Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՁԵՐ ՆՈՒԻՐԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԻՆՉՊԷ՛Ս ԿԸ ԳՈՐԾԱԾՈՒԻՆ

Սուրբ Գիրքը սերտելու շատ տարբեր գիրք մը

Սուրբ Գիրքը սերտելու շատ տարբեր գիրք մը

1 ԱՊՐԻԼ 2022

 Յունուար 2021–ին, Կառավարիչ մարմինը յայտարարեց որ Սուրբ Գիրքը սերտելու նոր գիրք մը պիտի գործածենք. Կեանքը վայելէ յաւիտեա՛ն a։ Ի՞նչ էր քու հակազդեցութիւնդ։ Քանատայէն՝ Մէթիուն կ’ըսէ. «Շա՛տ ուրախացայ։ Աւելի՛ ուրախացայ եւ խանդավառուեցայ, երբ որ մտիկ ըրի եւ դիտեցի այն դասախօսութիւնները եւ վիտէօները, որոնք բացատրեցին թէ ինչո՛ւ այս գիրքը պատրաստուեցաւ եւ ինչպէ՛ս դաշտին մէջ փորձուեցաւ։ Անհամբեր էի. կ’ուզէի գիրքը տեսնել եւ սկսիլ գործածել»։

 Կեանքը վայելէ յաւիտեա՛ն գիրքին միջոցաւ Սուրբ Գիրքը կարելի է սերտել նոր մեթոտով։ Բայց ասիկա միակ տարբերութիւնը չէ աս գիրքին եւ ասոր նախորդող հրատարակութիւններուն միջեւ։ Երբ որ Կեանքը վայելէ յաւիտեա՛ն գիրքին տպուած օրինակը բռնես, պիտի զգաս որ ատիկա տարբեր որակ ունի։ Տեսնենք թէ աս գիրքը ինչպէ՛ս պատրաստուած է։

Նոր եւ տարբեր որակով գիրք

 Հաստ թուղթ։ Ասիկա ինչո՞ւ կարեւոր էր։ Կեանքը վայելէ յաւիտեա՛ն գիրքը ունի աւելի քան 600 գունաւոր նկարներ, այսինքն՝ Ի՞նչ կրնանք սորվիլ գիրքին նկարներուն մօտ տասը անգամը։ Աս նոր գիրքին էջերուն վրայ կան նաեւ աւելի պարապ մասեր։ Այս երկու պարագաները խնդիր մը կը հանեն. երբ որ էջը բարակ ըլլայ, մէկ էջի վրայի նկարները կրնան ետեւի էջին վրայ երեւիլ։ Աս խնդիրին մէջ չիյնալու համար, Ուոլգիլի Միջազգային տպագրութեան բաժանմունքը փորձեր ըրաւ 4 տարբեր թուղթերու վրայ, որոնք կը գործածուին մեր տպարաններուն մէջ։ Կառավարիչ մարմինին Գրական յանձնախումբը ամէն մէկ օրինակ աչքէ անցուց եւ ընտրեց այն թուղթի տեսակը, որ շատ թափանցիկ չէ։ Հակառակ անոր որ աս տեսակ թուղթ մօտ 16 առ հարիւր աւելի սուղ է, քան՝ այն թուղթը որ կը գործածենք միւս հրատարակութիւններուն մեծամասնութեան պարագային։ Ատիկա Աստուածաշունչի աշակերտներուն կ’օգնէ, որ Կեանքը վայելէ յաւիտեա՛ն գիրքին ամէն մէկ էջը կարդան առանց իրենց միտքը ցրուելու՝ յաջորդ էջին վրայ գտնուող նկարներուն պատճառով։

Աջին՝ էջը ցոյց կու տայ այն թուղթի տեսակը որ գործածուեցաւ՝ Կեանքը վայելէ յաւիտեա՛ն գիրքը արտադրելու համար

 Տարբեր կողք։ Աս գիրքին համար տարբեր կողք գործածուեցաւ, ինչ որ ատիկա յատուկ կը դարձնէ միւս գիրքերէն։ Փոխանակ սովորական փայլուն կողքը գործածելու, այս անգամ գործածուեցաւ ոչ փայլուն կողք, որպէսզի ատոր վրայի նկարը աչքառու ըլլայ։ Ոչ փայլուն կողքը նաեւ կ’օգնէ որ գիրքը դիւրին–դիւրին չհիննայ, նոյնիսկ շատ անգամ գործածուելէ ետք։ Բայց ոչ փայլուն կողքը մօտ 5 անգամ աւելի սուղ է, քան՝ փայլուն կողքը։ Անոր համար, քանի մը մասնաճիւղեր համագործակցեցան որ ատիկա ձեռք ձգեն աւելի աժան գինով։

Կողքին պատրաստութիւնը

 Ինչո՞ւ համար աւելի սուղ ապրանքներ զատեցինք։ Եղբայր մը, որ կը ծառայէ Միջազգային տպագրութեան բաժանմունքին մէջ, կ’ըսէ. «Մենք կ’ակնկալենք որ աս գիրքը շատ գործածուի։ Անոր համար կ’ուզենք որ ատիկա լաւ տեսք ունենայ՝ նոյնիսկ շատ անգամ գործածուելէ ետք»։ Էտուարտոն, որ կը ծառայէ Պրազիլի մասնաճիւղի Տպարանի գրասենեակին մէջ, կ’ըսէ. «Շատ ուրախ ենք տեսնելով, որ Եհովային կազմակերպութիւնը լաւ որակով ապրանքներ գործածեց՝ որ այս գեղեցիկ եւ տոկուն գիրքը մէջտեղ բերէ, նոյն ժամանակ նուիրատուութիւնները լաւագոյն կերպով գործածելով»։

ՔՈՎԻՏ–19 համավարակին ժամանակ տպել

 Կեանքը վայելէ յաւիտեա՛ն գիրքը սկսանք տպել մարտ 2021–ին։ Ասիկա ՔՈՎԻՏ–19 համավարակին ժամանակ էր, ինչ որ խնդիրներ ստեղծեց։ Քանի՛ որ Բեթէլը գոց էր, դուրսէն կամաւորներ չէին կրնար տպարանին մէջ աշխատիլ, ոչ ալ կարելի էր նոր եղբայրներ ընդունիլ, որ ծառայեն որպէս բեթէլականներ։ Անոր համար, կարգ մը տպարաններու մէջ բաւարար աշխատողներ չկային, իսկ ուրիշ տպարաններ ալ լման գոց էին՝ առ ի հնազանդութիւն կառավարական օրէնքներուն։

 Լաւ, լուծումը ի՞նչ էր։ Երբ որ տպարանները ետ բացուեցան եւ հոն աշխատիլը կարելի դարձաւ, Բեթէլի տարբեր բաժանմունքներէն եղբայրներ ու քոյրեր ժամանակաւոր նշանակում ստացան որ աս գիրքը տպելու մէջ օգնեն։ Ճոէլը, որ կը ծառայէ Միջազգային տպագրութեան բաժանմունքին մէջ, կ’ըսէ. «Նոր նշանակումներ ընդունելու եւ նոր բաներ սորվելու անոնց անձնազոհ եւ կամաւոր հոգին կարելի դարձուց որ աս կարեւոր գործը կատարուի»։

 Հակառակ դժուարութիւններուն, մենք արդէն կրցանք միլիոնաւոր օրինակներ տպել։ Այս գիրքը արտադրելու համար, պէտք կար տարբեր–տարբեր ապրանքներու. օրինակ՝ թուղթ, կողք, տպագրութեան մելան, փակցնելիք եւ այլն։ Տպագրութեան միայն առաջին հինգ ամսուան ընթացքին, աւելի քան 2,3 միլիոն ամ. տոլար ծախսուեցաւ պէտք եղած ապրանքները գնելու համար։ Դրամ խնայելու համար, մենք կը տպենք միայն այնքա՛ն՝ որքան ժողովքները պէտք ունին։

«Ատիկա հոյակապ գիրք է»

 Արդեօք հրատարակիչները եւ անոնց աշակերտները ինչպէ՞ս կ’արտայայտուին աս նոր գիրքին նկատմամբ։ Փոլը, Աւստրալիայէն եղբայր մը, կ’ըսէ. «Կեանքը վայելէ յաւիտեա՛ն գիրքը շատ հետաքրքրական կերպով պատրաստուած է եւ շատ կը քաջալերուիմ ատով Աստուածաշունչի դասեր վարելու։ Էջերուն տեսքը շատ աչքառու է եւ իրաւ հրատարակիչը կը քաջալերէ, որ իր աշակերտին հետ նիւթը առնէ–տայ։ Աս գիրքին մէջ կը գտնես յստակ տեղեկութիւններ, սրտի դպչող հարցումներ, վիտէօներ, նկարներ, ցուցակներ եւ աշակերտին համար նպատակակէտեր։ Ատիկա հոյակապ գիրք է եւ ինծի կ’օգնէ, որ սորվեցնելու կերպս բարելաւեմ»։

 Միացեալ Նահանգներուն մէջ Աստուածաշունչի աշակերտ մը կ’ըսէ. «Նոր գիրքը շա՛տ կը սիրեմ։ Նկարները ինծի կ’օգնեն որ գլխաւոր կէտերը հասկնամ։ Վիտէօները սրտիս կը դպչին եւ կը քաջալերեն որ քայլեր առնեմ»։ Աս աշակերտը շաբաթը երկու անգամ կը սերտէ եւ կանոնաւորաբար ժողովներուն ներկայ կ’ըլլայ։

 Շատ մը լեզուներով, Կեանքը վայելէ յաւիտեա՛ն գիրքը դեռ պիտի տպենք միլիոնաւոր օրինակներով։ Իրականութեան մէջ, մինչեւ հիմա, Կառավարիչ մարմինը հաւանութիւն տուած է որ աս գիրքը արտադրուի 710 լեզուներով, այսինքն՝ 340 աւելի՛ լեզուներով քան Ի՞նչ կրնանք սորվիլ գիրքը։

 Տպագրութեան ծախսերը ինչպէ՞ս կը գոցենք։ Համաշխարհային գործին տրամադրուած նուիրատուութիւններով։ Եւ այդ նուիրատուութիւններուն մեծամասնութիւնը կ’ըլլայ donate.pr418.com կայքին միջոցաւ։ Շնորհակալ ենք ձեր առատաձեռն նուիրատուութիւններուն համար, որոնք կարելի կը դարձնեն որ Աստուածաշունչի սերտողութիւնը դիւրացնող հրատարակութիւններ արտադրենք անոնց համար՝ որոնք կ’ուզեն Եհովային մասին սորվիլ եւ ‘յաւիտեան ապրիլ’ (Սաղմոս 22։26

a Այս հրատարակութեան մասին յայտարարուեցաւ JW Հեռատեսիլի կայանին վրայ՝ երբ որ տարեկան ժողովին հոգեւոր յայտագիրը ներկայացուեցաւ։