Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

7 Խրատներ՝ մեր ուտելիքը ապահով պահելու եւ առողջ սննդականոն ունենալու մասին

7 Խրատներ՝ մեր ուտելիքը ապահով պահելու եւ առողջ սննդականոն ունենալու մասին

 Ինչո՞ւ կարեւոր է թէ ի՛նչ կ’ուտես

 Ուտելիքներդ որոշ չափով ազդեցութիւն ունին առողջութեանդ վրայ։ Եթէ ուտելիքդ ապահով պահես եւ առողջ սննդականոնի հետեւիս, կրնաս առողջութիւնդ բարելաւել։ Բայց եթէ հակառակը ընես, առողջապահական լուրջ խնդիրներու դուռ կը բանաս, ճիշդ ինչպէս որ գէշ որակ ունեցող պենզինը կրնայ ինքնաշարժին լուրջ խնդիրներ պատճառել։ Թերեւս այդ խնդիրները մէկ անգամէն չերեւին, բայց ժամանակի ընթացքին պիտի երեւին (Գաղատացիս 6։8

 Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութիւնը կ’ըսէ, որ «աշխարհի չորս կողմը ամէն մէկ երկիր սննդառութեան պակասի խնդիրը ունի»։ «Սննդառութեան պակաս» արտայայտութիւնը ոչ միայն կապ ունի բաւարար սնունդ չառնելուն հետ, հապա նաեւ՝ աւելորդ կշիռք ունենալուն եւ գիրութեան հետ։ Վնասակար ուտելիքներ կամ խմելիքներ միշտ ուտելն ու խմելը կրնայ առաջնորդել սրտի հիւանդութեան, կաթուածի, շաքարախտի եւ քաղցկեղի։ Ուսումնասիրութեան մը համաձայն, սննդառութեան պակասի պատճառով, 2017–ին, առնուազն 11 միլիոն մարդ մեռաւ։ Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութիւնը կ’ենթադրէ, որ սննդային թունաւորումի պատճառով՝ աւելի քան 1000 մարդ օրական կը մեռնի եւ ուրիշ հարիւր միլիոնաւորներ առողջապահական խնդիրներ կ’ունենան։

 Աստուածաշունչը մեզ կը քաջալերէ, որ այս նիւթը լուրջի առնենք։ Ատիկա կը սորվեցնէ, որ Աստուած «կեանքի աղբիւր»ն է (Սաղմոս 36։9)։ Կեանքը նուէր է եւ մենք այդ նուէրին հանդէպ մեր գնահատանքը ցոյց կու տանք, երբ որ մեր եւ մեր ընտանիքին առողջութեան հոգ կը տանինք։ Նկատի առնենք թէ ասիկա ինչպէ՛ս կրնաս ընել։

 4 խրատներ՝ մեր ուտելիքը ապահով պահելու մասին

 1. Ճաշը ապահով կերպով պատրաստէ։

 Ինչո՞ւ։ Թունաւոր ուտելիքի կամ ջուրի վտանգաւոր մանրէները (germs) a կրնան մարմինիդ մէջ անցնիլ եւ քեզ հիւանդացնել։

 Առողջապահութեան մասնագէտները այս խրատները կու տան.

  •   Ճաշը պատրաստելէ առաջ, ձեռքերդ օճառով եւ ջուրով լուա՛ առնուազն 20 երկվայրկեան b։ Օճառով լաւ մը շփէ ձեռքերուդ երկու կողմերը, մատներուդ միջեւ եւ եղունգներուդ տակը։ Ետքը, ձեռքերդ լուա՛ եւ լաւ մը չորցուր։

  •   Օճառով եւ ջուրով լուա՛ ուտելիք շերտելու տախտակը, պնակները եւ որեւէ բան որ ուտելիքին պիտի դպնայ։ Ասկէ զատ, նոյն տախտակը մի՛ գործածեր այն ուտելիքներուն համար՝ որոնք պիտի եփուին եւ անոնց համար՝ որոնք պիտի չեփուին։

  •   Բոլոր պտուղները եւ բանջարեղէնները լուա՛ եւ հականեխէ, եթէ կ’ապրիս այնպիսի շրջանի մէջ, ուր մարդիկ թերեւս բերքը կը ջրեն կոյուղիի կամ աղտոտ ջուրով։

 2. Հում ուտելիքները զատէ այն ուտելիքներէն, որոնք պիտի եփուին։

 Ինչո՞ւ։ Հում ուտելիքին, օրինակ՝ միսին եւ անկէ ելած հեղուկներուն մանրէները, կը թունաւորեն ուրիշ ուտելիքներ։

 Առողջապահութեան մասնագէտները այս խրատները կու տան.

  •   Խանութէն ապրանք գնած ժամանակ, բոլոր հում ուտելիքները, մանաւանդ միսերը, զատէ այն ուտելիքներէն, որոնք պիտի եփուին։ Իսկ տունը, ամէն մէկը տարբեր տեղ դիր։

  •   Հում միսը կտրելէ ետք, լաւ մը լուա՛ ձեռքերդ, դանակը եւ տախտակը, առա՛ջ որ ուրիշ բան կտրելու կամ շերտելու անցնիս։

 3. Վստահ եղիր որ այն ուտելիքները, որոնք պիտի եփես, լա՛ւ եփուին։

 Ինչո՞ւ։ Վնասակար մանրէները կը մեռնին միա՛յն՝ բարձր ջերմաստիճանի տակ։

 Առողջապահութեան մասնագէտները այս խրատները կու տան.

  •   Ուտելիքները եփէ մինչեւ որ շատ տաք դառնան։ Ուտելիքին, մէջը ըլլալով՝ միսին, ներսի ջերմաստիճանը պէտք է հասնի 70–ի՝ առնուազն 30 երկվայրկեան։

  •   Ապուրները եւ եփուած ճաշերը պէտք է եռան։

  •   Նախապէս եփուած ճաշ ուտելու համար, պէտք է ատիկա լաւ տաքցնես, մինչեւ որ կաթսայէն սկսի շոգի բարձրանալ։

 4. Ուտելիքը ապահով եւ յարմար ջերմաստիճանի մէջ պահէ։

 Ինչո՞ւ։ Եթէ ուտելիքը 5-60 ջերմաստիճանի մէջ պահես միայն 20 վայրկեան, մէջի պակտէրիաները կրնան կրկնապատկուիլ։ Ասկէ զատ, եթէ հում միսը յարմար ջերմաստիճանի մէջ չպահես, պակտէրիաները կրնան արտադրել թոյներ, որոնցմէ կարելի չէ ձերբազատուիլ՝ եփելու ժամանակ։

 Առողջապահութեան մասնագէտները այս խրատները կու տան.

  •   Ուտելիքը պահէ կա՛մ տաք կամ ալ պաղ վիճակի մէջ,– եւ ոչ թէ գաղջ վիճակի մէջ,– որ մանրէներու բազմապատկուիլը կա՛մ դանդաղի կամ ալ դադրի։

  •   Ուտելիքը բնաւ սենեակի ջերմաստիճանի մէջ մի՛ պահեր երկու ժամէ աւելի։ Իսկ եթէ սենեակին ջերմաստիճանը 32 է կամ աւելի, այդ պարագային, ուտելիքը պէտք չէ մէկ ժամէ աւելի դուրսը պահես։

  •   Եփելէ ետք, ուտելիքը տաք պահէ, մինչեւ որ ատիկա պնակին մէջ դրուի։

 3 խրատներ՝ առողջ սննդականոն ունենալու մասին

 1. Ամէն օր տարբեր պտուղներ եւ բանջարեղէններ կեր։

 Պտուղներուն եւ բանջարեղէններուն մէջ կան կարեւոր կենսանիւթեր (vitamins), հանքայիններ (minerals) եւ ուրիշ կարեւոր նիւթեր՝ լաւ առողջութիւն ունենալու համար։ Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութիւնը կ’ըսէ, որ օրական մարմինդ առնուազն 5 ժում պտուղներու եւ բանջարեղէններու պէտք ունի։ Բայց այս ժումերը չեն պարփակեր բանջարեղէններ, որոնց մէջ կայ նշայ, ինչպէս՝ գետնախնձորը։

 2. Քիչ քանակով ճարպեր եւ իւղեր կեր։

 Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութիւնը կ’առաջարկէ, որ սահմանափակես տապկուած ուտելիքները, տուփեղէնները, սառած ուտելիքները եւ «ֆասթ ֆուտ»ը, որոնց մէջ վնասակար ճարպեր կան։ Եթէ կարելի է, ճաշերը եփէ հեղուկեղէն բուսական իւղերով, քանի որ անոնք աւելի առողջապահական են։

 3. Սահմանափակ կերպով գործածէ աղն ու շաքարը։

 Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութիւնը կ’առաջարկէ, որ չափահաս մը օրական մէկ թէյի դգալէն պակաս աղ օգտագործէ, իսկ 12 թէյի դգալէն պակաս՝ ազատ շաքար c։ Շատ մը տուփեղէններու, սառած ուտելիքներու եւ զովացուցիչներու մէջ բարձր քանակով շաքար կը գտնենք։ Օրինակ, 355 միլիլիթր զովացուցիչի մէջ կայ՝ 10 թէյի դգալ շաքար։ Թէեւ զովացուցիչները բարձր ջերմուժ (calorie) ունին, բայց սննդարար խմելիքներ չեն։

 Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Խորագէտը չարիքը կը տեսնէ ու կը զգուշանայ, բայց միամիտները առաջ կ’անցնին ու կը վնասուին» (Առակաց 22։3)։ Եթէ խորագէտ կամ իմաստուն կերպով ուտես եւ պէտք եղած փոփոխութիւնները մտցնես ուտելու սովորութիւններուդ մէջ, Աստուծոյ ցոյց պիտի տաս որ կեանքդ եւ առողջութիւնդ կ’արժեւորես։

 Սխալ կարծիքներ

 Սխալ կարծիք։ Եթէ ուտելիքի մը տեսքը, հոտը եւ համը լաւ են, ուրեմն ատիկա վնասակար չէ։

 Իրողութիւն։ 1 լիդր ջուրի մէջ պէտք է ըլլան աւելի քան 10 միլիառ պակտէրիաներ, որ ատիկա պղտոր դառնայ։ Բայց միայն 15-20 վտանգաւոր պակտէրիաներ բաւարար են, որ քեզ անհանգստացնեն։ Վստահ ըլլալու համար որ ուտելիքդ եւ խմելիքդ ապահով են, ատոնք պատրաստէ, հրամցուր եւ պահէ՝ հաշուի առնելով յարմար ջերմաստիճանի եւ ժամանակի հետ կապուած ցուցմունքները։

 Սխալ կարծիք։ Ճանճերը ուտելիքին վնաս չեն հասցներ։

 Իրողութիւն։ Ճանճերը կ’ուտեն եւ կը շատնան աղտոտ շրջաններու մէջ, օրինակ՝ կղկղանքներու մէջ։ Շատ անգամ անոնց ոտքերուն վրայ կարելի է գտնել հիւանդութիւններ պատճառող միլիոնաւոր մանրէներ։ Ուտելիքները ճանճերէն պաշտպանելու համար, ատոնք ամբողջութեամբ ծածկէ։

 Սխալ կարծիք։ «Ես տարիներէ ի վեր վնասակար ուտելիքներ կ’ուտեմ։ Հիմա բան մը պիտի չփոխուի եթէ ուտելիքի սովորութիւններս փոխեմ»։

 Իրողութիւն։ Գիտնականները կ’ըսեն, որ եթէ հիմա սկսիս առողջ սննդականոնի հետեւիլ, կանուխ մահուան հաւանականութիւնը կը նուազեցնես։ Եւ որքա՛ն երկար հետեւիս այդ սննդականոնին, ա՛յնքան աւելի առողջ կը զգաս։

a Մանրէները շատ պզտիկ ապրող էակներ են, որոնք կարելի չէ պարզ աչքով տեսնել։ Մանրէներու շարքին են պակտէրիաները, վայրըսները եւ մակաբոյծները (parasites)։ Կարգ մը մանրէներ օգտակար են, բայց վնասակար մանրէները կրնան անհանգստացնել կամ նոյնիսկ մահուան պատճառ ըլլալ։

b Օճառը եւ ջուրը աւելի մանրէներ կը մաքրեն, քան՝ ջուրը առանձին։

c Ազատ շաքար կը սեպուին խտացուած կամ մշակուած շաքարները, օրինակ՝ շաքարաւազը, մեղրը, օշարակները եւ պտուղի հիւթերը։ Ազատ շաքար չի սեպուիր այն բնական շաքարը, որ կը գտնենք պտուղներուն, բանջարեղէններուն եւ կաթին մէջ։