Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Ո՞վ պիտի ազատէ Երկիր մոլորակը

Ո՞վ պիտի ազատէ Երկիր մոլորակը

 Շատեր մտահոգ են, որ մարդիկ վնաս կը հասցնեն Երկիր մոլորակին եւ անոր վրայի կեանքին։ Կարգ մը մասնագէտներ կ’ըսեն, որ մարդիկ հիմա, որեւէ ժամանակէ աւելի, ամէն տեսակ կեանքի վնաս կը հասցնեն եւ իրենց ըրածներով նոյնիսկ կը սպառնան կեանքի կարգ մը տեսակներու գոյութեան։

 Արդեօք մարդիկ Երկիր մոլորակը պիտի կործանե՞ն, թէ ոչ պիտի կարենան անոր վրայ ապրիլ՝ առա՛նց բնութիւնը քանդելու։

Մարդոց թափած ջանքերը յաջողութիւն պիտի գտնե՞ն

 Շատ մը մասնագէտներ վստահ են, որ մարդիկ կրնա՛ն Երկիր մոլորակը պաշտպանել եւ բնութեան վնաս չհասցնել։ Բայց կարգ մը գիտնականներ կ’ըսեն, որ մեր մոլորակը պահպանելու մարդոց թափած ջանքերը յաջողելու համար, պէտք է տարբեր մարզերու մէջ փոփոխութիւններ մտցուին եւ նո՛յն ժամանակ։ Նկատի առ անոնց առաջարկած կարգ մը փոփոխութիւնները.

  •   Հողերու, անտառներու, ճահճավայրերու (այսինքն՝ խոնաւ հողերու) եւ ովկիանոսներու հոգատարութիւնը բարելաւել։

  •   Հողագործութեան եւ ուժանիւթի օգտագործման տարբեր մեթոտներ գործածել։

  •   Ուտելիքը տարբեր կերպով արտադրել եւ բաշխել, որ մարդիկ գլխաւորաբար ուտեն բանջարեղէն։ Ասանկով, անոնք չափաւոր կերպով կ’օգտագործեն մսեղէն եւ ձուկ, ինչպէս նաեւ կը նուազեցնեն ուտելիքի անտեղի վատնում։

  •   Ընդունիլ որ ուրախ եւ լաւ կեանք ունենալու համար, մէկը պէտք չունի շատ ապրանքներ ունենալու։

 Ի՞նչ կ’ըսես։ Տրամաբանակա՞ն է ակնկալել, որ կառավարութիւնները, առեւտրական հաստատութիւնները եւ մարդիկ կրնան ձեռք–ձեռքի տալ եւ այսքան մեծ փոփոխութիւններ ընել։ Թէ ոչ, աւելի հաւանական է որ մարդոց մէջ արմատացած գէշ յատկութիւններ, ինչպէս՝ ագահութիւն, անձնասիրութիւն եւ կարճատեսութիւն, այդ նպատակին հասնիլը դժուար դարձնեն (Բ. Տիմոթէոս 3։1-5

Յոյս կայ

 Աստուածաշունչը մեզ կը վստահեցնէ, որ մեր մոլորակին ապագան ապահով է։ Անիկա կը բացատրէ, որ ինչո՛ւ մարդոց ջանքերը բաւարար չեն Երկիր մոլորակը ազատելու համար եւ կը նկարագրէ թէ ճիշդ ի՛նչ փոփոխութիւն պէտք է որ ըլլայ եւ ինչպէ՛ս։

 Ինչո՞ւ մարդոց թափած ջանքերը բաւարար չեն Երկիր մոլորակը ազատելու։ Եհովա a Աստուած երկիրը ստեղծեց եւ մարդոց պատասխանատուութիւն տուաւ, որ անոր հոգ տանին (Ծննդոց 1։28. 2։15)։ Անոնք կրնային յաջողիլ, միա՛յն՝ եթէ հետեւէին իրենց Ստեղծիչին առաջնորդութեան եւ ուղղութեան (Առակաց 20։24)։ Բայց անոնք Եհովան մերժեցին եւ ինքնագլուխ որոշումներ առին (Ժողովող 7։29)։ Առանց Աստուծոյ, մարդիկ կարողութիւն չունին Երկիր մոլորակին հոգ տանելու։ Թէեւ անոնք կարենան կարգ մը բարելաւումներ ընել, բայց լման յաջողութիւն պիտի չգտնեն (Առակաց 21։30. Երեմիա 10։23

 Ի՞նչ փոփոխութիւն պէտք է որ ըլլայ։ Աստուած պիտի չձգէ, որ մարդիկ Երկիրը կործանեն (Յայտնութիւն 11։18)։ Ան պիտի չբարեփոխէ մարդիկը եւ կառավարութիւնները, որոնք Երկրին վնաս կը հասցնեն, հապա ատոնք պիտի փոխարինէ (Յայտնութիւն 21։1)։ Անոր համար, Եհովան կ’ըսէ. «Ահա ամէն բաները նոր կ’ընեմ» (Յայտնութիւն 21։5

 Այս փոփոխութիւնը ինչպէ՞ս պիտի ըլլայ։ Եհովան մարդկային կառավարութիւնները պիտի փոխարինէ երկնային կառավարութիւնով մը, որ կը կոչուի Աստուծոյ Թագաւորութիւն։ Յիսուս Քրիստոսի գլխաւորութեամբ, այդ կառավարութիւնը պիտի իշխէ երկրի վրայ (Դանիէլ 2։44. Մատթէոս 6։10

 Աստուծոյ Թագաւորութիւնը մարդոց պիտի սորվեցնէ ապրիլ անոր արդար չափանիշներուն համաձայն։ Երբ մարդիկ իրենց Ստեղծիչին իշխանութիւնը ընդունին եւ անոր հնազանդին, բնութեան վնաս պիտի չհասցնեն (Եսայի 11։9)։ Աստուածաշունչը կը նկարագրէ թէ Աստուծոյ կառավարութիւնը ինչպէ՛ս մարդոց հիանալի կեանք պիտի ապահովէ՝ առանց Երկիր մոլորակին վնասելու։ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը...

 Կրնա՛ս վստահ ըլլալ, որ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը մօտ օրէն այս փոփոխութիւնները պիտի ընէ։ Այս նիւթին մասին աւելի տեղեկութիւններ առնելու համար, կարդա՛ «Աստուծոյ Թագաւորութիւնը ե՞րբ երկրի վրայ պիտի իշխէ» յօդուածը։

a Աստուծոյ անձնական անունը Եհովա է (Սաղմոս 83։18