Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՁԵՐ ՆՈՒԻՐԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԻՆՉՊԷ՛Ս ԿԸ ԳՈՐԾԱԾՈՒԻՆ

ՔՈՎԻՏ–19 համավարակի ժամանակ՝ Թագաւորութեան սրահները ապահով վայրեր դարձնել

ՔՈՎԻՏ–19 համավարակի ժամանակ՝ Թագաւորութեան սրահները ապահով վայրեր դարձնել

1 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2022

 «Կառավարիչ մարմինը որոշում առաւ բոլոր ժողովքները քաջալերել, որ ապրիլ 1–էն սկսեալ ետ սկսին ժողովներ ունենալ մեր սրահներուն մէջ, բացի՝ այն վայրերէն, ուր իշխանութիւնները կ’արգիլեն միասին հաւաքուիլ»։ Այս յայտարարութիւնը, որ երեւցաւ մարտ 2022–ի սկիզբը jw.org կայքին վրայ, շա՛տ ուրախացուց ամբողջ աշխարհի Եհովայի վկաները։ Բայց ՔՈՎԻՏ–19 համավարակը դեռ չէր վերջացած a։ Սրահ եկողները ժահրէն պաշտպանելու համար, ի՞նչ փոփոխութիւններ պէտք էր ըլլային եւ ի՞նչ ապրանքներու ու սարքերու պէտքը պիտի ըլլար։ Թագաւորութեան սրահները մօտ երկու տարիէ ի վեր չէին գործածուած։ Արդեօք պատրաստութիւնները ճիշդ ժամանակին պիտի վերջանայի՞ն։

 Իրականութեան մէջ, մեր եղբայրները արդէն ամիսներէ՜ ի վեր պատրաստութիւններ կը տեսնէին, որ ետ կարենանք ժողովները Թագաւորութեան սրահներուն մէջ դիտել։

Տարբեր պէտքեր եւ տարբեր լուծումներ

 2020–ին, մեր սրահները փակուելէն մէկ ամիս ետք, Ուորուիքի Համաշխարհային ծրագրման/շինարարութեան բաժանմունքը սկսաւ սերտել, որ ՔՈՎԻՏ–19 համավարակը ինչպէ՛ս պիտի ազդէր Թագաւորութեան սրահներու մեր գործածութեան եւ ի՛նչ պէտք էր ընել, որ սրահները քով–քովի հաւաքուելու ապահով վայրեր դառնային։

 Պէտքերը շրջանէ շրջան տարբեր էին։ Մէթիու Տէ Սենքթիսը, որ կը ծառայէ այդ բաժանմունքին մէջ, կը բացատրէ. «Կարգ մը երկիրներու մէջ, դժուար է ձեռք լուալու տեղ ունենալ։ Երբ որ Թագաւորութեան սրահներու մէջ ջուր չ’ըլլայ, պէտք է ատիկա գնել կամ գետէ մը կամ հորէ մը շալկել–բերել։ Ուրիշ երկիրներու մէջ, կարգ մը կառավարութիւններ իրենց պահանջքները փոխեցին օդորակիչներու (air-conditioning) եւ օդափոխութեան (air exchange) վերաբերեալ, ինչպէս նաեւ առողջութեան եւ մաքրութեան նշաններուն վերաբերեալ»։

 Այս խնդիրներուն հետ գլուխ ելլելու համար, մեր եղբայրները ի՞նչ ըրին։ Անոնք նկատեցին որ շատ մը Թագաւորութեան սրահներու նկատմամբ «պարզ եւ աժան ազդու լուծումներ կան», կ’ըսէ Մէթիուն։ Օրինակ, Բաբուա Նոր Կուինիայի մէջ, ձեռք լուալու համար, ծորակներ ունեցող փլասթիքէ կալոններ դրուեցան, որոնց մէջ 20 լիթր ջուր կը բաւէ։ Ասանկով, մեր եղբայրները կրցան միայն 40 ամ. տոլարով գիւղը գտնուող Թագաւորութեան սրահի մը պէտքերը ապահովել։ Ափրիկէի Թագաւորութեան սրահներուն համար, աւելի քան 6000 բարձր որակի ձեռք լուալու համար ապրանքներ, ծորակներ եւ կալոններ գնուեցան Ասիայէն։

Ծնողները մաքրութեան մէջ իրենց զաւակներուն լաւ օրինակ կը ձգեն

 Ուրիշ շրջաններու մէջ պէտք կար, որ հովահարներ դրուէին կամ ճշդուէին, եւ օդափոխութեան սարքերը այնպէս մը դրուէին որ մաքուր օդ մտնէր սրահները։ Շատ մը ժողովքներ միքրոֆոններու գործածութեան համար գաւազաններ գնեցին, որ միքրոֆոնները ձեռքէ ձեռք չ’անցնին։ Շատ ջանքեր թափուեցան, որ կանոնաւորաբար հականեխուին սրահներուն մէջ այն տեղերը, ուր ներկաները ամէնէն շատ կը դպնան եւ որոնք կրնան պատճառ դառնալ որ մարդէ մարդ ժահրեր փոխանցուին. օրինակի համար, դռներուն բռնակները եւ ծորակները։ Կարգ մը ժողովքներ պէտքարաններուն մէջ դրին այնպիսի ծորակներ, որոնք ինքնաբերաբար կը սկսին աշխատելու, երբ որ մէկը ատոնց մօտենայ։ Չիլիի մէջ, ամէն մէկ Թագաւորութեան սրահի մը փոփոխութիւններուն ծախսերը միջին հաշուով 1400 ամ. տոլար կ’արժեն։

Միքրոֆոնները ձեռքէ ձեռք չէին անցներ

 Ճիշդ է որ եղբայրներուն գլխաւոր նպատակն էր Թագաւորութեան սրահները աւելի ապահով վայրեր դարձնել, բայց անոնք նաեւ ջանք ըրին որ նուիրատուութիւնները կարելի եղածին չափ խնայեն։ Օրինակի համար, կարգ մը երկիրներու մէջ, անոնք օգտագործեցին կառավարութիւններուն տուած դրամական օգնութիւնները, որ ձեռք լուալու դիւրութիւններ կարգի դնեն եւ միքրոֆոններու գործածութեան համար գաւազաններ գնեն։ Մասնաճիւղերը համագործակցեցան, որ նուիրատուութիւնները խնայուին՝ կարգ մը ապրանքներ մեծաքանակ գնելով։ Մասնաճիւղերը եւ Համաշխարհային գնումներու բաժանմունքը կարգադրութիւններ ըրին, որ ապրանքները ուղղակի գործարանատէրերէն գնեն։ Ասանկով, ո՛չ միայն այդ ապրանքներուն ծախսը աւելի քիչի նայեցաւ, հապա նաեւ՝ անոնց փոխադրութեան ծախսը։

Ձեռքեր հականեխելու դիւրութիւն

«Զգացի որ ապահով ձեռքերու մէջ եմ»

 Թագաւորութեան սրահները աւելի ապահով վայրեր դարձնելու կարգադրութիւնները պաշտպանեցին եւ հանգստացուցին ներկաները։ Փերուէն Տուլսինէ անունով քոյր մը կ’ըսէ որ «քիչ մը կը վախնար», երբ գիտցաւ որ ետ Թագաւորութեան սրահ պիտի դառնայինք։ «Ես ՔՈՎԻՏ–19 ժահրով վարակուեցայ համավարակը սկսելէն քիչ ետք», կ’ըսէ ան։ «Թագաւորութեան սրահ վերադառնալու նկատմամբ մտահոգ էի, քանի որ կը մտածէի որ կրնայ ըլլալ որ նորէ՛ն վարակուիմ։ Բայց երբ որ սրահ մտայ, նկատեցի որ երէցները ինչե՜ր ըրած են, որ սրահը մաքուր մնայ։ Մեր ձեռքերը հականեխելու համար դիւրութիւններ կային, միքրոֆոններու գործածութեան համար գաւազաններ կային եւ ամէն մէկ ժողովէն առաջ եւ վերջ սրահը հականեխելու յայտագիր կար։ Զգացի որ ապահով ձեռքերու մէջ եմ» b։

Թագաւորութեան սրահի հականեխում

 Զամպիայէն Սառա անունով քոյր մը ուրիշ դժուարութիւն ունէր։ Ան կ’ըսէ. «Ամիսներ առաջ, ամուսինս մահացած էր ՔՈՎԻՏ–19 համավարակին պատճառով։ Մտահոգ էի որ ի՛նչ պիտի զգամ, երբ սկսիմ սրահ երթալ առանց իրեն»։ Սառան հիմա ի՞նչ կը զգայ սրահ երթալու նկատմամբ։ Ան կ’ըսէ. «Ժողովները սրահին մէջ դիտելը ինծի փաստեց, որ Եհովան այս վերջին օրերուն մէջ մեզի հետ է։ Հիմա, որեւէ ժամանակէ աւելի, կը զգամ որ պէտք եղած քաջալերութիւնը, սէրը եւ օգնութիւնը կը ստանամ թէ՛ երէցներուն եւ թէ եղբայրներուս ու քոյրերուս կողմէ»։

Ուրախ են որ սրահ վերադարձան

 Ամբողջ աշխարհի մէջ մեր սիրելի հաւատակիցները երախտապարտ են, որ առիթը ունին Թագաւորութեան սրահ վերադառնալու։ Շնորհակալ ենք ձեր նուիրատուութիւններուն համար, որոնց մեծ մասը կ’ընէք donate.pr418.com կայքին միջոցաւ։ Այս նուիրատուութիւնները մեզի կ’օգնեն, որ վստահ ըլլանք որ պաշտամունքի վայրերը քով–քովի հաւաքուելու հանգիստ եւ ապահով վայրեր են։

a Ուր որ կարելի էր, անոնք՝ որոնք պէտք ունէին որ շարունակէին ժողովները ինթըրնէթով դիտել կամ հեռաձայնով մտիկ ընել, կրցան ասիկա ընել։

b Ասկէ զատ, բոլոր ներկաներէն պահանջուած էր որ դիմակ դնեն, երբ Թագաւորութեան սրահ գան՝ ժողովներուն ներկայ ըլլալու համար