ՁԵՐ ՆՈՒԻՐԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԻՆՉՊԷ՛Ս ԿԸ ԳՈՐԾԱԾՈՒԻՆ
Համավարակէն առաջ՝ շինարարական աշխատանքներ կ’ամբողջանան
1 ՆՈՅԵՄԲԵՐ 2020
Ամէն տարի, հարիւր հազարաւորներ կը մկրտուին։ Անոր համար մեծ կարիք կայ աւելի՛ պաշտամունքի վայրերու։ Անոր համար, ամբողջ աշխարհի մէջ, Տեղական ծրագրման/շինարարութեան բաժանմունքները ծրագրեցին շինել կամ նորոգել աւելի քան 2700 պաշտամունքի վայրեր՝ 2020–ի ծառայութեան տարուան ընթացքին a։
Բայց ՔՈՎԻՏ–19 համավարակին պատճառաւ այս ծրագիրները խանգարուեցան։ Մեր եղբայրներն ու քոյրերը պաշտպանելու եւ կառավարութիւններուն հնազանդելու համար, Կառավարիչ մարմինի Հրատարակչական յանձնախումբը ժամանակաւորապէս կեցուց համաշխարհային շինարարական ծրագիրներուն մեծամասնութիւնը։ Բայց եւ այնպէս, 2020–ի ծառայութեան տարուան ընթացքին, աւելի քան 1700 պաշտամունքի վայրեր կառուցանուեցան եւ նորոգուեցան ՔՈՎԻՏ–19 համավարակէն առաջ։ Ասկէ զատ, աւելի քան 100 մեծ շինարարական ծրագիրներ ամբողջացան մասնաճիւղերու մէջ։ Նկատի առէք որ ինչպէ՛ս երկու ամբողջացած շինարարական ծրագիրներ մեր եղբայրներուն օգտած են։
Քամերունի մասնաճիւղ։ Նախկին մասնաճիւղը կը գտնուէր Տուալայի մէջ։ Ատիկա շատ պզտիկ էր եւ շատ մը նորոգութիւններու պէտք ունէր։ Հրատարակչական յանձնախումբը մտածեց մասնաճիւղը նորոգել, բայց նորոգելու գինը շա՛տ աւելի էր շէնքերուն բուն գինէն։ Անոնք նաեւ փորձեցին տեսնել եթէ կարելի է նոր հողի մը վրայ մասնաճիւղը շինել, կամ կառոյց մը գնել եւ նորոգել։ Բայց երկու հաւանականութիւններն ալ չիրականացան։
Մինչ այդ եղբայրները գիտցան որ Տուալային հիւսիսը, կառավարութիւնը կը ծրագրէ շինել ճամբայ մը մեր համաժողովի սրահներէն մէկուն քով։ Ճամբան պիտի դիւրացնէր ապրանքներ բերել–տանելու կարելիութիւնը։ Մասնաճիւղը ճիշդ ասանկ բանի պէտք ունէր։ Անոր համար, Կառավարիչ մարմինը հաւանութիւն տուաւ որ նոր մասնաճիւղը կառուցանուի համաժողովի սրահին հողին վրայ։
Վկաները եւ Վկայ–չեղող մասնագէտ գործաւորներ միասնաբար աշխատեցան։ Այս կերպով աշխատիլը թէ՛ ժամանակ եւ թէ դրամ խնայեց։ Իրականութեան մէջ, շինարարական ծրագիրը ակնկալուած գումարէն 2 միլիոն ամ. տոլար պակաս էր։ Բեթէլականները կրցան նոր մասնաճիւղ փոխադրուիլ ՔՈՎԻՏ–19 համավարակը չսկսած։
Այսպիսով, Քամերունի բեթէլականները հիմա շատ աղուոր ապրելու եւ աշխատելու վայր ունին, եւ անոնք նոր մասնաճիւղը Եհովայէն նուէր կը սեպեն։ Զոյգ մը ըսաւ. «Մենք միայն կ’ուզենք ծանր աշխատիլ եւ այս նուէրը թեթեւի չառնել»։
Թարգմանութեան հեռաւոր գրասենեակ՝ (RTO) Մեքսիքայի մէջ։ Տարիներ շարունակ, թոհոլապալ թարգմանչական խումբը կ’աշխատէր Կեդրոնական Ամերիկայի մասնաճիւղին մէջ, որ կը գտնուի Մեքսիքօ քաղաքին մօտ։ Բայց թոհոլապալ լեզուն գլխաւորաբար կը խօսուի Ալթամիրանոյի եւ Լաս Մարկարիթասի մէջ, որոնք գրեթէ 1000 քմ. անդին կը գտնուին Մեքսիքոյէն։ Ասիկա ազդեց թարգմանիչներուն հմտութիւններուն վրայ։ Ասկէ զատ, մասնաճիւղը դժուարութիւն ունեցաւ շրջանին մէջ գտնել եղբայրներ ու քոյրեր, որոնք կրնան թարգմանութեան եւ ձայնագրութեան օգնել։
Այս բոլորը հաշուի առնելով, Կառավարիչ մարմինի Գրական յանձնախումբը ուզեց թարգմանչական խումբը փոխադրել շրջան մը, ուր մարդիկ կը խօսին թոհոլապալ լեզուն։ Անոր համար մասնաճիւղը որոշեց գնել եւ նորոգել շէնք մը։ Ասիկա շա՛տ աւելի աժան էր, քան՝ գրասենեակներ շինելը կամ վարձելը։
Թարգմանիչ մը կը բացատրէ ինչպէ՛ս օգտուած է. «10 տարուան ընթացքին, երբ մասնաճիւղին մէջ կը ծառայէի որպէս թարգմանիչ, չհանդիպեցայ ընտանիքի մը իսկ որ իմ լեզուս կը խօսէր։ Հիմա մեր գրասենեակը կը գտնուի շրջանի մը մէջ ուր մարդիկ թոհոլապալ լեզուն կը խօսին։ Ամէն օր դիմացս կ’ելլեն մարդիկ, որոնք թոհոլապալ լեզուն կը խօսին։ Ես շատ մը նոր բառեր սորված եմ եւ թարգմանութիւնս բարելաւուած է»։
2021–ի շինարարական ծրագիրներ
2021–ի ծառայութեան տարուան ընթացքին, ծրագիրներ կան, որ եթէ պարագաները ներեն, 75 թարգմանութեան գրասենեակներ եւ աստուածաշնչական դպրոցներու կառոյցներ շինուին։ Ութ մասնաճիւղերու հսկայ շինարարութիւնները պիտի շարունակուին, մէջը ըլլալով Ռամաբոյի շինարարութիւնը, Նիւ Եորքի մէջ, եւ Արժանթինի եւ Իտալիայի մասնաճիւղերուն փոխադրութիւնը դէպի նոր վայրեր։ Ասկէ զատ, աւելի քան 1000 նոր Թագաւորութեան սրահներու պէտք կայ, իսկ աւելի քան 6000 ժողովի վայրեր այլեւս յարմար չեն որ ատոնց մէջ ժողովներ տեղի ունենան եւ հետեւաբար նոր սրահներու պէտքը կայ։ Աւելի քան 4000 ուրիշ թագաւորութեան սրահներ ալ պէտք է նորոգուին։
Այս շինարարական եւ նորոգման աշխատանքներուն ծախսերը ինչպէ՞ս կը ծածկենք։ Եղբայր Լազարօ Կոնզալես, որ Կեդրոնական Ամերիկայի մասնաճիւղի յանձնախումբին մէջ կը ծառայէ, այս հարցումին պատասխանը տուաւ, երբ ան կը խօսէր թարգմանութեան հեռաւոր գրասենեակ կառուցանելու մասին, թոհոլապալ լեզուին համար։ Ան ըսաւ. «Մեր մասնաճիւղին մէջ, նիւթական կարողութիւններ չունինք։ Անոր համար, եթէ համաշխարհային եղբայրութիւնը մեզի թիկունք չկանգնէր, անկարելի պիտի ըլլար թարգմանութեան հեռաւոր գրասենեակներ կառուցանել։ Համաշխարհային նուիրատուութիւնները կարելի դարձուցին, որ թարգմանիչները ղրկենք այն շրջանները, ուր իրենց լեզուն կը խօսուի։ Շատ շնորհակալ ենք ամբողջ աշխարհի եղբայրներուն ու քոյրերուն, որոնք առատաձեռնօրէն մեզի թիկունք կանգնեցան»։ Իրապէս, շինարարական ծրագիրները կարելի կը դառնան ձեր նուիրատուութիւններուն շնորհիւ, որոնց մեծ մասը կ’ուղարկէք donate.pr418.com կայքին միջոցաւ։
a Տեղական ծրագրման/շինարարութեան բաժանմունքները կը ծրագրեն եւ կը կառուցանեն Թագաւորութեան սրահները իրենց մասնաճիւղի թաղամասին մէջ։ Իսկ Համաշխարհային ծրագրման/շինարարութեան բաժանմունքը, որ կը գտնուի մեր կեդրոնատեղիին մէջ, կ’որոշէ ո՛ր շինարարական ծրագիրները միւսներէն առաջ պէտք է ըլլան եւ ետքը գործի կ’անցնի։