ԱՐԹՈ՛ՒՆ ԿԵՑԷՔ
Քրիստոնեաները պէ՞տք է պատերազմներու մասնակցին. Աստուածաշունչը ի՞նչ կ’ըսէ
Ինչպէս որ տեսանք Ուքրանիայի պատերազմի ժամանակ, շատ մը քրիստոնեայ կրօնական առաջնորդներ մարդիկը կը քաջալերեն, որ այդ պատերազմին մէջ կողմ բռնեն։ Տես թէ ինչպէ՛ս կարգ մը կղերականներ պատերազմին մէջ որոշ կողմ մը կը բռնեն, իսկ ուրիշ կղերականներ՝ միւս կողմը.
«Մեծապէս կը պատուենք եւ խոր երախտագիտութիւն կը յայտնենք մեր բոլոր զինուորներուն, որոնք Ուքրանիան կը պաշտպանեն թշնամիէն... Մեր սիրտը, անկեղծ աղօթքները եւ աջակցութիւնը միշտ ձեր հետն են» (Քիեւի մետրոպոլիտ Եպիֆանիոս Ա., The Jerusalem Post, 16 մարտ 2022)։
«Ռուս ուղղափառ եկեղեցիին գլուխը կիրակի օրը յատուկ կրօնական յայտագիր մը կազմակերպեց ռուս զինուորներուն համար, եւ յայտագրին ընթացքին զանոնք քաջալերեց, որ իրենց երկիրը պաշտպանեն՝ ‘քանի որ միայն ռուսերը կրնան ատիկա ընել’, մինչ Մոսկուան կը շարունակէ իր զինուորական յարձակումը Ուքրանիայի վրայ» (Reuters, 3 ապրիլ 2022)։
Քրիստոնեաները պէ՞տք է պատերազմներու մասնակցին։ Աստուածաշունչը ի՞նչ կ’ըսէ։
Աստուածաշունչը ճիշդ ի՞նչ կ’ըսէ
Աստուածաշունչը ցոյց կու տայ, թէ Յիսուսին իսկական հետեւորդները պատերազմներու չեն մասնակցիր։
«Սուրդ տե՛ղը դարձուր, վասն զի բոլոր սուր առնողները՝ սուրով պիտի կորսուին» (Մատթէոս 26։52)։
Արդեօք այն անձը, որ համաձայն է որ պատերազմներ ըլլան կամ կը մասնակցի պատերազմներու, Յիսուսին այս խօսքին հնազանդած կ’ըլլա՞յ։
«‘Նոր պատուիրան մը կու տամ ձեզի, որ մէկզմէկ սիրէք, ինչպէս ես ձեզ սիրեցի, որ դուք ալ մէկզմէկ սիրէք’։ Ասով ամէնքը պիտի գիտնան թէ իմ աշակերտներս էք, եթէ իրարու վրայ սէր ունենաք» (Յովհաննէս 13։34, 35)։
Արդեօք պատերազմներու ժամանակ կողմ բռնող անձը ցոյց տուած կ’ըլլա՞յ այնպիսի սէր, որուն մասին Յիսուս ըսաւ որ իր աշակերտները կամ հետեւորդները պիտի ունենայի՞ն։
Աւելի տեղեկութիւններ առնելու համար, կարդա՛ «Քրիստոնեաները պէ՞տք է մասնակցին պատերազմներուն» յօդուածը (արաբ.)։
Քրիստոնեաները եւ պատերազմները՝ այսօր
Տրամաբանակա՞ն է ակնկալել, որ այս օրերուն քրիստոնեաները պատերազմներու չմասնակցին։ Այո՛։ Աստուածաշունչը մարգարէացաւ որ մեր օրերուն,– այսինքն՝ այն ժամանակաշրջանին, որ կը կոչուի «վերջին օրեր»,– բոլոր ազգերէն պիտի ըլլային մարդիկ, որոնք ‘ա՛լ պատերազմ պիտի չսորվէին’, ինչ որ Յիսուսին սորվեցուցածներուն համաձայն է (Եսայի 2։2, 4)։
Աւելի տեղեկութիւններ առնելու համար, կարդա՛ «Աստուած ինչպէ՞ս կը դիտէ պատերազմները» յօդուածաշարքը Դիտարան–ին մէջ։
Մօտ օրէն, Եհովան a, «խաղաղութեան Աստուածը», իր երկնային կառավարութեան միջոցաւ մարդիկը պիտի ազատէ «հարստահարութենէ ու բռնութենէ» (Փիլիպպեցիս 4։9. Սաղմոս 72։14)։
Տեսնելու համար թէ Եհովա Աստուած ատիկա ինչպէ՛ս պիտի ընէ, դիտէ՛ Ի՞նչ է Աստուծոյ Թագաւորութիւնը վիտէոն։
a Աստուծոյ անձնական անունը Եհովա է (Սաղմոս 83։18)։