Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Ինչպէ՞ս կրնաս քիչ եկամուտով ապրիլ

Ինչպէ՞ս կրնաս քիչ եկամուտով ապրիլ

 Արդեօք ապրած երկրիդ մէջ կա՞ն տնտեսական խնդիրներ, որոնք պատճառ կ’ըլլան որ քիչ եկամուտով ապրիս։ Համավարակները, բնական աղէտները, քաղաքական խնդիրները եւ պատերազմը կրնան շատ արագ ազդել երկրի մը տնտեսական վիճակին։ Անշուշտ, շատ դժուար է երբ մէկը անակնկալ կերպով իր եկամուտը կորսնցնէ, բայց Աստուածաշունչը կու տայ օգտակար խրատներ, որոնք կրնան քեզի օգնել, որ քիչ եկամուտով ապրիս։

1. Նոր պարագադ ընդունէ

 Աստուածաշունչի սկզբունք. «Սորվեր եմ... թէ՛ շատ ունենալը եւ թէ՛ պակասութիւն քաշելը» (Փիլիպպեցիս 4։12

 Հակառակ անոր որ առաջուընէ աւելի քիչ դրամ պիտի ունենաս, կրնաս սորվիլ յարմարիլ տնտեսական նոր վիճակիդ։ Ո՛րքան արագ նոր պարագադ ընդունիս եւ պէտք եղած փոփոխութիւնները ընես, ա՛յնքան աւելի լաւ դուն եւ ընտանիքդ պիտի կարենաք ձեր նոր պարագային հետ գլուխ ելլել։

 Պրպտէ եւ տես թէ կառավարութիւնը կամ ուրիշ կազմակերպութիւններ ի՛նչ տեսակ օգնութիւն կ’առաջարկեն։ Ետքը, շատ արագ քայլեր առ, քանի որ ընդհանրապէս անոնց կազմակերպած օգնութեան ծրագիրներէն օգտուելու համար խնդրանք ներկայացնելը սահմանափակ ժամանակի համար կ’ըլլայ։

2. Ընտանեօք ձեռք ձեռքի տուէք

 Աստուածաշունչի սկզբունք. «Առանց խորհուրդի՝ դիտաւորութիւնները կը ցրուին, բայց խորհրդատուներու շատութիւնովը կը հաստատուին» (Առակաց 15։22

 Ձեր նոր պարագային մասին խօսէ կողակիցիդ եւ պզտիկներուդ հետ։ Երբ իրարու հետ լաւ կերպով հաղորդակցիք, կրնաք իրարու օգնել որ ամէն մէկդ ձեր նոր պարագան հասկնայ եւ իր դերը կատարէ։ Եւ երբ բոլորդ ձեռք ձեռքի տաք եւ աւելորդ ծախսեր չընէք, ձեր ունեցած չնչին դրամով իսկ՝ շա՛տ բան պիտի կարենաք ընել։

3. Պիւտճէ մը դիր

 Աստուածաշունչի սկզբունք. ‘Նստէ ու ծախսը հաշիւ ըրէ’ (Ղուկաս 14։28

 Երբ ստիպուած ես քիչ եկամուտով ապրելու, շա՛տ կարեւոր է որ գիտնաս որ ձեր ամբողջ դրամը ի՛նչ բաներու համար կը ծախսուի։ Պիւտճէ դիր եւ գրէ թէ որքա՛ն կ’ակնկալես որ ամսական եկամուտդ ըլլայ՝ նոր պարագաներուդ հիման վրայ։ Ետքը, գրէ ամսուան ընթացքին ունեցած ծախսերդ եւ գնումներ ընելու սովորութիւններդ, նոյնիսկ եթէ գիտես որ ատոնք կրնայ ըլլալ որ փոխուին։ Ամսուան ծախսերուն մէջ պարփակէ նաեւ այն գումարը, որ կ’ուզես մէկ կողմ դնել անակնկալ ծախսերու կամ պարագաներու համար։

 Առաջարկ. Ծախսերդ հաշուած ատեն, մի՛ մոռնար պզտիկ ծախսերն ալ։ Թերեւս զարմանաս, երբ տեսնես թէ որքա՛ն դրամ կը ծախսես պզտիկ բաներու վրայ։ Օրինակ, տղամարդ մը շատ զարմացաւ, երբ իր ծախսերը աչքէ անցընելէ ետք նկատեց, որ ամէն տարի քանի մը հարիւր տոլար կը ծախսէր միա՛յն ծամոնի վրայ։

4. Որոշէ թէ ո՛ր ծախսերը ամէնէն կարեւորն են եւ պէտք եղած փոփոխութիւնները ըրէ

 Աստուածաշունչի սկզբունք. ‘Աւելի կարեւոր բաները ընտրեցէք’ (Փիլիպպեցիս 1։10, ՆԱ

 Եկամուտդ եւ ծախսերդ իրարու հետ բաղդատէ, եւ տես թէ ո՛ր ծախսերը կրնաս պակսեցնել կամ լման ջնջել, որ ծախսերդ եկամուտդ չանցնին։ Նկատի առ կարգ մը օրինակներ.

  •   Փոխադրամիջոց. Եթէ մէկէ աւելի ինքնաշարժ ունիս, արդեօք կրնա՞ս անոնցմէ մէկը ծախել։ Եթէ շատ սուղ ինքնաշարժ ունիս, արդեօք կրնա՞ս ատիկա աւելի պարզ եւ վառելանիւթ խնայող ինքնաշարժով մը փոխարինել։ Արդեօք կրնա՞ս հանրային փոխադրամիջոցներով կամ հեծիկով երթալ–գալ եւ ինքնաշարժդ ծախել։

  •   Ժամանց. Կրնա՞ս դադրեցնել, գոնէ որոշ ժամանակի համար, հեռատեսիլի կարգ մը ծառայութիւններ եւ կայաններ, որոնք դրամի կը նային։ Ուրիշ ճար ունի՞ս։ Օրինակ, թերեւս գրադարանէ մը կրնաս անվճար առնել ֆիլմեր, կամ ալ ելեկտրոնային կամ ձայնագրուած գիրքեր, եւ ետքը վերադարձնել։

  •   Ամսական վճարումներ. Ընտանեօք խօսեցէք թէ ինչպէ՛ս կրնաք ջուրի, ելեկտրականութեան եւ վառելանիւթի ծախսերը թեթեւցնել։ Թերեւս լոյսեր մարելը կամ արագ լոգանք առնելը թեթեւի առնէք։ Բայց եթէ ասոնք վարժութիւն դարձնէք, շատ դրամ պիտի խնայէք։

  •   Ուտելիք. Ճաշարանները ուտելու տեղ, կրնաք տունը ճաշ եփել։ Ծրագրէ թէ ի՛նչ պիտի եփես, եւ եթէ կարելի է, ապրանքները մեծ քանակով գնէ եւ եփէ։ Եթէ ճաշ աւելնայ, ատիկա՛ կերէք։ Գնումի երթալէ առաջ, ցանկ մը պատրաստէ, որ միա՛յն ցանկին վրայի ապրանքները գնես։ Պտուղները եւ բանջարեղէնները իրենց եղանակին գնէ, քանի որ աւելի աժան կ’ըլլան։ Փորձէ առողջապահական ուտելիքներ ուտել,– եւ ոչ թէ արագ սնունդ (fast food)։ Մտածէ բանջարեղէններ ցանելու մասին։

  •   Հագուստ. Գնէ հագուստներ միա՛յն երբ պէտք ունիս հին եւ մաշած հագուստներդ փոխարինելու, եւ ոչ թէ նորաձեւութեան ետեւէ ըլլալու համար։ Օգտուէ եղանակներուն վերջը եղած զեղչերէն։ Ասկէ զատ, թերեւս լաւ հագուստ գտնես գործածուած հագուստներու խանութներուն մէջ։ Հագուստ չորցնելու մեքենան գործածելու եւ ելեկտրականութիւն սպառելու տեղ, ինչու չէ լաթերդ դուրսը փռես, եթէ օդը եւ պայմաններդ կը ներեն։

  •   Ապագայ ծախսեր. Բան մը գնելէ առաջ, դուն քեզի հարցուր. ‘Ասիկա գնելու դրամը ունի՞մ։ Ասոր պէտքը ունի՞մ’։ Կրնա՞ս յետաձգել նոր ինքնաշարժ, ելեկտրոնային սարքեր կամ ապրանքներ գնելը։ Ասկէ զատ, արդեօք կրնա՞ս ծախել ապրանքներ, որոնց պէտքը չունիս։ Այս բոլորը կրնան քեզի օգնել, որ կեանքդ պարզացնես եւ եկամուտդ խնայողութեամբ գործածես։

 Առաջարկ. Երբ եկամուտդ անակնկալ կերպով պակսի, թերեւս ասիկա քեզի առիթ տայ, որ գէշ եւ ծախսալից սովորութիւններ դադրեցնես. օրինակ՝ ծխելը, բախտախաղով զբաղիլը կամ չափազանց խմիչք խմելը։ Այս տեսակ փոփոխութիւններ ընելով՝ ո՛չ միայն դրամ կը խնայես, հապա նաեւ առողջութիւնդ կը բարելաւես։

5. Աստուածաշունչի խրատները գործադրէ

 Աստուածաշունչի սկզբունք. «Երջանիկ են անոնք, որոնք գիտակից են իրենց հոգեւոր կարիքներուն» (Մատթէոս 5։3, ՆԱ

 Աստուածաշունչը այս տրամաբանական խրատը կու տայ. «Իմաստութեան հովանաւորութիւնը արծաթին հովանաւորութեան պէս է։ Բայց գիտութեան օգուտն այս է, որ իմաստութիւնը զինք ստացողները կ’ապրեցնէ» (Ժողովող 7։12)։ Այս տեսակ իմաստութիւն կը գտնուի Աստուածաշունչին մէջ, որուն տուած ուղղութիւնները շատերու օգնած են, որ չափէ դուրս չմտահոգուին դրամական խնդիրներու պատճառով (Մատթէոս 6։31, 32