Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՁԵՐ ՆՈՒԻՐԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԻՆՉՊԷ՛Ս ԿԸ ԳՈՐԾԱԾՈՒԻՆ

Միսիոնարներ՝ «մինչեւ երկրին ծայրերը»

Միսիոնարներ՝ «մինչեւ երկրին ծայրերը»

1 ՅՈՒՆԻՍ 2021

 Յիսուս իր աշակերտներուն ըսաւ. «Ինծի համար վկաներ պիտի ըլլաք... մինչեւ երկրին ծայրերը» (Գործք 1։8)։ Այսօր, Եհովայի վկաները ասիկա նախանձախնդրութեամբ կ’ընեն։ Բայց կարգ մը շրջաններու մէջ, օրինակի համար մեծ շրջաններու մէջ ուր շատեր կ’ապրին, լիովին վկայութիւն չէ տրուած։ Իսկ ուրիշ երկիրներու մէջ, բնակչութեան հետ համեմատած՝ քիչ Վկաներ կան (Մատթէոս 9։37, 38)։ Լաւ մենք ի՞նչ կ’ընենք, որ կարելի եղածին չափ շատերու քարոզենք։

 Յիսուսին պատուէրին հնազանդելու համար, Եհովայի վկաներու Կառավարիչ մարմինի Ծառայութեան յանձնախումբը դաշտին մէջ միսիոնարներ կը նշանակէ հոն՝ ուր որ պէտք կայ։ Հիմա, աշխարհին չորս կողմը, դաշտին մէջ 3090 միսիոնարներ կան a։ Անոնց մեծ մասը մարզում առած է դպրոցէ մը. օրինակի համար Թագաւորութեան աւետարանիչներու դպրոցէն։ Միսիոնարները պատրաստ են իրենց տուները ձգելու եւ օտար երկիր փոխադրուելու։ Քանի՛ որ այս հաւատարիմ միսիոնարները հասուն են, մարզում ստացած են եւ փորձառութիւն ունին, կրցած են բարի լուրը տարածել եւ Աստուածաշունչի նոր աշակերտներուն լաւ օրինակ ըլլալ։

Միսիոնարները կ’օգնեն բարի լուրը քարոզելու այն շրջաններուն մէջ, ուր Վկաներու մեծ պէտք կայ

Միսիոնարներուն օգնել որ ուրիշներուն օգնեն

 Ամէն մէկ մասնաճիւղի մէջ, Ծառայութեան բաժանմունքի Դաշտին մէջ ծառայողներու գրասենեակը կ’աշխատի Մասնաճիւղի յանձնախումբին հետ, որ հոգ տանի միսիոնարներու պէտքերուն։ Օրինակ՝ անոնք միսիոնարներուն կ’ապահովեն տուն, առողջապահական հոգատարութիւն եւ չնչին գումար մը, որ անոնք իրենց ծախսերը հոգան։ 2020 ծառայութեան տարուան ընթացքին, Եհովայի վկաները մօտ 27 միլիոն ամ. տոլար ծախսեցին, որ միսիոնարներուն հոգ տանին։ Այս կարգադրութիւններուն շնորհիւ, միսիոնարները կրնան իրենց լման կեդրոնացումը եւ ուժը տրամադրել ծառայութեան եւ ժողովքը զօրացնելու։

Միսիոնարները ժողովքները կը զօրացնեն

 Դաշտին մէջ միսիոնարները ինչպէ՞ս օգտած են քարոզչութեան։ Ֆրէնք Մետսըն, որ կը ծառայէ Մալաուիի Մասնաճիւղի յանձնախումբին մէջ, կ’ըսէ. «Միսիոնարները իրենց համարձակութիւնով եւ հմտութիւններով՝ ժողովքներուն օգնած են, որ սկսին ծածկել դժուար թաղամասեր. օրինակի համար՝ մուտքը արգիլուած շրջաններ եւ օտարախօս շրջաններ։ Ասկէ զատ, տեղական լեզուն եւ մշակոյթը սորվելու իրենց թափած ջանքերը կը քաջալերեն ուրիշները եւ կ’օգնեն երիտասարդներուն, որ մտածեն լիաժամ ծառայելու մասին։ Մենք շնորհակալ ենք Եհովայէն որ դաշտին մէջ միսիոնարներ ունինք»։

 Ուրիշ երկրէ Մասնաճիւղի յանձնախումբի անդամ մը կ’ըսէ. «Միսիոնարները կը փաստեն, որ Եհովային ժողովուրդը ամբողջ աշխարհի մէջ միացած է։ Նոյնիսկ անոնք որոնք Վկայ չեն, յստակ կերպով կրնան տեսնել որ մշակոյթներու տարբերութիւնը մեզ չի բաժներ, հապա Աստուածաշունչին սորվեցուցածները մեզի օգնած են, որ միացած եղբայրութիւն դառնանք»։

 Դաշտին մէջ միսիոնարները ինչպէ՞ս կ’օգնեն տեղացի հրատարակիչներուն։ Թիմոր–Լեսթէէն Փաուլոն երախտապարտ է որ միսիոնար զոյգ մը նշանակուած է իր ժողովքին։ Ան կ’ըսէ. «Մեր շրջանը շա՛տ տաք է։ Բայց հակառակ անոր որ միսիոնարները պաղ շրջանէ կու գան, անոնք չեն ձգեր որ օդը արգելք ըլլայ իրենց քարոզչութեան։ Անոնք միշտ առտուան հաւաքավայրերուն ներկայ կ’ըլլան։ Շատ անգամ կը տեսնեմ անոնք վերայցելութիւններ կ’ընեն կէսօրուան դէմ, երբ օդը շատ տաք է, եւ իրիկունները։ Անոնք շատերու օգնած են որ ճշմարտութիւնը սորվին, մէջը ըլլալով՝ ինծի։ Անոնք նախանձախնդրաբար եւ խանդավառօրէն լման կեանքերնին կը տրամադրեն Եհովայի ծառայութեան, եւ ասիկա լման ժողովքը կը քաջալերէ որ Եհովային լիովին ծառայեն»։

 Քէթին, որ կանոնաւոր ռահվիրայ է Մալաուիի մէջ, կը պատմէ որ ինչպէ՛ս միսիոնար զոյգ մը իր ընտանիքին օգնեց. «Երբ որ միսիոնար զոյգ մը մեր ժողովքին նշանակուեցաւ, ես միակ Վկան էի ընտանիքիս մէջ։ Բայց անոնք ինծի օգնեցին եւ ընտանիքիս հետ մտերմացան։ Իրենց լաւ օրինակը զաւակներուս օգնեց որ տեսնեն, թէ երբ որ Եհովային ծառայեն, ուրախ եւ գոհունակ կեանք կ’ունենան։ Միսիոնարներուն լաւ օրինակը իմ երեք աղջիկներուս օգնեց, որ կանոնաւոր ռահվիրայ ըլլան եւ ամուսինս սկսի ժողովներու ներկայ ըլլալ»։

 Միսիոնարներուն ծախսերը ինչպէ՞ս կը հոգանք։ Համաշխարհային գործին համար եղած նուիրատուութիւններով, որոնց մեծ մասը կ’ըլլայ այն մեթոտներով, որոնք անցած են donate.pr418.com կայքին մէջ։ Մենք շատ կ’արժեւորենք այդ առատաձեռն նուիրատուութիւնները։

a Այս միսիոնարները նշանակուած են ժողովքներու, ուր քարոզիչներու պէտք կայ։ Անոնցմէ զատ, դաշտին մէջ 1001 միսիոնարներ կան, որոնք կը ծառայեն շրջանային գործին մէջ։