Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Աստուածաշնչական ֆիլմը նկարահանելու համար, աւելի քան 27,500 քիլոկրամ փշրուած քար բերուեցաւ Մաունթ Իպոյի սթիւտիոն։

ՁԵՐ ՆՈՒԻՐԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԻՆՉՊԷ՛Ս ԿԸ ԳՈՐԾԱԾՈՒԻՆ

«Ուրա՛խ եղէք» տարեկան համաժողովի վիտէօներու արտադրութիւն

«Ուրա՛խ եղէք» տարեկան համաժողովի վիտէօներու արտադրութիւն

10 ՕԳՈՍՏՈՍ 2020

 Տարեկան համաժողովի վիտէօները մեր սրտին կը դպչին եւ մեզի կ’օգնեն որ Աստուածաշունչին սորվեցուցածները աւելի լաւ հասկնանք։ 2020–ի տարեկան համաժողովը ունի 114 վիտէօներ, որոնք կը պարփակեն 43 դասախօսութիւններ Կառավարիչ մարմինին եւ անոնց օգնականներուն կողմէ։ Արդեօք հարց տուա՞ծ ես թէ որքա՛ն ջանք կը թափուի եւ ինչքա՛ն ծախսի կը նայի որ այս վիտէօները արտադրուին։

 Ամբողջ աշխարհի մէջ մօտ 900 եղբայրներ եւ քոյրեր իրենց ժամանակը եւ հմտութիւնները տրամադրեցին, որ համաժողովը արտադրուի։ Անոնք երկու տարուան ընթացքին գրեթէ 100,000 ժամ տրամադրեցին, որ այս ծրագիրը ամբողջացնեն։ Այդ ժամերէն 70,000–ը տրամադրուեցան արտադրելու 76 վայրկեան տեւող Աստուածաշնչական ֆիլմը՝ Նէեմիա. ‘Եհովային ուրախութիւնը ձեր ամրոցն է’։

 Անշուշտ, մեծ գումարի կը նայի որ այսպիսի ծրագրի մէջ աշխատող անձնազոհ կամաւորներուն կարիքները հոգանք, կառոյցներ շինենք, ապրանքներ գնենք եւ նկարահանելու վայրեր կարգադրենք։

 Ճէրըտ Կոսմէն, որ կը ծառայէ Լսատեսողական ծառայութիւններու բաժանմունքին մէջ, ըսաւ. «Կառավարիչ մարմինի Ուսուցումի յանձնախումբը կ’ուզէ որ վիտէօներուն մէջ ներկայացուին տարբեր մշակոյթներ եւ վայրեր, քանի որ մենք համաշխարհային եղբայրութիւն ենք եւ կ’ուզենք որ ատիկա յստակ դառնայ վիտէօներուն մէջ։ Այս նպատակին հասնելու համար 24 խումբեր 11 տարբեր երկիրներու մէջ միասնաբար աշխատեցան։ Մենք պէտք ունէինք շատ մեծ գումարներու, եւ պէտք էր որ ամէն բան լաւ ծրագրէինք եւ համագործակցէինք, որ կարենայինք միասնաբար այս աշխատանքը ամբողջացնել»։

 Շատ մը վիտէօներ պատրաստելու համար, մենք պէտք ունէինք յատուկ քամերաներու, գործիքներու, ինչպէս նաեւ կառոյցներ պատրաստելու։ Օրինակ, Նէեմիա. ‘Եհովային ուրախութիւնը ձեր ամրոցն է’ ֆիլմին վայրը կառուցանուեցաւ Մաունթ Իպօ սթիւտիոյին մէջ, որ կը գտնուի Փէթըրսընի մօտ, Նիւ Եորք (ԱՄՆ)։ Նուիրատուութիւնները լաւ գործածելու համար եւ միեւնոյն ժամանակ տեսարանները պատմականօրէն ճշգրիտ կերպով ներկայացնելու համար, եղբայրները թեթեւ փայտէ կտորներ օգտագործեցին, որ ընդօրինակեն անցեալի Երուսաղէմի պարիսպները։ Այդ փայտի կտորները ունէին 6 մեթր բարձրութիւն եւ ծածկուած էին շինարարական փրփուրով։ Անոնք այնպէս մը ներկուած էին, որ քարի տեսք ունենան։ Այս «պարիսպները» կարելի էր շարժել տարբեր տեսարաններ ստանալու համար։ Այսպիսով, պէտք չկար շատ կառոյցներ պատրաստելու։ Ասով հանդերձ, այս ֆիլմը արտադրելը մօտ 100,000 ամ. տոլարի նայեցաւ a։

 Այս մանրամասնութիւնները գիտնալը մեր գնահատանքը կ’աւելցնէ մեր այս տարուան համաժողովին նկատմամբ։ Մենք վստահ ենք որ այս յայտագիրը արտադրելու ջանքերը Եհովային անունը պիտի փառաւորէ ամբո՛ղջ աշխարհի մէջ։ Շնորհակալ ենք որ առատաձեռն նուիրատուութիւններ կ’ընէք մեր համաշխարհային գործին donate.pr418.com կայքին միջոցաւ կամ ուրիշ կերպերով։

a Նէեմիա. ‘Եհովային ուրախութիւնը ձեր ամրոցն է’ ֆիլմին կառոյցը պատրաստուեցաւ ՔՈՎԻՏ–19 համավարակէն առաջ։ Այդ ատեն պէտք չկար ֆիզիքական հեռաւորութիւն պահպանելու։