Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Brais Seara/Moment via Getty Images

ԱՐԹՈ՛ՒՆ ԿԵՑԷՔ

Ծայրայեղ չորութիւն. Աստուածաշունչը ի՞նչ կ’ըսէ

Ծայրայեղ չորութիւն. Աստուածաշունչը ի՞նչ կ’ըսէ
  •   «Չինաստան կ’ըսէ, որ իր պատմութեան մէջ, այս տարի ամէնէն տաք եւ երրորդ չոր ամառը ունեցաւ» (The Guardian, 7 սեպտեմբեր 2022)։

  •   «Հինգերորդ տարին ըլլալով, Ափրիկէի կարգ մը շրջաններ շա՛տ գէշ երաշտ պիտի ունենան» (UN News, 26 օգոստոս 2022)։

  •   «Վտանգ կայ, որ Եւրոպայի աւելի քան կէսը երաշտի առջեւ ըլլայ. եւ վերջին 500 տարիներուն ասիկա հաւանաբար ամէնէն գէշ երաշտն է» (BBC News, 23 օգոստոս 2022)։

 Շատ մը գիտնականներ կ’ակնկալեն, թէ ա՛լ աւելի երաշտներ պիտի ըլլան. այսինքն՝ ա՛լ աւելի վայրերու մէջ չորութիւն պիտի ըլլայ։ Անոնք նոյնիսկ կ’ակնկալեն, որ երաշտները ծայր աստիճան գէշ դառնան։ Լաւ, յոյս կա՞յ որ աւելի լաւ ապագայ մը ունենանք։ Աստուածաշունչը ի՞նչ կ’ըսէ։

Երաշտները եւ Աստուածաշունչի մարգարէութիւններ

 Աստուածաշունչը մեր օրերուն համար մարգարէացաւ.

 Ընդհանրապէս, երաշտը պատճառ կ’ըլլայ որ սովեր ըլլան։ Եւ սովերը ու ատոնց պատճառած չարչարանքն ու մահը Աստուածաշունչի մարգարէութիւններու կատարում են (Յայտնութիւն 6։6, 8

Ինչո՞ւ երթալով աւելի՛ վայրեր ծայր աստիճան կը չորնան

 Աստուածաշունչը կարեւոր պատճառ կու տայ.

  •   «Քալող մարդը իր քալուածքը շտկելու կարող չէ» (Երեմիա 10։23

 Ասիկա ըսել է, որ մարդիկ չեն կրնար իրենք իրենց «քալուածքը» ուղղել,– կամ ուրիշ խօսքով՝ իրենք իրենց վրայ յաջողութեամբ իշխել։ Անոնց սխալ որոշումները շատ անգամ պատճառ կ’ըլլան, որ երաշտներ ու ջուրի պակաս ըլլան։

  •   Շատ մը գիտնականներ կը համաձայնին, որ մարդ արարածին ըրածները ընդհանրական ջերմացում (global warming) կը պատճառեն։ Անոր համար, աշխարհի մէջ երթալով աւելի՛ վայրեր կը չորնան։

  •   Կծծի եւ կարճատես մարդիկ, որոնք որոշումներ կ’առնեն առա՛նց ապագային մասին մտածելու, իրենց ըրածներով պատճառ կը դառնան որ անտառներ կործանուին, ապականութիւն ըլլայ եւ բնական միջոցները սխալ կերպով գործածուին։ Այս բոլորը իրենց կարգին ջուրի աղբիւրները վտանգի տակ կը դնեն։

 Բայց Աստուածաշունչը յոյս կու տայ։

Յոյս կա՞յ որ աւելի լաւ ապագայ մը ունենանք

 Աստուածաշունչը կը խոստանայ որ Աստուած հիմակուան ջուրի պակասի խնդիրը պիտի լուծէ։ Ինչպէ՞ս։

  1.  1. Աստուած ‘կորուստի պիտի մատնէ անոնք՝ որոնք երկիրը կ’ապականեն’ (Յայտնութիւն 11։18, ՆԹ)։ Աստուած մէջտեղէն պիտի վերցնէ չար ու կծծի մարդիկ, որոնց գործերը բնութեան վնաս կը հասցնեն եւ ջուրի պակասութիւն կը պատճառեն (Բ. Տիմոթէոս 3։1, 2

  2.  2. «Խորշակահար երկիրը [այսինքն՝ տաք հովէն զարնուած երկիրը] լիճի պիտի դառնայ» (Եսայի 35։1, 6, 7)։ Աստուած երաշտներուն պատճառած վնասներուն վերջ պիտի դնէ եւ Երկիր մոլորակը ջուրով հարուստ դրախտի մը պիտի վերածէ։

  3.  3. «Երկրին այցելութիւն կ’ընես ու զանիկա կը ջրես, շատ կը հարստացնես զանիկա» (Սաղմոս 65։9)։ Աստուծոյ օրհնութեամբ, Երկիր մոլորակին վրայ լեցուն ուտելիք եւ մաքուր ջուր պիտի ըլլայ բոլոր մարդոց համար։