւ կը տրուի ձայնագրութեան համար գործիքներ, որ կարենան գրասենեակին մէջ ձայնագրել։ Այս գործիքներուն արժէքը աւելի գիտցանք երբ ՔՈՎԻՏ–19 համավարակը սկսաւ, քանի որ թարգմանիչներէն շատեր կրցան իրենց գործիքները իրենց տունը տանիլ եւ հոնկէ թարգմանել յօդուածներ եւ վիտէօներ։

 Տեղացի կամաւորներ երբեմն կ’օգնեն թարգմանիչներուն։ Անոնք կը կարդան թարգմանուած նիւթերը եւ իրենց կարծիքն ու դիտողութիւնները կու տան եւ կը մասնակցին գրասենեակին նորոգութեան աշխատանքներուն։ Քըրսթին անունով քոյր մը, որ կը ծառայէ աֆրիքաանս լեզուի թարգմանութեան հեռաւոր գրասենեակին մէջ (Քէյփ Թաուն, Հարաւային Ափրիկէ), կ’ըսէ. «Մենք կ’օգտուինք շատ մը հրատարակիչներու եւ կանոնաւոր ռահվիրաներու ձիրքերէն, որոնք հոս կու գան որ մեզի հետ աշխատին»։

 Եւ հրատարակիչներն ալ այս առանձնաշնորհումով կ’ուրախանան։ Քոյր մը, որ թարգմանութեան հեռաւոր գրասենեակի մը կ’օգնէ, կ’ըսէ որ երբ հոն երթայ, կարծես «նոր մաքուր օդ» կը շնչէ եւ կը թարմանայ։ Իսկ կարգ մը եղբայրներ եւ քոյրեր գրասենեակ կու գան որ իրենց ձայները ձայնագրեն։ Խուանա անունով թարգմանչուհի մը, որ կը ծառայէ թոթոնագերէն լեզուի թարգմանութեան խումբին մէջ (Վերագրուզ, Մեքսիքա), կ’ըսէ. «Հիմա որ մօտ ենք այն քաղաքներուն ուր մեր լեզուն կը խօսուի, եղբայրներուն ու քոյրերուն համար աւելի՛ դիւրին է գալ եւ ձայնագրութիւններուն մասնակցիլ»։

 Բայց թարգմանութեան հեռաւոր գրասենեակները թարգմանութեան որակը բարելաւա՞ծ են։ Մեր միլիոնաւոր ընթերցողներէն շատեր այս հարցումին կը պատասխանեն. «Այո՛»։ Սետրիքը, որ կը ծառայէ քոնկօ խումբին մէջ (Քոնկոյի Ժողովրդավարական Հանրապետութիւն), կ’ըսէ. «Կարգ մը եղբայրներ եւ քոյրեր մեր թարգմանութեան համար կ’ըսէին որ ատիկա ‘Դիտարանի հրատարակութիւններու քոնկօ լեզուն է’, քանի որ ատիկա կապ չ’ունէր խօսակցական քոնկոյին հետ։ Բայց հիմա անոնք կ’ըսեն որ մեր հրատարակութիւններուն լեզուն աւելի պարզ եւ բնական է, քանի որ ատիկա մարդոց առօրեայ խօսակցութեան կը նմանի»։

 Հարաւային Ափրիկէի քոսա լեզուի թարգմանիչներէն մէկը՝ Անտիլ՝ կ’ըսէ. «Շատեր նկատեցին փոփոխութիւն թարգմանութեան մէջ։ Նոյնիսկ պզտիկները որոնք առաջ Դիտարան–ը անգլերէնով կը կարդային, հիմա քոսա լեզուով կը կարդան։ Անոնք մասնաւորաբար շատ կը սիրեն Նոր աշխարհի թարգմանութեան բնական ոճը»։

 Թարգմանութեան հեռաւոր գրասենեակներու հետ կապուած բոլոր ծախսերը կը գոցուին եւ ատոնց նորոգութիւնը կարելի կը դառնայ Համաշխարհային քարոզչութեան համար եղած նուիրատուութիւններուն շնորհիւ, որոնց մէկ մասը կը տրամադրուի donate.pr418.com կայքին միջոցաւ։