Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՁԵՐ ՆՈՒԻՐԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԻՆՉՊԷ՛Ս ԿԸ ԳՈՐԾԱԾՈՒԻՆ

Մեր մեծ Ուսուցիչին պատիւ բերող դպրոցական շէնքեր

Մեր մեծ Ուսուցիչին պատիւ բերող դպրոցական շէնքեր

1 ՅՈՒԼԻՍ 2023

 Եհովան կը սիրէ իր ժողովուրդը զարգացնել։ Ասոր համար, իր կազմակերպութիւնը տարբեր տեսակի դպրոցներ հաստատած է, որոնց նպատակն է՝ աշակերտներ մարզել որ իրենց նշանակումները կատարեն։ Այս դպրոցներէն մէկն է՝ Թագաւորութեան աւետարանիչներու դպրոցը (SKE)։ Վերջին տարիներուն, Աստուծոյ կազմակերպութիւնը կարեւորութիւն տուած է ո՛չ միայն կրթական ծրագրին, հապա նաեւ՝ այն շէնքերուն ուր այս դպրոցները տեղի կ’ունենան։ Գլխաւոր նպատակներէն մէկն է՝ հաճելի մթնոլորտ մը ստեղծել, որ թէ՛ աշակերտները լաւ սորվին եւ թէ ուսուցիչները լաւ սորվեցնեն։ Ձեր նուիրատուութիւնները մեզի ինչպէ՞ս կ’օգնեն, որ այս նպատակին հասնինք։

Շատ աւելի աշակերտներ՝ աւելի լաւ միջավայրի մէջ

 Տարիներէ ի վեր, աստուածպետական դպրոցները տեղի կ’ունենային Թագաւորութեան կամ համաժողովի սրահներուն մէջ։ Ուրեմն, ինչո՞ւ վերջերս շինեցինք կամ նորոգեցինք շատ շէնքեր, որոնք հիմա միայն կը գործածուին աստուածպետական դպրոցներուն համար։ Տեսնենք երեք պատճառներ։

 Շատ աւելի պէտք կայ. Կառավարիչ մարմինի Ծառայութեան յանձնախումբի անդամներէն՝ Քրիստոֆըր Մեվըր, կը բացատրէ. «Մասնաճիւղերը մեզի ըսած են որ ա՛լ աւելի եղբայրներու եւ քոյրերու պէտք ունին, որպէսզի դաշտին մէջ օգնեն։ Օրինակի համար, 2019–ին, Պրազիլի մասնաճիւղը ըսաւ, որ մօտաւորապէս 7600 Թագաւորութեան աւետարանիչներու դպրոցի շրջանաւարտներու պէտքը կար, որպէսզի ծառայէին այդ մասնաճիւղին հոգ տարած երկիրներուն մէջ»։ Միացեալ Նահանգներու մասնաճիւղը տեղեկացուց, որ փորձառու ռահվիրաներու պէտքը կայ, որոնք կրնան ուրիշները մարզել՝ որ քարոզեն նաւահանգիստներու եւ բանտերու մէջ, ինչպէս նաեւ՝ մեծ քաղաքներու համար ծրագրուած հանրային վկայութեան համար։ Նաեւ պէտք կայ եղբայրներու, որպէսզի ծառայեն Տեղական ծրագրման/շինարարութեան բաժանմունքին (LDC) եւ Հիւանդանոցներու հետ հաղորդակցող յանձնախումբերուն (HLC) մէջ։ Թագաւորութեան աւետարանիչներու դպրոցէն շրջանաւարտ եղողները կրնան այս պէտքերը գոհացնել։

 Շատ աւելի աշակերտներ կան. Շատ մը մասնաճիւղեր շատ դիմումնագիրներ ստացած են, բայց անոնց բոլորին համար բաւարար տեղ չկայ։ Օրինակի համար, Պրազիլի մասնաճիւղը միայն մէկ տարուան մէջ շուրջ 2500 SKE–ի դիմումնագիրներ ստացած է։ Բայց բաւարար տեղ չըլլալուն պատճառաւ, միայն 950 աշակերտներ կրցած են այդ դպրոցին ներկայ ըլլալ։

 Յարմար բնակարաններու պէտք կայ։ Երբ աշակերտները այս դպրոցները կը յաճախեն Թագաւորութեան կամ համաժողովի սրահներուն մէջ, սովորաբար կը մնան այդ սրահներուն մօտը բնակող եղբայրներուն ու քոյրերուն տուները։ Այս կարգադրութիւնը լաւ կը քալէ այն երկիրներուն մէջ, ուր ամէն տարի միայն քանի մը SKE–ի դասարան կայ։ Բայց հոն, ուր շատ դասարաններ կան, տեղացի եղբայրներուն համար թերեւս յարմար չըլլայ որ ամբողջ տարին իրենց տուներուն մէջ աշակերտներ ընդունին։ Ատոր համար, նոր շէնքեր կը շինուին, որոնք թէ՛ դասարաններուն մօտ են եւ թէ ալ աշակերտներուն հանգստութիւնը հաշուի կ’առնեն։

 Եթէ պիտի շինուի շէնք մը, որուն մէջ կայ մէկ դասարան եւ շուրջ 30 աշակերտներու եւ ուսուցիչներու համար սենեակներ եւ ուրիշ կարգ մը բաժիններ, ասիկա կրնայ նայիլ քանի մը միլիոն ամերիկեան տոլարի, կախեալ է թէ անիկա ուր պիտի շինուի։

Դպրոցական շէնքի մը բաժանմունքները

 Այս տեսակի դպրոցներ սովորաբար կը շինուին հանդարտ շրջաններու մէջ, մեծ քաղաքներէ դուրս, բայց փոխադրամիջոցներու կայարաններուն մօտ։ Նախընտրելի է որ ատոնք ըլլան հոն, ուր շատ հրատարակիչներ կան, որպէսզի կարենան թէ՛ դպրոցին ընթացքին օգտակար ըլլալ, եւ թէ ալ՝ շէնքերուն հոգ տանիլ։

 Այս շէնքերուն մէջ կան՝ գրադարաններ, սերտելու սենեակներ, համակարգիչներ, տպիչներ (printer) եւ ուրիշ գործիքներ։ Շատ անգամներ, հոն կը գտնուի նաեւ ճաշասրահ մը, որպէսզի աշակերտները եւ ուսուցիչները կարենան միասին ճաշել։ Ասկէ զատ, կան նաեւ սենեակներ, ուր աշակերտները կրնան մարզանք ընել եւ հանգստանալ։

 Դասարաններուն ծրագրուած կերպին ալ ուշադրութիւն կը տրուի։ Ուորուիքի մէջ, Նիւ Եորք, Համաշխարհային ծրագրման/շինարարութեան բաժանմունքին մէջ աշխատող Թրոյ անունով եղբայր մը, կ’ըսէ. «Աստուածպետական դպրոցներու բաժանմունքէն խնդրեցինք որ մեզի օգնեն, որ շինենք այնպիսի դասարաններ, որոնք աշակերտներուն կ’օգնեն լաւ սորվելու։ Այս բաժանմունքին մէջ աշխատող եղբայրները մեզի ուղղութիւն տուին թէ այս դասարաններուն մեծութիւնը, դասաւորումը, լուսաւորումը, եւ այլն, ինչպէս պիտի ըլլան»։ Իսկ գալով ձայնի գործիքներուն, Հունգարիայէն՝ Զոլթան անունով SKE–ի ուսուցիչ մը կ’ըսէ. «Սկիզբը, միքրոֆոններ չունէինք, ատոր համար շատ անգամ աշակերտներէն կը խնդրէինք որ բարձրաձայն խօսին։ Բայց հիմա որ ամէն մէկ գրասեղանին վրայ միքրոֆոն մը կայ, խնդիրը լուծուեցաւ»։

«Եհովային քով յատուկ հիւրեր»

 Այս նոր կամ նորոգուած շէնքերը ի՞նչ ազդեցութիւն ունեցան ուսուցիչներուն եւ աշակերտներուն վրայ։ Անժէլա անունով քոյր մը, որ SKE յաճախեց Փալմ Քոսթ շրջանին մէջ, Ֆլորիտա, ԱՄՆ, կ’ըսէ. «Շատ խաղաղ միջավայրի մէջ կը սորվինք։ Ամէն բանի մասին նախապէս մտածուած է, մէջը ըլլալով՝ դասարանին դասաւորուած կերպը եւ մեր սենեակները, որպէսզի կարենանք կեդրոնանալ մեր դասերուն վրայ»։ Հունգարիոյ մէջ, Ծապա անունով ուսուցիչ մը կը գնահատէ աշակերտներուն հետ միասին ճաշելու առիթները։ Ան կ’ըսէ, որ այս առիթներուն «աշակերտները շատ անգամ իրենց մասին եւ իրենց փորձառութիւններուն մասին աւելի կը խօսին։ Այսպիսով, աշակերտներուն աւելի մօտէն կը ճանչնանք եւ կրնանք դասընթացքը իրենց պէտքերուն յարմարցնել»։

 Աշակերտները եւ ուսուցիչները այս նոր կամ նորոգուած շէնքերը կը նկատեն մեր «Մեծ Ուսուցիչ»ին՝ Եհովայի կողմէ օրհնութիւններ (Եսայի 30։20, 21)։ Ֆիլիփիններէն քոյր մը, որ SKE յաճախեց շէնքի մը մէջ որ դպրոցի վերածուած էր, ըսաւ. «Դպրոցին միջավայրը մեզի յիշեցուց որ մենք միայն աշակերտներ չենք, հապա՝ Եհովային քով յատուկ հիւրեր։ Ան կ’ուզէ որ իր Խօսքը սերտելէն շատ հաճոյք առնենք»։

 Այս դպրոցական շէնքերը կարելի կ’ըլլայ շինել, նորոգել եւ հոգ տանիլ ձեր նուիրատուութիւններուն պատճառաւ, որոնց մեծ մասը կ’ընէք donate.pr418.com կայքին միջոցաւ։ Շնորհակալ ենք ձեր առատաձեռնութեան համար։

Շէնքին մուտքը՝ Փալմ Քոսթի մէջ, Ֆլորիտա, ԱՄՆ

Յիսուսի օրուան տաճարին պզտիկ մէկ օրինակը, որ կը գտնուի Փալմ Քոսթի դպրոցին նախասրահին մէջ, Ֆլորիտա, ԱՄՆ

Աշակերտները կը հասնին Թագաւորութեան աւետարանիչներու դպրոց, Պրազիլի մէջ

Դասարաններէն մէկը՝ Պրազիլի մէջ

Աշակերտները կը հասնին Թագաւորութեան աւետարանիչներու դպրոց, Ֆիլիփիններու մէջ

Աշակերտներ եւ ուսուցիչներ միասնաբար հաճելի ժամանակ կ’անցընեն դպրոցին ճաշասրահին մէջ, Ֆիլիփիններու մէջ