Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՁԵՐ ՆՈՒԻՐԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԻՆՉՊԷ՛Ս ԿԸ ԳՈՐԾԱԾՈՒԻՆ

Յատուկ երգերը մեզ Աստուծոյ աւելի կը մօտեցնեն

Յատուկ երգերը մեզ Աստուծոյ աւելի կը մօտեցնեն

1 ՆՈՅԵՄԲԵՐ 2021

 Երաժշտութիւնը շատ աղուոր նուէր մըն է Եհովայէն։ Ատիկա կրնայ մեր մտածումներուն ազդել, մեր տրամադրութիւնը փոխել եւ մեզ գործի մղել։ Մեր յատուկ երգերը ոչ թէ միայն այս ազդեցութիւնը ունին մեր վրայ, հապա աւելին. անոնք մեզ Եհովային աւելի կը մօտեցնեն։

 2014–էն ի վեր, աւելի քան 70 յատուկ երգեր լոյս տեսած են եւ անոնցմէ առնուազն մէկ հատը երգուած է աւելի քան 500 լեզուներով։ Թերեւս հարցնես. ‘Որո՞նք կը պատրաստեն այս երգերը եւ ատոնք ինչպէ՞ս կ’արտադրուին’։

Վարագոյրին ետեւը ի՞նչ կ’ըլլայ

 Յատուկ երգերը կ’արտադրուին երաժշտական խումբին կողմէ, որ լսատեսողական բաժանմունքին (Audio/Video Services) մաս կը կազմէ, որուն վրայ կը հսկէ Կառավարիչ մարմինին Ուսուցումի յանձնախումբը։ Երաժշտական խումբը կազմուած է 13 եղբայրներէ եւ քոյրերէ, որոնց մէջ կան յօրինողներ, մեքենագէտներ, արտադրողներ եւ ուրիշ մասնագէտներ։ Ուսուցումի յանձնախումբի հաւանութեամբ, աշխարհի չորս կողմը գտնուող հեռաւոր կամաւորներ կ’օգնեն այս գործին մէջ, մէջը ըլլալով՝ երգահաններ, երաժիշտներ եւ երգողներ։ Այս եղբայրները եւ քոյրերը իրենց ձիրքերը խոնարհութեամբ կը գործածեն Եհովային համար եւ մէկէ մը փառք ու պատիւ չեն սպասեր։

 Յատուկ երգ մը ինչպէ՞ս կը պատրաստուի։ Նախ՝ Ուսուցումի յանձնախումբը կ’որոշէ սուրբգրային ո՛ր նիւթին վրայ պիտի հիմնուի երգը եւ մտիկ ընողին մէջ ի՛նչ զգացումներ պիտի արթնցնէ։ Ետքը, երաժշտական խումբը կը նշանակէ ո՛վ պիտի յօրինէ երաժշտութիւնը եւ ո՛վ պիտի գրէ երգին բառերը։ Սկիզբը նմոյշ մը կը պատրաստուի։ Ուսուցումի յանձնախումբը նմոյշը աչքէ կ’անցընէ եւ յաւելեալ ուղղութիւններ կու տայ։ Ետքը երաժշտական խումբը երգը կը շտկէ եւ վերջնական ձայնագրութիւնը կ’ընէ։ Այս երգերը կը ձայնագրուին տարբեր տեղերու մէջ, մէջը ըլլալով՝ մասնաճիւղերու եւ անձնական տուներու մէջ։

 Յատուկ երգերը յօրինելու եւ ձայնագրելու համար, մեր եղբայրները կը գործածեն տարբեր տեսակի համակարգչային յայտագիրներ, երաժշտական գործիքներ, բարձրախօսներ, միքրոֆոններ եւ այլ բաներ։ Միքրոֆոններուն գիները կը սկսին 100 ամ. տոլարէն եւ կը հասնին աւելի քան 1000 ամ. տոլարի։ 2020–ին, 116,000 ամ. տոլար ծախսեցինք ձայնագրութեան գործիքներ գնելու համար։

 Ի՞նչ ջանքեր կը թափուին, որպէսզի նուիրատուութիւնները խնայողութեամբ գործածուին։ Փոխանակ Բեթէլին մէջ երաժշտական մե՛ծ խումբ մը ունենալու, շատ մը հեռաւոր կամաւորներ կը մասնակցին այս գործին։ Ասկէ զատ, փոխանակ մեծ թիւով երաժիշտներ քով–քովի հաւաքուելու ձայնագրութեան համար, շատ անգամ մեր եղբայրները ելեկտրոնային կերպով կը յօրինեն եւ կ’արտադրեն երաժշտութիւնը։

«Այս երգերը ինծի կ’օգնեն հոգեւորապէս ողջ մնալու»

 Եղբայրներն ու քոյրերը կը սիրեն յատուկ երգերը մտիկ ընել։ Գերմանիոյ մէջ ապրող Դարա անունով քոյր մը կ’ըսէ. «Երբ որ մտահոգ ըլլամ, այս երգերը ինծի կ’օգնեն որ հանդարտիմ։ Երբ ատոնք իմ մայրենի լեզուովս լսեմ, կը զգամ որ Եհովան ինծի փաթթուկ կ’ընէ»։ Ղազախստանի մէջ Տմիթրի անունով եղբայր մը կ’ըսէ. «Աղուոր բանը այն է որ երբ որ այս երգերը մտիկ կ’ընեմ, պէտք չունիմ մտահոգուելու որ ատոնք Սուրբ Գիրքին սկզբունքներուն համաձա՛յն են կամ ոչ։ Ասկէ զատ, այս երգերը ինծի կ’օգնեն, որ հոգեւոր բաներու վրայ կեդրոնանամ»։

 Հարաւային Ափրիկէի մէջ ապրող Տիլիա անունով քոյր մը կը բացատրէ, թէ ի՛նչ կը զգայ յատուկ երգերուն նկատմամբ. «Այս երգերը ինծի կ’օգնեն հոգեւորապէս ողջ մնալու։ Երբ որ անտրամադիր ըլլամ, կամ դժուարութիւն մը ունենամ, միշտ կը գտնեմ երգ մը որ իմ պարագայիս կը յարմարի։ Ատեններ, միայն երգերուն երաժշտութիւնը մտիկ ընելը բաւարար է որ տրամադրութիւնս փոխուի»։

 Յատուկ երգերէն քանի մը հատը շատ սիրուած են։ Հարաւային Ափրիկէի մէջ ապրող Լիրաթօ անունով քոյր մը կ’ըսէ. «‘Նոր աշխարհը շատ մօտ է’ երգը եւ ‘Դրախտ երկրի վրայ’ երգը ինծի կ’օգնեն, որ երեւակայեմ այդ ժամանակը, երբ ետ պիտի դիմաւորեմ իմ սիրելի մայրս։ Ամէն անգամ որ այս երգերը մտիկ ընեմ, կ’երեւակայեմ որ մայրս բաց թեւերով դէպի ինծի կը վազէ»։

 Յատուկ երգերէն մէկը շատ օգնեց Սրի Լանքայի մէջ պատանուհիի մը։ Ան կ’ըսէ. «Գիտութեան ուսուցչուհիս ամբողջ դասարանին առջեւ զիս գետնին տակը անցուց, քանի որ Եհովայի վկայ եմ։ Շատ վախցայ եւ չգիտցայ ի՛նչ ըսեմ։ Երբ որ տուն եկայ, մամաս քաջալերեց որ մտիկ ընեմ ‘Սերտելը քեզ կը զօրացնէ’ երգը։ Այս երգը ինծի օգնեց որ ըմբռնեմ որ պէտք է փնտռտուք ընեմ եւ իմ պատասխանս պատրաստեմ։ Յաջորդ օրը ուսուցչուհիիս հետ խօսեցայ։ Ականջը բաց ինծի մտիկ ըրաւ եւ ըսաւ որ հիմա աւելի լաւ կը հասկնայ Եհովայի վկաները։ Ես շատ շնորհակալութիւն կը յայտնեմ Եհովայի կազմակերպութեան, որ մեզի այսպիսի քաջալերական երգեր կու տայ»։

 Այս երգերը արտադրելու ծախսերը ուրկէ՞ կ’ապահովուին։ Համաշխարհային գործին համար ձեր ըրած նուիրատուութիւններուն միջոցաւ, որ շատ անգամ կ’ընէք donate.pr418.com կայքին մէջ յիշուած մեթոտներուն միջոցաւ։ Շնորհակալ ենք ձեր առատաձեռն նուիրատուութիւններուն համար։