Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՁԵՐ ՆՈՒԻՐԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԻՆՉՊԷ՛Ս ԿԸ ԳՈՐԾԱԾՈՒԻՆ

Վստահելի եւ հաւատք զօրացնող լուրեր

Վստահելի եւ հաւատք զօրացնող լուրեր

1 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2021

 Եհովայի վկաները իրենց հաւատակիցներով շատ հետաքրքրուած են (Ա. Պետ. 2։17)։ Մեզմէ շատեր կը համաձայնին Թանիս անունով Քենիայէն քրոջ մը հետ որ կ’ըսէ. «Կ’ուզե՛մ գիտնալ ամբողջ աշխարհի մէջ գտնուող իմ եղբայրներուս եւ քոյրերուս մասին»։ Թանիսը եւ ուրիշ միլիոնաւոր Եհովայի վկաներ ինչպէ՞ս տեղեակ կը մնան իրենց եղբայրներուն ու քոյրերուն մասին։ 2013–էն սկսեալ, մենք անոնց մասին կը տեղեկանանք՝ jw.org կայքին «Լուրեր» բաժինին a միջոցաւ։

 «Լուրեր» բաժինին մէջ կը գտնենք վստահելի տեղեկագրութիւններ Եհովայի վկաներու մասին։ Օրինակի համար, հոն կան լուրեր Աստուածաշունչի նոր լեզուներու թարգմանութեան աշխատանքներու մասին, աղէտէ տուժածներուն օգնելու աշխատանքներու մասին, շինարարութեան մասին եւ ուրիշ յատուկ առիթներու ու դէպքերու մասին։ Հոնկէ կը տեղեկանանք մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն մասին, որոնք բանտարկուած են իրենց հաւատքին պատճառով։ «Լուրեր» բաժինին մէջ կը գտնենք նաեւ քաջալերական փորձառութիւններ քարոզարշաւներու եւ Յիշատակատօնի վերաբերեալ։ Որո՞նք այս բաժինին վրայ կ’աշխատին ու այդ յօդուածները ինչպէ՞ս կը պատրաստեն։

Պատմութիւններ ընտրել եւ ատոնց մասին տեղեկագրել

 Տեղեկութիւններ տուող գրասենեակը՝ կեդրոնատեղիին մէջ հոգ կը տանի jw.org կայքի «Լուրեր» բաժինին։ Իրականութեան մէջ, այս գրասենեակը բաժանմունք մըն է կեդրոնատեղիին մէջ եւ անոր աշխատանքներուն վրայ կը վերահսկէ Կառավարիչ մարմինի Համակարգողներու յանձնախումբը։ Աւելի քան 100 եղբայրներ ու քոյրեր կը ծառայեն այս բաժանմունքին մէջ։ Անոնց մեծ մասը,– մէջը ըլլալով՝ գրողներ, պրպտում ընողներ, նկարիչներ, արուեստագէտներ եւ թարգմանիչներ,– հեռաւոր կամաւորներ են։ Իսկ ուրիշներ կը հաղորդակցին կառավարական պաշտօնեաներու, փրոֆէսորներու, ուսուցիչներու եւ լրատուամիջոցներու հետ (news media)։ Այս բաժանմունքին հետ կ’աշխատին Եհովայի վկաներուն մասնաճիւղերուն մէջ գտնուող աւելի քան 80 Տեղեկութիւններ տուող գրասենեակներ։

 Լուր մը պատրաստելու ատեն, «Տեղեկութիւններ տուող գրասենեակը՝ կեդրոնատեղիին մէջ» մօտէն կը համագործակցի մասնաճիւղերուն մէջ գտնուող «Տեղեկութիւններ տուող գրասենեակ»ներուն հետ։ Մէյ մը որ եղբայրները պատմութիւն մը կամ լուր մը ընտրեն, որուն մասին կ’արժէ տեղեկագրել, կը սկսին պրպտումներ ընել եւ վստահելի տեղեկութիւններ հաւաքել։ Կրնայ ըլլալ որ անոնք հարցազրոյցներ ընեն եւ մասնագէտներու հետ խօսին։ Իրողութիւնները հաւաքելէ ետք, յօդուածը կը գրուի, կը սրբագրուի, յարմար նկարներ կը զատուին, պէտք եղած փոփոխութիւնները կը մտցուին եւ յետոյ կը ղրկուի Համակարգողներու յանձնախումբին որ ատիկա աչքէ անցընեն եւ վերջը արտօնութիւն տան որ կայքին վրայ երեւի։

Գնահատանքի խօսքեր

 Մեր հաւատակիցները ի՞նչ կ’ըսեն «Լուրեր» բաժինին նկատմամբ։ Շերըլ անունով քոյր մը Ֆիլիփիններէն կ’ըսէ. «Կը սիրեմ օրս սկսիլ լուրեր կարդալով՝ Եհովային կազմակերպութեան եւ իր ժողովուրդին մասին»։

 Շատեր կ’արտայայտուին jw.org կայքի «Լուրեր» բաժինին եւ ուրիշ լրատուամիջոցներու տարբերութեան մասին։ Ղազախստանէն Թաթիանան կ’ըսէ. «Երախտապարտ եմ որ կրնամ jw.org կայքի լուրերուն վստահիլ»։ Մեքսիքայէն Ալմա անունով քոյր մը կ’ըսէ. «Լրատուամիջոցներուն փոխանցած տխուր եւ նեղացուցիչ լուրերուն հակառակը, ‘Լուրեր’ բաժինը շատ քաջալերական է»։

 «Լուրեր» բաժինը ո՛չ միայն վստահելի տեղեկութիւններ կը փոխանցէ, հապա նաեւ մեր հաւատքը կը զօրացնէ։ Քենիայէն Պեռնարտը կ’ըսէ. «‘Լուրեր’ բաժինը ինծի օգնած է որ եղբայրներն ու քոյրերը նկատեմ իմ ընտանիքս, ո՛ր երկրէ ալ որ անոնք ըլլան։ Ես անոնց համար կ’աղօթեմ՝ իրենց անունները եւ յատուկ պարագաները յիշելով Եհովա Աստուծոյ»։ Պիպրըն անունով քոյր մը Քենիայէն կ’ըսէ. «Շատ կ’ուրախանամ, երբ կարդամ որ Աստուածաշունչը նոր լեզուով մը թարգմանուեցաւ։ Այս տեսակ յօդուածներ ինծի կը յիշեցնեն, որ Եհովան անկողմնակալ է»։

«Լուրեր» բաժինը մեզի կ’օգնէ, որ մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն ունեցած դժուարութիւններուն մասին մասնայատուկ աղօթքներ ընենք

 Նոյնիսկ հալածանք կրող եղբայրներու մասին պատմութիւնները կրնան դրական ազդեցութիւն ունենալ։ Քենիայէն Ճեքլինը կ’ըսէ. «Իրենց քաջութեան մասին խոկալը հաւատքս զօրացուցած է։ Միշտ կը փորձեմ տեսնել որ ի՛նչը իրենց կ’օգնէ որ տոկան։ Այս յօդուածներէն սորված եմ որ ինչպէ՛ս աղօթքի, Աստուածաշունչ կարդալու եւ նոյնիսկ երգելու նման ‘պարզ’ բաներ շատ կարեւոր են որ մեր եղբայրները զօրաւոր եւ քաջ մնան»։

 Քոսթա Ռիքայէն Պիաթրիս անունով քոյր մը շա՛տ կը գնահատէ բնական աղէտներու մասին լուրերը։ Ան կ’ըսէ. «‘Լուրեր’ բաժինը ինծի կ’օգնէ, որ տեսնեմ թէ ինչպէ՛ս մեր կազմակերպութիւնը շատ արագ, գործնական եւ սիրալիր կերպով մեր եղբայրներուն պէտքերը կը հոգայ։ Այո՛, ես համոզուա՛ծ եմ որ ասիկա Եհովային կազմակերպութիւնն է»։

 Որքա՜ն երախտապարտ ենք որ կրնանք մեր համաշխարհային եղբայրութեան վերջին լուրերը առնել։ Ասիկա կարելի կը դառնայ համաշխարհային գործին համար ըրած ձեր նուիրատուութիւններուն միջոցաւ, որոնց մեծամասնութիւնը կ’ըլլայ donate.pr418.com կայքին մէջ յիշուած տարբեր մեթոտներով։ Շնորհակալ ենք ձեր առատաձեռն նուիրատուութիւններուն համար։

a Այս բաժինը հիմակուհիմա արեւմտահայերէնով չունինք։