Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Օր մը օրանց արդար տնտեսական պայմաններ պիտի ըլլա՞ն

Օր մը օրանց արդար տնտեսական պայմաններ պիտի ըլլա՞ն

 Երթալով աւելի՛ երկիրներու մէջ, մարդիկ ցոյցեր կ’ընեն անարդար տնտեսական պայմաններուն նկատմամբ։ Իսկ ՔՈՎԻՏ–19 համավարակը տնտեսական պայմանները անդամալուծեց։ Արգելափակումները (lockdowns), ուտելիքի պակասը եւ սահմանափակ առողջապահական խնամքը մարդիկը բռնկեցուց, քանի որ ատիկա յստակ դարձուց հարուստ եւ աղքատ դասակարգին տարբերութիւնը։

 Արդեօք տնտեսական խնդիրները վերջ պիտի գտնե՞ն։ Այո՛։ Աստուածաշունչը կը նկարագրէ, որ Աստուա՛ծ պիտի լուծէ մեր խնդիրները։

Տնտեսական խնդիրներ՝ որոնք Աստուած պիտի լուծէ

 Խնդիր։ Մարդիկ չեն կրցած ստեղծել տնտեսական այնպիսի դրութիւն, որ կրնայ բոլորի՛ն պէտքերը հոգալ։

 Լուծում։ Աստուած մարդկային բոլոր կառավարութիւնները պիտի փոխարինէ իր կառավարութեամբ, որ կը կոչուի՝ Աստուծոյ Թագաւորութիւն։ Ատիկա երկինքէն ամբողջ երկրի վրայ պիտի իշխէ (Դանիէլ 2։44. Մատթէոս 6։10

 Արդիւնք։ Համաշխարհային կառավարութիւն ըլլալով, Աստուծոյ Թագաւորութիւնը կատարեալ կերպով պիտի իշխէ երկրի վրայ։ Մարդիկ այլեւս աղքատութենէ պիտի չտառապին, ոչ ալ տնտեսական անորոշ եւ անապահով վիճակ պիտի ունենան (Սաղմոս 9։7-9, 18)։ Ընդհակառա՛կը, անոնք իրենց աշխատանքին վարձքը պիտի առնեն եւ հաճելի կեանք պիտի ունենան իրենց ընտանիքներուն հետ։ Աստուածաշունչը կը խոստանայ. «Տուներ պիտի շինեն ու պիտի բնակին, այգիներ պիտի տնկեն ու անոնց պտուղը պիտի ուտեն։ Անոնք պիտի չշինեն, որպէս զի ուրիշները բնակին, անոնք պիտի չտնկեն, որպէս զի ուրիշները ուտեն» (Եսայի 65։21, 22

 Խնդիր։ Մարդիկ չեն կրնար խոյս տալ այն պարագաներէն, որոնք զիրենք ծայր աստիճան կը մտահոգեն եւ կարեւոր պէտքերէ կը զրկեն։

 Լուծում։ Աստուած, իր Թագաւորութեան միջոցաւ, ամէն տեսակ վախի, մտահոգութեան եւ անապահովութեան զգացումի պատճառներուն վերջ պիտի դնէ։

 Արդիւնք։ Երբ Աստուած մարդոց վրայ իշխէ, անոնց ամէնէն կարեւոր պէտքերը պիտի ապահովուին, քանի որ այլեւս պիտի չըլլան պատերազմներ, սովեր եւ համավարակներ (Սաղմոս 46։9. 72։16. Եսայի 33։24)։ Աստուած կ’ըսէ. «Իմ ժողովուրդս խաղաղաւէտ բնակութեան մէջ ու ապահով վրաններու մէջ եւ կատարեալ հանգստութեան մէջ պիտի բնակի» (Եսայի 32։18

 Խնդիր։ Մարդիկ շատ անգամ կ’օգտագործուին անձնասէր եւ ագահ անձերու կողմէ։

 Լուծում։ Աստուծոյ Թագաւորութեան հպատակները պիտի սորվին անձնազոհ սէր ունենալ իրարու հանդէպ (Մատթէոս 22։37-39

 Արդիւնք։ Աստուծոյ Թագաւորութեան իշխանութեան տակ, ամէն մարդ պիտի ցուցաբերէ այնպիսի սէր, որ «իրենը չի փնտռեր» (Ա. Կորնթացիս 13։4, 5)։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Անոնք պիտի չվնասեն ու չապականեն իմ բոլոր սուրբ լերանս վրայ. քանզի երկիրը Տէրոջը գիտութիւնովը պիտի լեցուի, ինչպէս ջուրերը ծովը կը ծածկեն» (Եսայի 11։9

 Աստուածաշունչը կը բացատրէ, թէ մենք կ’ապրինք վերջին օրերուն մէջ եւ թէ Աստուած շուտով բոլոր տնտեսական խնդիրներուն վերջ տալու իր խոստումը պիտի կատարէ (Սաղմոս 12։5) a։ Մինչ այդ, Աստուածաշունչի սկզբունքները կրնան այսօր քեզի օգնել, որ տնտեսական խնդիրներուդ հետ գլուխ ելլես։ Օրինակ, տե՛ս «Ինչպէ՞ս կրնաս քիչ եկամուտով ապրիլ» յօդուածը եւ «Դրամ. Նպատակակէ՞տ կամ միջոց» յօդուածը (արաբ.)։

a Տեսնելու համար թէ ինչո՛ւ կրնաս Աստուածաշունչին վստահիլ, կարդա՛ «Աստուածաշունչը ճշմարտութեան վստահելի աղբիւր է» յօդուածը։