ԱՐԹՈ՛ՒՆ ԿԵՑԷՔ
Ամբո՛ղջ աշխարհի մէջ սղութիւնը կ’աւելնայ. Աստուածաշունչը ի՞նչ կ’ըսէ
«Աշխարհի տնտեսութիւնը նորէն վտանգի մէջ է», զգուշացուց Համաշխարհային դրամատան խումբի տնօրէնը՝ յունիս 2022–ի տեղեկագրութեան մը մէջ։ «Այս անգամ, ապրանքներուն եւ ծառայութիւններուն գինը շա՛տ արագ կը բարձրանայ, բայց նոյն ատեն մարդիկ ծախսելու քիչ դրամ ունին»։
«Վառելանիւթի եւ ուտելիքի գիները շատ արագ կը բարձրանան եւ ասիկա ամէնէն շատ ազդած է աղքատ երկիրներու մէջ ապրող մարդոց», կ’ըսէ Միջազգային դրամական ֆոնտը։
Աստուածաշունչը մեզի կ’օգնէ հասկնալու, թէ ինչո՛ւ այսքան գէշ վիճակ կը տիրէ տնտեսական գետնի վրայ, ինչպէ՛ս կրնանք ատոր պատճառած խնդիրներուն հետ գլուխ ելլել եւ թէ արդեօք յոյս մը կա՞յ որ մնայուն լուծում ըլլայ։
Սղութիւն՝ «վերջին օրեր»ուն
Աստուածաշունչը մեր օրերը կը կոչէ՝ «վերջին օրեր» (Բ. Տիմոթէոս 3։1)։
Յիսուս ըսաւ որ «սոսկալի բաներ», կամ վախնալիք դէպքեր, պիտի ըլլային այս օրերուն (Ղուկաս 21։11)։ Մարդիկ կը վախնան երբ գիները շատ արագ բարձրանան։ Անոնք կը մտահոգուին իրենց ապագային եւ ընտանիքին հոգ տանելու նկատմամբ։
Աստուածաշունչի Յայտնութիւն գիրքը մարգարէացած էր, որ այս վերջին օրերուն ուտելիքին գիները պիտի բարձրանային։ «Լսեցի ձայն մը,... որ կ’ըսէր. ‘Բուռ մը ցորենը՝ մէկ օրավարձքի փոխարէն, երեք բուռ գարին՝ մէկ օրավարձքի փոխարէն’» (Յայտնութիւն 6։6. Նոր աշխարհաբար թարգմանութիւն)։
«Վերջին օրեր»ուն եւ Յայտնութիւն գիրքին մարգարէութիւններուն մասին աւելի՛ տեղեկութիւններ առնելու համար, դիտէ՛ 1914–էն ի վեր աշխարհը փոխուած է վիտէոն եւ կարդա՛ «Որո՞նք են չորս ձիաւորները» յօդուածը։
Բոլոր տնտեսական խնդիրներուն լուծումը
«Տուներ պիտի շինեն ու պիտի բնակին, այգիներ պիտի տնկեն ու անոնց պտուղը պիտի ուտեն։ Անոնք պիտի չշինեն, որպէս զի ուրիշները բնակին, անոնք պիտի չտնկեն, որպէս զի ուրիշները ուտեն» (Եսայի 65։21, 22)։
«Ցորենի առատութիւն պիտի ըլլայ երկրի մէջ՝ լեռներուն գլուխը» (Սաղմոս 72։16)։
«Աղքատներուն զրկանքին ու տնանկներուն հեծութեանը համար հիմա պիտի ելլեմ, կ’ըսէ Տէրը» (Սաղմոս 12։5)։
Մօտ օրէն, Աստուած վերջ պիտի դնէ անարդար տնտեսական պայմաններուն։ Եւ ան ասիկա պիտի ընէ ո՛չ միայն մէկ երկրի մէջ, հապա՝ ամբո՛ղջ աշխարհի մէջ։ Գիտնալու համար թէ Աստուած ասիկա ինչպէ՛ս պիտի ընէ, կարդա՛ «Օր մը օրանց արդար տնտեսական պայմաններ պիտի ըլլա՞ն» յօդուածը։
Բայց նոյնիսկ այսօր, Աստուածաշունչը կրնայ քեզի օգնել, որ սղութեան հետ գլուխ ելլես։ Ինչպէ՞ս։ Ատոր մէջ կը գտնես գործնական խրատներ դրամը իմաստութեամբ գործածելու նկատմամբ (Առակաց 23։4, 5. Ժողովող 7։12)։ Աւելի՛ն գիտնալու համար, կարդա՛ «Գիտցիր դրամդ ինչպէ՛ս գործածել» յօդուածը (արաբ.) եւ «Ինչպէ՞ս կրնաս քիչ եկամուտով ապրիլ» յօդուածը։