Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՁԵՐ ՆՈՒԻՐԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԻՆՉՊԷ՛Ս ԿԸ ԳՈՐԾԱԾՈՒԻՆ

Կէտեր՝ որոնք մարդոց կեանքը կը փոխեն

Կէտեր՝ որոնք մարդոց կեանքը կը փոխեն

1 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2021

 Դիտարան–ի 1 յունիս 1912–ի թիւին մէջ անցած էր. «Մեր ընթերցողներէն շատեր թերեւս կը ճանչնան անհատներ, որոնք կոյր են։ Անոնք կրնան ձրիաբար նիւթեր կարդալ։... Կոյրերուն համար յատուկ այս հրատարակութիւնը տպուած է դուրս ցցուած կէտերով, որ կոյրերը կարենան կարդալ»։ Դիտարան–ը աւելցուց. «Շատ մը կոյրեր երախտապարտ են, որ կրնան կարդալ գալիք նոր աշխարհի հոյակապ օրհնութիւններուն մասին»։

 Երբ որ Դիտարան–ը այս նիւթին մասին խօսեցաւ, տարբեր անգլիախօս երկիրներ պրայլի տարբեր սիսթեմ–ներ ունէին։ Բայց Եհովայի վկաները արդէն Աստուածաշունչի ճշմարտութիւնները կոյրերուն համար կ’արտադրէին պրայլով,– այսինքն՝ դուրս ցցուած կէտերով, որոնք գիրեր կը ներկայացնեն։ Եւ ասիկա կ’ընեն մինչեւ օրս։ Այսօր, աւելի քան 50 լեզուներով պրայլ հրատարակութիւններ ունինք։ Ատոնք ինչպէ՞ս կ’արտադրենք։

Դուրս ցցուած մէկէն վեց կէտեր կը ներկայացնեն գիրեր։ Դուրս ցցուած կէտեր կ’երեւին սիւնակի մը մէջ, որ վեց կէտերէ բաղկացած է

Հրատարակութիւնները պատրաստել պրայլով

 Հրատարակութիւն մը պրայլով պատրաստելու համար, նախ եւ առաջ պէտք է գրութիւնը պրայլի փոխել։ «Անցեալին, մենք կը գործածէինք ընկերութիւններու տրամադրած ծրագրակազմ մը (software), որ պրայլով գրենք ու տպենք։ Բայց ատիկա չէինք կրնար գործածել պէտք եղած բոլոր լեզուներուն համար», կը բացատրէ Մայքլ Միլըն՝ որ կը ծառայէ «Հրատարակութիւնները արտադրութեան համար պատրաստող բաժանմունք»ին մէջ (Փէթըրսըն, Նիւ Եորք)։ «Հիմա կը գործածենք «Դիտարանի թարգմանչական համակարգ»ը (Watchtower Translation System), որուն միջոցաւ կրնանք պրայլով գրել ու տպել շատ մը լեզուներով։ Կը կարծեմ որ այս համակարգին նման համակարգ չկայ»։

 Պրայլ հրատարակութիւններուն մէջ կան ո՛չ միայն յօդուածներ, հապա նաեւ՝ նկարներու նկարագրութիւններ։ Պրայլով, Կեանքը վայելէ յաւիտեա՛ն գիրքին կողքի նկարին նկարագրութիւնը այսպէս եկած է. «Մարդ մը կը քալէ ճամբու մը մէջ, որ շրջապատուած է գեղեցիկ կանաչութիւնով, բլուրներով եւ լեռներով»։ Ճէմշըտ անունով կոյր եղբայր մը, որ օգնական ծառայ եւ ռահվիրայ է, կ’ըսէ. «Ինծի համար նկարներուն նկարագրութիւնները շատ արժէքաւոր են»։

 Հրատարակութիւն մը պրայլի փոխելէ ետք, ֆայլերը կ’ուղարկուին այն մասնաճիւղերը, որոնք հրատարակութիւնը պրայլով պիտի պատրաստեն։ Հոն, հրատարակութիւնը կը տպուի տոկուն թուղթի վրայ, որ բնաւ չի ծակուիր կամ իր տեսքը չի կորսնցներ շարունակ գործածուելէ ետք։ Ետքը, էջերը կը հաւաքուին, կը կազմուին եւ ժողովքներուն կ’ուղարկուին կա՛մ միւս սովորական հրատարակութիւններուն հետ միասին կամ ալ նամակատուներու միջոցաւ, որոնք ունին «Կոյրերու համար ձրի ապրանքներ» ծառայութիւնը։ Երբ որ պէտք ըլլայ, մասնաճիւղերը նոյնիսկ կրնան կարգադրութիւններ տեսնել, որ ժողովներուն մէջ գործածուած հրատարակութիւնները շատ արագ կերպով ուղարկուին կոյր կամ տկար տեսողութիւն ունեցող եղբայրներուն ու քոյրերուն։

 Այս ամբողջ աշխատանքը շատ ժամանակի եւ դրամի կը նայի։ Իրականութեան մէջ, մեր Ուոլգիլի տպարանին մէջ (Նիւ Եորք) միա՛յն երկու պրայլ Աստուածաշունչեր տպելը, նո՛յն ժամանակը կ’առնէ, որքան 50,000 սովորական Աստուածաշունչեր տպելը։ Անգլերէն պրայլով, ամէն մէկ Աստուածաշունչ 25 հատորներէ կը բաղկանայ. եւ այս հատորները արտադրելու ծախսը 123 անգամ աւելի է, քան՝ սովորական Աստուածաշունչ արտադրելու ծախսը։ Ամէն մէկ պրայլ Աստուածաշունչի 25 հատորներուն կողքերուն ծախսը մօտ 150 ամ. տոլարի կը նայի։

Նոր աշխարհի թարգմանութիւն–ը անգլերէն պրայլով կազմուած է 25 հատորներէ

 Ի՞նչ կը զգան անոնք՝ որոնք պրայլ հրատարակութիւններ արտադրելուն վրայ կ’աշխատին։ Նատիան, որ կը ծառայէ Հարաւային Ափրիկէի մասնաճիւղին մէջ, կ’ըսէ. «Մեր եղբայրներն ու քոյրերը, որոնք կոյր են կամ տկար տեսողութիւն ունին, դիւրին կեանք չունին։ Անոր համար օրհնուած կը զգամ, երբ բան մը ընեմ իրենց օգնելու համար։ Յստակ է, որ Եհովան այս եղբայրներն ու քոյրերը շա՜տ կը սիրէ»։

Պրայլ կարդալ սորվէ՛

 Եթէ կոյր մը չի գիտեր պրայլ կարդալ, ի՞նչ կրնայ ընել։ Քանի մը տարի առաջ մենք արտադրեցինք տետր մը՝ Պրայլ կարդալ սորվէ՛, որուն մէջ կարելի է գտնել թէ՛ տպուած գրութիւն եւ թէ պրայլ գրութիւն։ Տետրը պատրաստուած է որ թէ՛ կոյր անհատ մը եւ թէ կոյր չեղող անհատ մը ատիկա միասին գործածեն։ Աս տետրը կու գայ տուփի մը մէջ, որուն մէջ կան նաեւ սարքեր, որոնք կոյրը կրնայ գործածել՝ որ պրայլով գրէ։ Պրայլ սորվողը աս սարքերը կը գործածէ, որ ամէն մէկ պրայլ գիր ինք տպէ։ Ասիկա իրեն պիտի օգնէ, որ աւելի գիրեր յիշէ եւ այդ գիրերը զատորոշէ՝ ատոնց դպնալով։

«Անդադա՛ր կը կարդամ ատոնք»

 Կոյր կամ տկար տեսողութիւն ունեցող եղբայրներն ու քոյրերը ինչպէ՞ս օգտուած են այս հրատարակութիւններէն։ Էրնեսթը, որ կ’ապրի Հայիթիի մէջ, ժողովներուն կ’երթար, բայց պրայլ հրատարակութիւններ չունէր։ Անոր համար, ան պէտք էր իր յիշողութեան վստահէր, որ կարենար աշակերտական բաժին տալ կամ պատասխանել՝ հարց–պատասխան բաժիններու ժամանակ։ Ան կ’ըսէ. «Բայց հիմա կրնամ ձեռքս բարձրացնել եւ պատասխան տալ որեւէ ժամանակ։ Կը զգամ, որ եղբայրներուս ու քոյրերուս հետ միացած եմ. բոլորս նո՛յն հոգեւոր սնունդը կ’առնենք»։

 «Մեր հրատարակութիւնները աւելի՛ յստակ են, քան՝ որեւէ ուրիշ պրայլ հրատարակութիւն որ կարդացած եմ», կ’ըսէ Եանը,– տկար տեսողութիւն ունեցող երէց մը Աւստրիայէն,– որ Դիտարան–ի ուսումնասիրութիւնը եւ Աստուածաշունչի ժողովքային ուսումնասիրութիւնը կը վարէ։ Օրինակի համար, մեր հրատարակութիւններուն մէջ կան էջերու թիւեր եւ ստորանիշներ,– որոնք կարելի է դիւրաւ գտնել,– ինչպէս նաեւ՝ նկարներու մանրամասն նկարագրութիւններ»։

 Սոն–ուքը, ռահվիրայ քոյր մը Հարաւային Քորէայէն, կոյր եւ խուլ է։ Անցեալին, ժողովներուն ընթացքին, ան կախեալ էր կոյրերու ու խուլերու յատուկ նշանային լեզուէ։ Բայց հիմա, ան կրնայ պրայլով կարդալ՝ Աստուածաշունչը սերտելու նպաստող հրատարակութիւնները։ «Ուրիշ պրայլ հրատարակութիւններ կարդալը կրնայ դժուար ըլլալ, քանի որ պակաս կէտեր կ’ըլլան, տողերը ծռած կ’ըլլան կամ թուղթը շատ բարակ կ’ըլլայ», կ’ըսէ Սոն–ուքը։ «Բայց Եհովայի վկաները թուղթի աւելի լաւ որակ կը գործածեն եւ կէտերը բծախնդրութեամբ կը դնեն, ինչ որ ինծի համար կարդալը կը դիւրացնէ»։ Ան կ’աւելցնէ. «Անցեալին, կրնայի Աստուածաշունչին վրայ հիմնուած հրատարակութիւնները սերտել միա՛յն ուրիշներու օգնութեամբ։ Բայց հիմա, ատոնք կրնամ սերտել առանձին։ Շա՛տ կ’ուրախանամ, երբ կարենամ ամէն շաբաթ ժողովները պատրաստել եւ ատոնց մասնակցիլ։ Ես կը կարդամ մեր բոլոր պրայլ հրատարակութիւնները։ Կրնաս ըսել որ անդադար կը կարդամ ատոնք»։

 Մեր տպուած սովորական հրատարակութիւններուն նման, մեր պրայլ հրատարակութիւններուն մէջն ալ կը գտնենք այս նախադասութիւնը. «Այս հրատարակութիւնը վաճառքի համար չէ։ Անիկա Աստուածաշունչի համաշխարհային կրթական գործունէութեան մէկ մասն է, որ կամաւոր նուիրատուութիւններով կ’օժանդակուի»։ Շնորհակալ ենք ձեր նուիրատուութիւններուն համար, որոնք կ’ընէք donate.pr418.com կայքին մէջ անցած տարբեր մեթոտներով։ Ձեր առատաձեռնութիւնը մեզի կ’օգնէ, որ հոգեւոր սնունդը պատրաստենք բոլորի՛ն համար,– մէջը ըլլալով կոյրերը եւ տկար տեսողութիւն ունեցողները։