Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՁԵՐ ՆՈՒԻՐԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԻՆՉՊԷ՛Ս ԿԸ ԳՈՐԾԱԾՈՒԻՆ

Համաշխարհային համավարակի ժամանակ համաշխարհային օգնութեան աշխատանքներ

Համաշխարհային համավարակի ժամանակ համաշխարհային օգնութեան աշխատանքներ

1 ՅՈՒԼԻՍ 2021

 Երբ առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութիւնը մարտ 2020–ին ՔՈՎԻՏ–19–ը համավարակ յայտարարեց, շատեր չէին կրնար նոյնիսկ երեւակայել, որ այս ժահրը կամ վայրըսը ամբողջ աշխարհին պիտի ազդէր մէկ տարիէն աւելի։ Միլիոնաւորներ, մէջը ըլլալով կարգ մը Եհովայի վկաներ, այս համավարակին պատճառով՝ առողջապահական ու զգացական գետնի վրայ ետեւ գացին եւ նիւթական մեծ նեղութիւն քաշեցին։ Լաւ այս դժուար ժամանակին, ինչպէ՞ս մենք՝ Եհովայի վկաներս՝ օգնութեան աշխատանքներ կազմակերպեցինք եւ կարիքաւոր անհատներուն բաշխեցինք իրենց պէտք եղած ապրանքները։

Օգնութիւն տալ պէտք ունեցողներուն

 Եհովայի վկաներու Կառավարիչ մարմինի Համակարգողներու յանձնախումբը աւելի քան 950 յանձնախումբեր հաստատեց, որ ամբողջ աշխարհին մէջ ՔՈՎԻՏ–19–էն տուժողներուն օգնութեան հասնին։ Կարգ մը երկիրներու մէջ, անոնք կարգադրութիւններ ըրին, որ տեղացի եղբայրներն ու քոյրերը օգնեն տուժողներուն։ Իսկ ուրիշ երկիրներու մէջ, Վկաները օգտուեցան կառավարութեան տրամադրած օգնութիւններէն։ Ասկէ զատ, այս յանձնախումբերը կազմակերպած են աւելի մեծ օգնութեան աշխատանքներ։

 Օրինակ, նկատի առնենք Փարակուէյի պարագան։ Թերթ մը գրեց, թէ քանի որ համավարակը տնտեսական խնդիրներ պատճառեց, շատ մը փարակուէյցիներ բաւարար ուտելիք չունին։ Բայց աղէտէն տուժածներուն օգնող յանձնախումբը Փարակուէյին մէջ, արդէն սկսած էր բաժնել տուփեր, որոնց մէջ կային չորս հոգինոց ընտանիքի մը երկու շաբթուան պէտքերը։ Օրինակի համար, բաւարար ուտելիք եւ մաքրութեան ապրանքներ։ Ամէն մէկ տուփ, մօտ 30 ամ. տոլար կ’արժէ։

 Օգնութեան հասնող եղբայրները ինչպէ՞ս իրենք զիրենք եւ ուրիշները կը պաշտպանեն ՔՈՎԻՏ-19 վայրըսէն։ Անոնք դիմակ կը դնեն եւ ուրիշներէն հեռու կը մնան։ Ասկէ զատ, անոնք վստահ կ’ըլլան, որ այն ընկերութիւնները որոնք ուտելիք կ’ապահովեն, մաքուր վայրերու մէջ կը պատրաստեն այդ ուտելիքները, եւ պէտք եղած ապահովութեան քայլերը կ’առնեն։ Անոնք նաեւ վստահ կ’ըլլան, որ տուփերը փոխադրողները դիմակ եւ ձեռնոց կը դնեն, իրենց ինքնաշարժները ներսէն կը մաքրեն եւ տուփերը մաքուր տեղեր կը դնեն։ Իսկ երբ անոնք տուփերը եղբայրներուն պիտի տան, անոնցմէ հեռաւորութիւն կը պահեն։

Նուիրատուութիւնները իմաստութեամբ գործածել

 Մինչեւ յունուար 2021, Համակարգողներու յանձնախումբը արտօնութիւն տուած էր, որ աւելի քան 25 միլիոն ամ. տոլար ծախսուի ՔՈՎԻՏ–19–ի օգնութեան աշխատանքներուն համար։ Մասնաճիւղերը եւ յանձնախումբերը, այս նուիրատուութիւնները ուշադրութեամբ կը գործածեն եւ կը փորձեն ամէնէն յարմար գիներով գնել ապրանքները։ Օրինակ, Չիլիի մէջ, օգնութեան աշխատանքներու մասնակցող եղբայրները, ուզեցին 750 քիլօ ոսպ գնել։ Բայց ոսպին գինը երկու անգամը եղած էր միա՛յն մէկ ամսուան մէջ։ Եղբայրները համաձայնեցան նոր գինով գնել ոսպը, բայց միայն երկու ժամ վերջ, ծախողը իրենց լուր տուաւ, որ ուրիշ յաճախորդ մը դարձուցած էր իր ապսպրանքը, որ հին գինով գնած էր։ Այսպիսով, ծախողը ոսպը հին գինով ծախեց եղբայրներուն։

 Բայց երբ որ մեր եղբայրները գացին ոսպը առնելու, ծախողը փորձեց համաձայնութիւնը չեղեալ ընել, զանոնք ամբաստանելով որ միւս կազմակերպութիւններուն պէս՝ իրենք ալ ուտելիքը հաւասար կերպով չեն բաշխեր։ Կարճ եւ անձայն աղօթք մը ընելէ ետք, եղբայրներէն մէկը ծախողին պատմեց, որ արդէն ամէն մէկ ժողովքի հարցուած էր, թէ ո՛վ իրապէս կարիքաւոր է։ Ասկէ զատ, եղբայրները ծախողին բացատրեցին, թէ քանի որ ամէն մէկ կարիքաւոր անհատ կամ ընտանիք տարբեր մշակոյթի կը պատկանի, ամէն մէկ տուփ պատրաստուած պիտի ըլլար անոնց կարիքներուն համաձայն։ Յետոյ, անոնք ծախողը վստահեցուցին, որ Եհովայի վկաներուն ըրած բոլոր նուիրատուութիւնները եւ ծառայութիւնները կամաւոր են։ Ծախողը շատ տպաւորուեցաւ եւ համաձայնեցաւ ո՛չ միայն աւելի նուազ գինով ծախել ոսպը, հապա նաեւ խոստացաւ որ յաջորդ ապսպրանքին, եղբայրներուն 400 քիլօ աւելի՛ ոսպ պիտի նուիրէր։

«Կը փաստէ, որ անոնք իրար սրտանց կը սիրեն»

 Լուսուն, որ տարեց որբեւայրի մըն է Լիպերիայի մէջ, կ’ապրի իր ընտանիքի հինգ անդամներուն հետ։ Առտու մը, երբ միասին նախաճաշ կ’ընէին եւ օրուան համարը նկատի կ’առնէին, Լուսուին եօթը տարեկան թոռնիկը նկատեց որ տունին մէջ այլեւս ուտելիք չմնաց։ Ան հարցուց. «Ի՞նչ պիտի ուտենք»։ Լուսուն զինք վստահեցուց, որ արդէն Եհովային աղօթած է օգնութեան համար եւ վստահ է, որ Ան պէտք եղածը պիտի տայ։ Նոյն օրը, կէսօրէ ետք, ժողովքի երէցները հեռաձայնեցին Լուսույին եւ իրեն ըսին որ գայ եւ տոպրակ մը ուտելիք առնէ։ Ան կը պատմէ. «Թոռնիկս կ’ըսէ որ հիմա գիտէ, թէ Եհովան մեր աղօթքները կը լսէ եւ կը պատասխանէ, քանի որ իմ աղօթքիս պատասխանեց»։

Քոնկոյի Ժողովրդավարական Հանրապետութեան մէջ, պզտիկները նկարներ գծեցին, որ եղբայրներուն շնորհակալութիւն յայտնեն, որ իրենց ուտելիք ապահովեցին

 Քոնկոյի Ժողովրդավարական Հանրապետութեան մէջ, կնոջ մը դրացին Եհովայի վկայ ընտանիք մըն է։ Երբ ան տեսաւ որ ինչպէս այս ընտանիքը ուտելիք ստացաւ իր հաւատակիցներէն, ըսաւ. «Համավարակէն ետք, մենք Եհովայի վկայ պիտի դառնանք, քանի որ անոնք իրենց եղբայրներուն եւ քոյրերուն հոգ տարին այս դժուար ժամանակին մէջ»։ Ամուսինը իրեն հարցուց. «Տոպրակ մը բրինձի համար Եհովայի վկա՞յ պիտի դառնաս»։ Ան պատասխանեց. «Անշուշտ ո՛չ, բայց այդ տոպրակ մը բրինձը կը փաստէ, որ անոնք իրար սրտանց կը սիրեն»։

 Եհովայի վկաները կրցած են շատ արագ իրենց եղբայրներուն եւ քոյրերուն պէտքերը ապահովել համավարակին ընթացքին, ձեր առատաձեռն նուիրատուութիւններուն շնորհիւ։ Շատ շնորհակալ ենք, որ այդ նուիրատուութիւնները կ’ընէք donate.pr418.com կայքին մէջ յիշուած մեթոտներուն միջոցաւ։