Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԱՐԹՈ՛ՒՆ ԿԵՑԷՔ

Գաղթականներու հարցը. Միլիոնաւորներ կը փախչին Ուքրանիայէն

Գաղթականներու հարցը. Միլիոնաւորներ կը փախչին Ուքրանիայէն

 24 փետրուար 2022–ին, Ռուսիան յարձակեցաւ Ուքրանիայի վրայ, ինչ որ շատ լուրջ պարագայ մը ստեղծեց. միլիոնաւորներ իրենք զիրենք վտանգաւոր վիճակի մը մէջ գտան եւ սկսան փորձել Ուքրանիայէն փախչիլ a։

 «Ռումբերու եւ պայթումներու ձայներ կը լսէինք։ Շա՜տ վախնալիք էր. չեմ կրնար բառերով բացատրել։ Երբ որ գիտցանք թէ շոգեկառքեր կազմակերպուած են, որ մարդիկ կարենան քաղաքէն հեռանալ, մենք ալ որոշեցինք ամէն ինչ ձգել–քալել։ Ամէն մէկս հազիւ կրցաւ հետը միայն մէկ պզտիկ պայուսակ առնել։ Ատոր մէջ դրինք կարեւոր թուղթեր, դեղեր, ջուր եւ թեթեւ ուտելիքներ։ Ամէն բան մեր ետին ձգելով՝ կայարան գացինք, մինչ մեր չորս կողմը ռումբեր կը պայթէին» (Նաթալիա, Խարքով՝ Ուքրանիա)։

 «Մինչեւ վերջին վայրկեան կը կարծէինք, որ պատերազմ պիտի չըլլայ։ Երբ որ սկսայ հոս–հոն պայթումի ձայներ լսել եւ պատուհանները սկսան շարժիլ, որոշեցի ձգել–քալել՝ հետս առնելով միայն կարեւոր բաներ։ Առտուան ժամը 8։00–ին տունէն ելայ եւ Լվով տանող շոգեկառք մը առի եւ հոնկէ պասով Լեհաստան անցայ» (Նատիա, Խարքով՝ Ուքրանիա)։

Այս յօդուածը կը պատասխանէ այս հարցումներուն

 Ճիշդ ի՞նչ բաներ պատճառ դարձան որ մարդիկ Ուքրանիայէն գաղթեն

 Մարդիկ սկսան Ուքրանիայէն գաղթել, քանի որ Ռուսիան յարձակեցաւ Ուքրանիայի վրայ։ Բայց Սուրբ Գիրքը աւելի խոր պատճառներ կու տայ, թէ ինչո՛ւ աս տեսակ գաղթեր կ’ըլլան.

  •   Մարդկային կառավարութիւնները ժողովուրդը յուսախաբ ըրած են եւ անոնց պէտքերը չեն հոգացած։ Անոնք շատ անգամ իրենց դիրքն ու պաշտօնը օգտագործելով՝ ժողովուրդին հետ անիրաւութեամբ կը վարուին (Ժողովող 4։1. 8։9

  •   Սատանան՝ «այս աշխարհին իշխանը»՝ ա՛յնքան չար ազդեցութիւն ունի մարդոց վրայ, որ Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ. «Ամբողջ աշխարհը Չարին իշխանութեան տակ է» (Յովհաննէս 14։30. Ա. Յովհաննէս 5։19, Նոր աշխարհի թարգմանութիւն

  •   Հարիւրաւոր տարիներէ ի վեր մարդոց գլխուն եկած խնդիրներէն զատ, այսօր մենք կ’ապրինք ժամանակի մը մէջ, որուն մասին Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ. «Վերջին օրերը չար ժամանակներ պիտի գան» (Բ. Տիմոթէոս 3։1)։ Ասկէ զատ, վերջին օրերուն ընթացքին պիտի ըլլան պատերազմներ, բնական աղէտներ, սովեր եւ հիւանդութիւններ, որոնք պատճառ պիտի դառնան, որ մարդիկ իրենց տունը տեղը ձգեն–քալեն (Ղուկաս 21։10, 11

 Գաղթականները ո՞ւր կրնան յոյս գտնել

 Սուրբ Գիրքը ցոյց կու տայ, որ մեր Ստեղծիչը՝ Եհովան b՝ Աստուած մըն է որ կը սիրէ՛ գաղթականները եւ օտարականները եւ անոնց հետ կը զգայ (Բ. Օրինաց 10։18)։ Ան կը խոստանայ որ գաղթականներուն խնդիրները պիտի լուծէ իր երկնային կառավարութեան միջոցաւ, որ կը կոչուի՝ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը։ Աս կառավարութիւնը բոլոր մարդկային կառավարութիւններուն տեղը պիտի առնէ (Դանիէլ 2։44. Մատթէոս 6։10)։ Եհովա Աստուած այս Թագաւորութեան միջոցաւ Սատանան մէջտեղէն պիտի վերցնէ (Հռովմայեցիս 16։20)։ Այս Թագաւորութիւնը ամբողջ աշխարհին վրայ պիտի իշխէ եւ երկիրներուն միջեւ գտնուող սահմաններուն պատճառած բաժանումներուն վերջ պիտի դնէ։ Բոլոր մարդիկը պիտի ըլլան մէկ միացած ընտանիք։ Այլեւս մէ՛կը պիտի չստիպուի իր տունէն փախչիլ, քանի որ Սուրբ Գիրքը կը խոստանայ. «Ամէն մարդ իր որթատունկին տակ ու իր թզենիին տակ պիտի նստի, վախցնող պիտի չըլլայ. վասն զի զօրքերուն Տէրոջը բերանը խօսեցաւ» (Միքիա 4։4

 Միա՛յն Աստուծոյ Թագաւորութիւնը կրնայ վերջնական կերպով լուծել գաղթականներու հարցը։ Եհովա Աստուած իր Թագաւորութեան միջոցաւ պիտի լուծէ բոլոր այն խնդիրները, որոնք պատճառ կը դառնան որ մարդիկ գաղթեն։ Տեսնենք կարգ մը օրինակներ.

 Սուրբ Գիրքը կրնա՞յ այսօր գաղթականներուն օգնել

 Այո՛։ Սուրբ Գիրքը գաղթականներուն ո՛չ միայն ապագային նկատմամբ վստահելի յոյս կու տայ, հապա հիմա ալ կրնայ անոնց օգնել։

 Սուրբ Գիրքի սկզբունք։ «Միամիտ մարդը ամէն խօսքի կը հաւատայ, բայց խելացին իր քայլերը կը քննէ» (Առակաց 14։15

 Իմաստ։ Տես թէ ի՛նչ հաւանական վտանգներու կրնաս հանդիպիլ եւ ինչպէ՛ս կրնաս դուն քեզ պաշտպանել։ Զգոյշ եղիր գող–աւազակներէ, որոնք նոր վայրեր փոխադրուած գաղթականները կ’օգտագործեն, քանի որ գիտեն որ անոնք անապահով կը զգան եւ փորձառու չեն։

 Սուրբ Գիրքի սկզբունք։ «Կերակուր ու հանդերձ ունենալով՝ անոնցմով բաւականանանք» (Ա. Տիմոթէոս 6։8

 Իմաստ։ Մի՛ կեդրոնանար նիւթական բաներու վրայ։ Երբ որ պարզ պէտքերով բաւականանաս, աւելի ուրախ պիտի ըլլաս։

 Սուրբ Գիրքի սկզբունք։ «Ամէն ինչ որ կ’ուզէք որ մարդիկ ձեզի ընեն, դուք ալ անոնց այնպէս ըրէք, քանզի այս է օրէնքը ու մարգարէները» (Մատթէոս 7։12

 Իմաստ։ Համբերատար եւ ազնիւ եղիր։ Եթէ աս յատկութիւնները ունենաս, ապրած նոր շրջանիդ մարդիկը քեզ պիտի յարգեն եւ ընդունին։

 Սուրբ Գիրքի սկզբունք։ «Չարութեան փոխարէն մէկո՛ւն չարութիւն մի՛ հատուցանէք» (Հռովմայեցիս 12։17

 Իմաստ։ Մի՛ ձգեր որ բարկութիւնդ քեզ մղէ որ վրէժ առնես, եթէ մէկը քեզի հետ լաւ կերպով չվարուի. թէ ոչ խնդիրներդ աւելի պիտի բարդանան։

 Սուրբ Գիրքի սկզբունք։ «Ամէն բանի կարող եմ անով՝ որ զիս զօրացուց» (Փիլիպպեցիս 4։13

 Իմաստ։ Աստուծոյ հետ կապդ ամէնէն կարեւոր տեղը դիր կեանքիդ մէջ եւ իրեն աղօթէ։ Ան քեզի պէտք եղած ուժը պիտի տայ։

 Սուրբ Գիրքի սկզբունք։ «Բանի մը համար հոգ մի՛ ընէք, հապա ամէն բանի մէջ աղօթքով ու աղաչանքով, գոհութիւնով մէկտեղ, ձեր խնդրանքը Աստուծոյ յայտնի ըլլայ։ Աստուծոյ խաղաղութիւնը, որ ամէն մտքէ վեր է, ձեր սրտերը ու մտքերը Յիսուս Քրիստոսով պիտի պահպանէ» (Փիլիպպեցիս 4։6, 7

 Իմաստ։ Աստուծմէ խնդրէ որ քեզի մտքի եւ սրտի խաղաղութիւն տայ, ի՛նչ պարագայի մէջ ալ գտնուիս։ Տե՛ս «Փիլիպպեցիս 4։6, 7. ‘Բանի մը համար հոգ մի՛ ընէք’» յօդուածը։

a Յարձակումին յաջորդ օրը, ՄԱԿ–ի գաղթականներու հարցերով գերագոյն գործակալութիւնը (UNHCR) ըսաւ, որ պատահածը ամէնէն լուրջ տեսակի հրատապ պարագայ է։ Միայն 12 օրուան մէջ, աւելի քան երկու միլիոն գաղթականներ Ուքրանիայէն փախան դրացի երկիրներ։ Իսկ Ուքրանիոյ մէջ, մէկ միլիոն անհատներ ստիպուեցան դէպի ապահով վայրեր փախչիլ։

b «Եհովա»՝ Աստուծոյ անունն է (Սաղմոս 83։18)։ Տե՛ս «Ո՞վ է Եհովան» յօդուածը։