ՅԻՇԱՏԱԿԱՏՕՆԻ ԱՐՇԱՒ
Յիսուս պատերազմներուն վերջ պիտի դնէ
Երբ երկրի վրայ էր, Յիսուս խոր սէր ցոյց տուաւ մարդոց հանդէպ, ա՛յն աստիճան որ նոյնիսկ իր կեանքը զոհեց անոնց համար (Մատթէոս 20։28. Յովհաննէս 15։13)։ Մօտ օրէն, Յիսուս մարդոց հանդէպ իր սէրը նորէ՛ն ցոյց պիտի տայ, երբ որպէս Աստուծոյ Թագաւորութեան Թագաւոր ‘պատերազմները դադարեցնէ’ (Սաղմոս 46։9)։
Տես թէ Աստուածաշունչը ինչպէ՛ս կը նկարագրէ թէ Յիսուս ինչ պիտի ընէ.
«Աղքատը պիտի փրկէ աղաղակելու ատենը, խեղճն ալ ու զանիկա ալ, որ օգնական չունի։ Պիտի խղճայ աղքատին ու տնանկին եւ տնանկներուն անձերը պիտի ազատէ։ Հարստահարութենէ ու բռնութենէ պիտի փրկէ անոնց անձը» (Սաղմոս 72։12-14)։
Ինչպէ՞ս կրնանք ցոյց տալ, որ շնորհակա՛լ ենք այն բոլոր բաներուն համար, որոնք Յիսուս ըրած է եւ դե՛ռ պիտի ընէ։ Ղուկաս 22։19–ին մէջ, Յիսուս իր հետեւորդներուն ըսաւ որ իր մահը յիշեն։ Անոր համար, ամէն տարի, Յիսուսի մահուան օրը, Եհովայի վկաները ասիկա ընելու համար քով–քովի կը հաւաքուին։ Քեզ կը հրաւիրենք որ դուն ալ Յիսուսի մահուան Յիշատակատօնին ներկայ ըլլաս՝ կիրակի, 24 մարտ 2024–ին։