Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Աստուածաշունչը կրնա՞յ քեզի օգնել որ ծայրայեղ օդի պայմաններու հետ գլուխ ելլես

Աստուածաշունչը կրնա՞յ քեզի օգնել որ ծայրայեղ օդի պայմաններու հետ գլուխ ելլես

 Արդեօք միլիոնաւորներու նման, դո՞ւն ալ ծայրայեղ օդի պայմաններէ վնասուեցար։ Վտանգաւոր օդը եւ անոր քանդիչ ազդեցութիւնները տարբեր–տարբեր կերպերով կ’ազդեն մարդոց։ Ոլորամրրիկները, փոթորկահովերը եւ կիկլոնները կը պատճառեն հեղեղներ կամ քամիներ։ Զօրաւոր անձրեւները կրնան պատճառել հողի սահանքներ. իսկ փոթորիկներու ժամանակ կայծակները կրնան պատճառ ըլլալ, որ անտառային հրդեհներ սկսին։ Ասկէ զատ, երաշտները, տաքի ալիքները եւ ձիւնամրրիկներն ալ կրնան նոյնքան քանդիչ ըլլալ։

 Աշխարհի շատ մը շրջաններուն մէջ, ծայրայեղ օդը սկսաւ աւելի յաճախակի եւ աւելի քանդիչ ըլլալ։ Կարմիր խաչի եւ կարմիր մահիկի միութիւններու միջազգային կոմիտէն կ’ըսէ. «Աղէտներու պատճառով տուժած անհատներուն թիւը կը շարունակէ բարձրանալ, քանի որ երթալով աւելի՛ հեղեղներ, փոթորիկներ եւ երաշտներ կ’ըլլան։ Այդ պատճառով, շատեր կը մեռնին, ուրիշներ չեն կրնար իրենց պէտքերը հոգալ, իսկ միլիոնաւորներ իրենց տուները կը կորսնցնեն»։

 Այս աղէտներուն ժամանակ, մարդիկ ոչ միայն ֆիզիքական գետնի վրայ կը վնասուին, հապա նաեւ՝ զգացական գետնի վրայ։ Երբ անոնք իրենց ստացուածքը, տունը կամ նոյնիսկ սիրելին մահով կորսնցնեն, թերեւս հոգեկան վէրքեր ունենան։

 Եթէ դուն ալ ծայրայեղ օդի պայմաններէն տուժած ես, Աստուածաշունչը կրնա՛յ քեզի օգնել։ Անիկա կը մխիթարէ եւ կու տայ յոյս ու գործնական խրատներ։ Եւ ասիկա աղէտներէ տուժածներէն շատերու օգնած է (Հռովմայեցիս 15։4)։ Աստուածաշունչը նաեւ կը պատասխանէ կարեւոր հարցումի մը, որ շատերու մտքէն կ’անցնի. Աստուած ինչո՞ւ ձգեց որ աղէտը պատահի։ Արդեօք ատիկա Աստուծմէ պատի՞ժ էր։

Մեր օրերու ծայրայեղ օդը Աստուծմէ պատիժ չէ

 Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ, որ Աստուած մարդոց չարչարանքին պատասխանատուն չէ եւ մեզ կը վստահեցնէ, որ «Աստուած չար բաներով չի փորձուիր, ո՛չ ալ ինք մէկը կը փորձէ» (Յակոբոս 1։13)։ Ասիկա կը նշանակէ, որ ան ծայրայեղ օդի պայմաններ չի պատճառեր։

 Աստուածաշունչին մէջ կը կարդանք դէպքերու մասին, երբ Աստուած բնութեան ուժերու միջոցաւ չար մարդիկը պատժեց։ Բայց այդ դէպքերը տարբեր են այսօրուան կործանարար օդի պայմաններէն, որոնք առանց զգուշացումի տեղի կ’ունենան եւ վնաս կը հասցնեն թէ՛ լաւ մարդոց եւ թէ չար մարդոց։ Աստուածաշունչին դէպքերէն յստակ կը դառնայ, որ Աստուած միշտ անմեղ մարդիկը պաշտպանեց, բաւական ժամանակ առաջ մարդիկը զգուշացուց որ աղէտ մը տեղի պիտի ունենայ եւ իր որոշումներուն պատճառները բացատրեց։ Օրինակ, Նոյին օրերուն, Աստուած բացատրեց որ ինչո՛ւ համաշխարհային Ջրհեղեղ պիտի բերէր, բաւական ժամանակ առաջ մարդոց զգուշացում տուաւ եւ Նոյը եւ անոր ընտանիքը պաշտպանեց (Ծննդոց 6։13. Բ. Պետրոս 2։5

 Աւելի տեղեկութիւններ առնելու համար, թէ ինչպէ՛ս գիտենք որ մեր օրերու բնական աղէտները Աստուծմէ պատիժ չեն, կարդա՛ «Աստուածաշունչը ի՞նչ կ’ըսէ բնական աղէտներու մասին» յօդուածը։

Եհովա Աստուած կը հոգայ ծայրայեղ օդի պայմաններէն տուժածներուն

 Աստուածաշունչը կը յայտնէ, որ Եհովա a Աստուած հոգատար եւ կարեկից է։ Նկատի առ այս մխիթարական համարները.

  •   Եսայի 63։9. «Անոնց բոլոր նեղութիւններուն ատենը [Աստուած] նեղութիւն քաշեց»։

     Իմաստ. Եհովան շա՛տ կը նեղանայ, երբ տեսնէ որ մարդիկ կը չարչարուին։

  •   Ա. Պետրոս 5։7. «Անիկա ձեզի համար կը հոգայ»։

     Իմաստ. Եհովան լաւութեամբդ հետաքրքրուած է։

 Քանի՛ որ Եհովան հոգատար եւ կարեկից է, կը մղուի քեզի օգնելու։ Օրինակ, ան քեզ կը մխիթարէ Աստուածաշունչի գործնական խրատներուն միջոցաւ եւ վստահելի յոյս կու տայ ապագային մասին, երբ այլեւս օդի վերաբերեալ աղէտներ պիտի չըլլան (Բ. Կորնթացիս 1։3, 4

Երբ այլեւս ծայրայեղ օդի պայմաններ պիտի չըլլան

 Աստուածաշունչը կ’ըսէ, որ Եհովան մեզի կը խոստանայ տալ «ապագայ մը եւ յոյս մը» (Երեմիա 29։11)։ Ան կ’ուզէ որ մարդիկ կեանքը վայելեն դրախտային երկրի վրայ, առանց վախնալու օդի պայմաններէն (Ծննդոց 1։28. 2։15. Եսայի 32։18

 Աստուած այդ ապագան կարելի պիտի դարձնէ իր Թագաւորութեան միջոցաւ, որ երկնային կառավարութիւն մըն է՝ Յիսուսի գլխաւորութեամբ (Մատթէոս 6։10)։ Յիսուս ունի թէ՛ իմաստութիւն եւ թէ զօրութիւն, օդի վերաբերեալ աղէտները արգիլելու համար։ Երբ ան երկրի վրայ էր, ցոյց տուաւ որ զօրութիւն ունի ղեկավարելու բնութեան ուժերը (Մարկոս 4։37-41)։ Ան հասկացողութեամբ եւ իմաստութեամբ պիտի իշխէ, մարդոց սորվեցնելով որ իրենց միջավայրին այնպէս մը հոգ տանին, որ բնութեան վնաս չհասցնեն (Եսայի 11։2)։ Յիսուսին իշխանութեան տակ, մարդիկ այլեւս ծայրայեղ օդի պայմաններու զոհը պիտի չերթան։

 Թերեւս հարց տաս. ‘Յիսուս ե՞րբ իր ուժը պիտի գործածէ, որ օդի պայմանները իր հակակշռին տակ առնէ’։ Այդ հարցումին պատասխանը առնելու համար, կարդա՛ «Աստուծոյ Թագաւորութիւնը ե՞րբ երկրի վրայ պիտի իշխէ» յօդուածը։

Ի՞նչ կրնանք ընել հիմա

 Աստուածաշունչին խրատները կրնան քեզի օգնել աղէտէ մը առաջ, աղէտի մը ընթացքին եւ աղէտէ մը ետք։

  •   Աղէտէ մը առաջ. Պատրաստ եղիր որ արագ քայլեր առնես։

     Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Խորագէտը չարիքը կը տեսնէ ու կը զգուշանայ, բայց միամիտները առաջ կ’անցնին ու կը վնասուին» (Առակաց 22։3

     Իմաստ. Մտածէ թէ ի՛նչ աղէտներ կրնայ ըլլալ որ պատահին ապրած շրջանիդ մէջ, որ արագ քայլեր առնես եւ ընտանիքդ պաշտպանես։

     Փորձառութիւն. «Այդ օրը որ անտառային հրդեհներէն կը փախչէինք, պատրաստուած էինք։ Մեր հետ ունէինք մեր անակնկալ պարագաներու համար պայուսակները, մեր դեղերը եւ հագուստները։ Մեր շուրջինները տակնուվրայ վիճակի մէջ էին եւ չէին կրնար յստակ կերպով մտածել։ Բայց մենք պէտք եղած ամէն բան ունէինք. անոր համար ապահով կը զգայինք (Թամարա, Քալիֆորնիա, ԱՄՆ)։

  •   Աղէտի մը ընթացքին. Ամէնէն կարեւոր բաներուն վրայ կեդրոնացիր։

     Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Մարդուս ստացուածքներուն աւելնալէն կախուած չէ իր կեանքը» (Ղուկաս 12։15

     Իմաստ. Կեանքը ստացուածքներէ աւելի՛ կարեւոր է։

     Փորձառութիւն. «Երբ Լաուին b փոթորկահովը մեր տունը քանդեց, չէի կրնար յստակ կերպով մտածել թէ ի՛նչ պէտք է ընեմ։ Բայց առաջին բանը որ ըրի, սրտանց Եհովային աղօթեցի։ Անդրադարձայ, որ մենք միայն տուն–տեղ կորսնցուցինք, եւ ոչ թէ մեր կեանքը» (Լեսլի, Ֆիլիփիններ)։

  •   Աղէտէ մը ետք. Օրը օրին ապրէ։

     Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Վաղուան համար հոգ մի՛ ընէք, վասն զի վաղուան օրը իրեն համար հոգ պիտի ընէ» (Մատթէոս 6։34

     Իմաստ. Չափազանց մի՛ մտահոգուիր ապագայի հաւանական խնդիրներուն մասին։

     Փորձառութիւն. «Իրմա ոլորամրրիկին պատճառով ամբողջ տունս ջուրերու տակ մնաց։ Առնելիք շատ որոշումներ ունէի եւ ծայրաստիճան սթրեսի տակ էի։ Փորձեցի Աստուածաշունչին խրատին հետեւիլ եւ օրը օրին ապրիլ։ Տեսայ որ Եհովային օգնութեամբ կրնամ երեւակայածէս աւելի տոկալ» (Սէլի, Ֆլորիտա, ԱՄՆ)։

 Գործնական առաջարկներու համար, տե՛ս «Կեանք ազատող քայլեր՝ երբ աղէտ պատահի» յօդուածը։

a Աստուծոյ անձնական անունը Եհովա է (Սաղմոս 83։18

b Նաեւ կը կոչուի՝ Հայմա փոթորկահով։