Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Ինչպէ՞ս կրնաս ինքզինքդ պաշտպանել սխալ տեղեկութիւններէ

Ինչպէ՞ս կրնաս ինքզինքդ պաշտպանել սխալ տեղեկութիւններէ

 Այսօր, որեւէ ժամանակէ աւելի, դիւրին է տեղեկութիւններ ստանալ,– մէջը ըլլալով առողջութեան եւ ապահովութեան նկատմամբ տեղեկութիւններ։ Բայց, պրպտում ըրած ժամանակ, ուշադիր պէտք է ըլլաս սխալ լուրերէ, օրինակ՝

 ՔՈՎԻՏ–19 համավարակին ժամանակ, ՄԱԿ–ի ընդհանուր քարտուղարը զգուշացուց շատ վտանգաւոր համավարակէ մը՝ սխալ տեղեկութիւններէ՝ երբ ըսաւ. «Վտանգաւոր առողջապահական խրատներ եւ խաբեբայ բժշկական դարմանումներ երթալով կը շատնան»։ Ան աւելցուց. «Սխալ տեղեկութիւններ կրնաք լսել հեռատեսիլէն կամ ռատիոյէն։ Մարդիկ սուտ գաղափարներ կը տարածեն Ինթըրնէթի վրայ։ Շատ սովորական բան դարձած է ատելութեամբ եւ նախապաշարումով լեցուն արտայայտութիւններ ընել»։

 Անշուշտ, սխալ տեղեկութիւններ տարածելը նոր բան չէ։ Բայց Աստուածաշունչը մարգարէացած էր, որ մեր օրերուն «չար ու խաբեբայ մարդիկ չարութեան մէջ պիտի յառաջանան» (Բ. Տիմոթէոս 3։1, 13)։ Եւ հիմա, Ինթըրնէթի վրայ մէկը կրնայ սուտ լուրեր առնել եւ առանց անդրադառնալու ատոնք շատ արագ եւ դիւրութեամբ տարածել։ Այսպիսով, մեր ե–նամակը, ընկերային ցանցերը եւ սարքերը կը լեցուին խեղաթիւրուած լուրերով եւ կէս ճշմարիտ տեղեկութիւններով։

 Ինչպէ՞ս կրնաս դուն քեզ պաշտպանել սխալ տեղեկութիւններէ եւ սուտ գաղափարներէ։ Նկատի առ կարգ մը սկզբունքներ Աստուածաշունչէն, որոնք կրնան քեզի օգնել։

  •   Ամէն տեսածիդ կամ լսածիդ մի՛ հաւատար

     Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Միամիտ մարդը ամէն խօսքի կը հաւատայ, բայց խելացին իր քայլերը կը քննէ» (Առակաց 14։15

     Եթէ ուշադիր չըլլանք, դիւրաւ կրնանք խաբուիլ։ Օրինակ, պահ մը մտածէ նկարներու մասին, որոնց տակ նկարագրութիւն կայ կամ ալ կարճ վիտէօներու մասին, որոնք առցանց տարածուած են եւ ծանօթ են որպէս՝ մէմէ (memes)։ Ընդհանրապէս մէմէներու նպատակն է՝ մարդիկը խնդացնել։ Բայց մէկը կրնայ դիւրութեամբ այդ նկարները եւ վիտէօները փոխել, որ մարդիկը խարդախէ՝ անոնց ուրիշ տպաւորութիւն տալով անձի մը կամ նիւթի մը մասին։ Նոյնիսկ կարելի է որ մէկը վիտէօներ պատրաստէ իսկական մարդոց մասին, որոնց մէջ անոնք կ’ըսեն կամ կ’ընեն բաներ, որոնք բնաւ չեն ըսած կամ ըրած։

     «Մասնագէտները կ’ըսեն որ ընկերային ցանցերու վրայի սխալ տեղեկութիւններուն մեծ մասը խարդախուած նկարներ եւ վիտէօներ են» (Axios Media)։

     Դուն քեզի հարցուր. ‘Կարդացածս կամ տեսածս վստահելի՞ տեղեկութիւն է, թէ ոչ մէմէ է’։

  •   Աղբիւրը եւ բովանդակութիւնը ստուգէ

     Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Քննեցէ՛ք ամէն բան» (Ա. Թեսաղոնիկեցիս 5։21, ԱԾ

     Պատմութեան մը հաւատալէ կամ ատիկա ուրիշին ղրկելէ առաջ, ստուգէ թէ ճի՛շդ է կամ ոչ, նոյնիսկ եթէ շատերու կողմէ կը տարածուի կամ լուրերուն մէջ շատ անգամ կը կրկնուի։ Ինչպէ՞ս։

     Ստուգէ թէ աղբիւրը որքա՛ն վստահելի է։ Լրատուութեան ընկերութիւնները եւ ուրիշ կազմակերպութիւններ, կրնան լուր մը կամ պատմութիւն մը ներկայացնել, իրենց շահերուն կամ քաղաքական կողմնակցութեան համաձայն։ Երբ որ որոշ աղբիւրէ տեղեկութիւն մը առնես, ատիկա բաղդատէ ուրիշ աղբիւրներու հետ։ Երբեմն, կրնայ ըլլալ որ ընկերներդ առանց զգուշութեան ոչ–ճշգրիտ տեղեկութիւններ փոխանցեն ե–նամակով կամ ընկերային ցանցերով։ Ուրեմն, մի՛ վստահիր լուրի մը, որուն աղբիւրը չես ստուգած։

     Վստահ եղիր, որ բովանդակութիւնը արդի եւ ճշգրիտ է։ Ստուգէ լուրի մը լոյս տեսած թուականը եւ ապացոյցներ, որոնք կը փաստեն թէ ատիկա ճիշդ է։ Զգոյշ եղիր մանաւանդ երբ տեսնես, որ խրթին տեղեկութիւններ շատ պարզ ոճով բացատրուած են կամ ալ երբ տեսնես, որ տեղեկութիւն մը կամ լուր մը այնպէս մը պատրաստուած է, որ ազդէ մարդոց զգացումներուն վրայ։

     «Փաստերը ստուգելը թերեւս ձեռքեր լուալու չափ կարեւոր դարձած է» (Սրիտար Տհարմափուրի. Սնունդի եւ սննդականոնի փորձառու մասնագէտ՝ ՄԱԿ–ին մէջ)։

     Դուն քեզի հարցուր. ‘Արդեօք լուրը մէկու մը կարծի՞քը կը ներկայացնէ թէ ոչ փաստերու վրայ հիմնուած է։ Արդեօք պատմութիւնը միայն մէ՞կ անկիւնէ կը ներկայացուի’։

  •   Մի՛ ձգեր որ անձնական նախընտրութիւններդ քեզ առաջնորդեն

     Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Իր սրտին ապաւինողը անմիտ է» (Առակաց 28։26

     Ընդհանրապէս, մենք կը վստահինք տեղեկութիւններու, որոնք կը հաստատեն այն ինչ որ կ’ուզենք հաւատալ։ Մեր պրպտումներուն պատմութեան հիման վրայ, համացանցի ընկերութիւնները մեզ կ’առաջարկեն դիտել մեր հետաքրքրութիւններուն համապատասխան լուրեր եւ վիտէօներ։ Բայց մեր նախընտրած բանը լսելը միշտ ճիշդ չէ։

     «Մարդիկ ընդհանրապէս տրամաբանելու կարողութիւն ունին, բայց մեր փափաքները, յոյսերը, դրդապատճառները եւ վախերը ատեններ պատճառ կ’ըլլան, որ ընդունինք թէ որոշ տեղեկութիւն մը ճշմարիտ տեղեկութիւն է, քանի որ ատիկա կը հաստատէ այն ինչ որ մենք կը փափաքինք հաւատալ» (Փիթըր Տիթօ, ընկերային հոգեբան)։

     Դուն քեզի հարցուր. ‘Արդեօք այս տեղեկութեան կը հաւատամ, քանի որ կ’ուզե՞մ որ ատիկա ճիշդ ըլլայ’։

  •   Սխալ տեղեկութիւն մի՛ տարածեր

     Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Սուտ լուր մի՛ տանիր» (Ելից 23։1

     Յիշէ որ ուրիշներուն փոխանցած տեղեկութիւնդ կրնայ անոնց մտածումներուն եւ վարքին ազդել։ Նոյնիսկ երբ անգիտակցաբար սխալ տեղեկութիւն փոխանցես, հետեւանքները կրնան վնասակար ըլլալ։

     «Ամէնէն առաջին քայլն է՝ պահ մը կենալ եւ մտածել. ‘Առա՛ջ որ այս տեղեկութիւնը տարածեմ, վստա՞հ եմ որ ատիկա ճիշդ է։’ Եթէ ամէն մարդ այսպէս մտածէ, համացանցի վրայ սխալ տեղեկութիւնները շա՛տ պիտի նուազին» (Փիթըր Էտըմզ, «News Literacy Project»ի գլխաւոր փոխտնօրէն)։

     Դուն քեզի հարցուր. ‘Առա՛ջ որ այս տեղեկութիւնը տարածեմ, վստա՞հ եմ որ ատիկա ճիշդ է’։