Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Աստուածաշունչը ի՞նչ մարգարէացաւ մեծ երկրաշարժներու մասին

Աստուածաշունչը ի՞նչ մարգարէացաւ մեծ երկրաշարժներու մասին

 Ամէն տարի տասնեակ հազարաւոր երկրաշարժներ կ’ըլլան։ Թէեւ ատոնց մեծամասնութիւնը թեթեւ երկրաշարժներ են, բայց զօրաւոր երկրաշարժները կրնան մեծ տարածութիւններ քանդել, չարչարանք պատճառել եւ շատերը սպաննել։ Երբեմն, մեծ երկրաշարժներու ետեւէն, ծովեզերեայ շրջանները ցունամիներ կ’ըլլան եւ շատերու կեանքը կը խլեն։ Աստուածաշունչը մարգարէացա՞ւ այս մեծ երկրաշարժներուն մասին։

Այս յօդուածին մէջ՝

 Աստուածաշունչը մարգարէացա՞ւ երկրաշարժներու մասին

 Յիսուս մարգարէութեան մը մէջ խօսեցաւ երկրաշարժներու մասին։ Իր խօսքերը արձանագրուած են Աստուածաշունչի երեք գիրքերուն մէջ այսպէս.

 «Ազգ ազգի վրայ պիտի ելլէ ու թագաւորութիւն թագաւորութեան վրայ եւ տեղ տեղ սովեր ու մահտարաժամներ ու երկրաշարժներ պիտի ըլլան» (Մատթէոս 24։7

 «Ազգ ազգի վրայ պիտի ելլէ ու թագաւորութիւն թագաւորութեան վրայ եւ տեղ տեղ երկրաշարժներ պիտի ըլլան. սովեր ու խռովութիւններ ալ պիտի ըլլան» (Մարկոս 13։8

 «Տեղ տեղ մեծ երկրաշարժներ պիտի ըլլան ու սովեր եւ մահտարաժամներ» (Ղուկաս 21։11

 Ուրեմն, Յիսուս մարգարէացաւ որ «մեծ երկրաշարժներ» պիտի ըլլային «տեղ տեղ»։ Եւ նոյն ատեն պատերազմներ, սովեր եւ մահտարաժամներ կամ հիւանդութիւններ պիտի ըլլային։ Միասին, այս դէպքերը պիտի բնորոշէին մարդկութեան պատմութեան այն ժամանակաշրջանը, որ կը կոչուի՝ «աշխարհի վախճանը» կամ «վերջին օրերը» (Մատթէոս 24։3, ՆԱ. Բ. Տիմոթէոս 3։1Աստուածաշունչի ժամանակագրութեան համաձայն, «վերջին օրերը» սկսան 1914–ին, բայց դեռ վերջ չեն գտած։

 Մեր օրերու երկրաշարժները Աստուածաշունչի մարգարէութիւնը կը կատարե՞ն

 Այո՛։ Յիսուսի մարգարէութիւնը, մէջը ըլլալով երկրաշարժներու մասին իր ըսածները կ’իրականանան մեր օրերուն։ 1914–էն ի վեր, աւելի քան 1950 մեծ երկրաշարժներ եղած են, որոնց պատճառով աւելի քան երկու միլիոն մարդ մահացած է a։ Նկատի առ կարգ մը երկրաշարժներ, որոնք տեղի ունեցան այս դարուն։

 2004. Հնդկական ովկիանոս։ 9,1 ուժգնութեամբ երկրաշարժ մը ցունամի պատճառեց, որ հասաւ աւելի քան 10 երկիրներ եւ սպաննեց մօտ 225,000 հոգի։

 2008. Չինաստան։ 7,9 ուժգնութեամբ երկրաշարժ մը կործանեց գիւղեր եւ գիւղաքաղաքներ։ Կ’ենթադրուի որ այս երկրաշարժին պատճառով մօտ 90,000 հոգի սպաննուեցաւ, մօտ 375,000 հոգի վիրաւորուեցաւ եւ միլիոնաւորներ անտուն մնացին։

 2010. Հայիթի։ 7,0 ուժգնութեամբ երկրաշարժ մը եւ անկէ ետք քանի մը աւելի պզտիկ երկրաշարժներ սպաննեցին աւելի քան 300,000 մարդիկ, իսկ աւելի քան մէկ միլիոն հոգի անտուն մնաց։

 2011. Ճափոն։ 9,0 ուժգնութեամբ երկրաշարժի մը եւ ցունամիներու պատճառով մօտ 18,500 հոգի սպաննուեցաւ եւ հարիւր հազարաւոր ուրիշներ ստիպուեցան իրենց շրջաններէն հեռանալ։ Ֆուքուշիմա հիւլէական ելեկտրակայանը վնասուեցաւ եւ կորիզային արկած (nuclear accident) պատճառեց։ Այս դէպքէն տասը տարի ետք, մօտ 40,000 անձեր դեռ չէին կրնար այդ ելեկտրակայանին մօտ գտնուող իրենց տուները վերադառնալ, քանի որ հոն կը սեպուի շողարձակ նիւթերով ծայր աստիճան աղտոտած շրջան։

 Երկրաշարժներու մասին Աստուածաշունչի մարգարէութիւնը ի՞նչ նշանակութիւն ունի մեզի համար

 Երկրաշարժներու մասին Աստուածաշունչի մարգարէութիւնը մեզ կը զգուշացնէ, թէ ի՛նչ տեղի պիտի ունենայ մօտ ապագային։ Յիսուս ըսաւ. «Երբ այս բաները եղած տեսնէք, գիտցէք թէ Աստուծոյ թագաւորութիւնը մօտ է» (Ղուկաս 21։31

 Աստուածաշունչը կը բացատրէ, որ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը իրական կառավարութիւն է երկինքի մէջ եւ Յիսուս Քրիստոս անոր Թագաւորն է։ Յիսուս իր հետեւորդներուն ըսաւ, որ ա՛յս Թագաւորութեան մասին աղօթեն (Մատթէոս 6։10

 Երբ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը երկրի վրայ իշխէ, Աստուած վերջ պիտի դնէ մարդոց վնաս հասցնող բոլոր բնական աղէտներուն, մէջը ըլլալով երկրաշարժներուն (Եսայի 32։18)։ Ասկէ զատ, ան թէ՛ ֆիզիքական եւ թէ զգացական գետնի վրայ պիտի բժշկէ անոնք՝ որոնք վնասուեցան մեր օրերու երկրաշարժներուն պատճառով (Եսայի 65։17. Յայտնութիւն 21։3, 4)։ Այս նիւթին մասին աւելի տեղեկութիւններ առնելու համար, կարդա՛ «Աստուծոյ Թագաւորութիւնը ի՞նչ պիտի իրագործէ» յօդուածը։

a Թիւերը առնուած են այս աղբիւրէն. Global Significant Earthquake Database maintained by the United States National Geophysical Data Center։