Ահաբեկչութիւնը օր մը վերջ պիտի գտնէ՞
Ահաբեկչական յարձակումէ մը ետք, բնականաբար թերեւս հարց տաս. ‘Արդեօք Աստուած պատահած դէպքով հետաքրքրուա՞ծ է։ Ահաբեկչութիւնը a օր մը վերջ պիտի գտնէ՞։ Ինչպէ՞ս կրնամ ապրիլ այս վախի զգացումով’։ Աստուածաշունչը այս հարցումներուն գոհացուցիչ կերպով կը պատասխանէ։
Ի՞նչ է Աստուծոյ կարծիքը ահաբեկչութեան նկատմամբ
Աստուած կ’ատէ վայրագութիւնը եւ ահաբեկչութիւնը (Սաղմոս 11։5. Առակաց 6։16, 17)։ Յիսուսը՝ Աստուծոյ ներկայացուցիչը, իր աշակերտները յանդիմանեց, երբ որ վայրագ կերպով վարուեցան (Մատթէոս 26։50-52)։ Հակառակ անոր որ ոմանք վայրագ յարձակումներ կ’ընեն Աստուծոյ անունով, բայց ան իրենց այսպիսի գործողութիւններ ընելու իրաւունքը չէ տուած։ Իրականութեան մէջ, ան նոյնիսկ անոնց աղօթքներուն ականջ չի տար (Եսայի 1։15)։
Աստուած հետաքրքրուած է բոլոր անոնցմով՝ որոնք կը չարչարուին, մէջը ըլլալով անոնք՝ որոնք ահաբեկչական յարձակումներու պատճառով կը տուժեն (Սաղմոս 31։7. Ա. Պետրոս 5։7)։ Աստուածաշունչը նաեւ ցոյց կու տայ, որ Աստուած վայրագութեան վերջ պիտի դնէ (Եսայի 60։18)։
Ահաբեկչութեան բուն պատճառը
Աստուածաշունչը կը յայտնէ ահաբեկչութեան բուն պատճառը. «Մարդ մը ուրիշ մարդու վրայ կ’իշխէ իրեն թշուառութեան համար» (Ժողովող 8։9)։ Պատմութեան ընթացքին, իշխանութիւն ունեցողները ուրիշները վախցնող եւ սարսափեցնող մեթոտներու դիմած են՝ զանոնք ճնշելու եւ նեղացնելու համար։ Այս տեսակ մեթոտներու դէմ դնելու համար, հակառակ կողմը դիմած է ահաբեկչական գործողութիւններու (Ժողովող 7։7)։
Ահաբեկչութեան վերջ
Աստուած կը խոստանայ վերջ դնել վախի եւ վայրագութեան, ինչպէս նաեւ կը խոստանայ խաղաղութիւն բերել երկրի վրայ (Եսայի 32։18. Միքիա 4։3, 4)։
Ան ահաբեկչութեան բուն պատճառը պիտի լուծէ։ Աստուած մարդկային կառավարութիւնները պիտի փոխարինէ համաշխարհային կառավարութեամբ մը։ Այս կառավարութեան Կառավարիչը՝ Յիսուս Քրիստոս՝ բոլոր մարդոց հետ արդարութեամբ պիտի վարուի եւ նեղութեան եւ վայրագութեան վերջ պիտի դնէ (Սաղմոս 72։2, 14)։ Այն ատեն, մէ՛կը ահաբեկչութեան պիտի չդիմէ։ Մարդիկ «խաղաղութեան առատութիւնովը պիտի ուրախանան» (Սաղմոս 37։10, 11)։
Ան ահաբեկչութեան բոլոր հետեւանքները պիտի ջնջէ։ Աստուած պիտի բժշկէ ահաբեկչութենէ տառապած մարդիկը, թէ՛ ֆիզիքապէս եւ թէ զգացական գետնի վրայ (Եսայի 65։17. Յայտնութիւն 21։3, 4)։ Ան նոյնիսկ կը խոստանայ յարութիւն տալ մեռելներուն, որ ապրին խաղաղ երկրի վրայ (Յովհաննէս 5։28, 29)։
Աստուածաշունչին մէջ կը գտնենք տրամաբանական պատճառներ հաւատալու, որ Աստուած շատ արագ քայլեր պիտի առնէ։ Բայց թերեւս հարց տաս. ‘Աստուած ի՞նչ կը սպասէ։ Ինչո՞ւ մինչեւ հիմա ահաբեկչութեան վերջ չէ դրած’։ Պատասխանը առնելու համար, դիտէ Աստուած ինչո՞ւ կը ձգէ որ մարդիկ չարչարուին վիտէոն։
a «Ահաբեկչութիւն» բառը ընդհանրապէս կապ ունի վայրագութեամբ սպառնալու հետ կամ ալ վայրագութիւն գործածելու հետ դիմացինին՝ մանաւանդ քաղաքացիներու՝ դէմ, անոնց վախցնելու եւ քաղաքական, կրօնական կամ ալ ընկերային նպատակակէտերու հասնելու նպատակաւ։ Որոշ գործողութեան մը նկատմամբ տարբեր–տարբեր կարծիքներ կրնան ըլլալ։ Ոմանք կրնան ատիկա ահաբեկչութիւն սեպել, իսկ ուրիշներ՝ ոչ։